Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ10 2/1 էջ 3
  • «Բաժակ մը եւս»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Բաժակ մը եւս»
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ինչպէ՛ս ալքոլը իր տեղը պահել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • Քրիստոնեաները ինչպէ՞ս պէտք է նկատեն խմիչքը
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Ալքոլի գործածութեան հանդէպ հաւասարակշռուած տեսակէտ պահպանէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2004
  • Ձգենք որ Աստուծոյ մտածելակերպը մեզ ուղղէ խմելու նկատմամբ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
դ10 2/1 էջ 3

«Բաժակ մը եւս»

ԱԼԷՆ սկսաւ ալքոլը չափազանց գործածելու, երբ 11 տարեկան էր։a Ան եւ իր բարեկամները անտառին մէջ կը խաղային, ֆիլմերու մէջ իրենց տեսած դերասանները ընդօրինակելով։ Ալէնի եւ իր բարեկամներուն ընդօրինակած դերակատարները երեւակայական էին, բայց անոնց խմած խմիչքը իրական էր։

Թոնին 40 տարեկան էր, երբ աստիճանաբար սկսաւ աւելի խմելու,– ամէն իրիկուն մէկ կամ երկու բաժակէ մինչեւ հինգ կամ վեց բաժակ։ Ի վերջոյ, ան այլեւս չէր կրնար համրել օրուան ընթացքին իր խմած բաժակները։

Ալէն իր ալքոլամոլութեան համար օգնութիւն խնդրեց։ Իսկ Թոնին մերժեց հոգածու ընտանիքին ու բարեկամներուն առաջարկած օժանդակութիւնը։ Այժմ Ալէն ողջ ըլլալով՝ կը պատմէ իր պատմութիւնը, բայց Թոնին քանի մը տարի առաջ մահացաւ ինքնաշարժի արկածով, մինչ չափազանց խմած էր։

Նոյնիսկ երբ անհատ մը առանձին չափազանց խմէ, հետեւանքները անխուսափելիօրէն կը պարփակեն ուրիշները, յաճախ ողբերգական կերպով։ Ալքոլի սխալ գործածութիւնը յաճախ ազդակ մըն է՝ հայհոյելու եւ ֆիզիքապէս վնասելու մէջ, յարձակումներու եւ ոճիրի մէջ, ինքնաշարժի եւ գործի արկածներու մէջ, եւ բազմաթիւ առողջապահական խնդիրներու մէջ։ Խմիչքի չափազանց գործածութեան պատճառաւ, ամէն տարի ընկերութիւնը միլիառաւոր տոլարներ կը վնասէ, բացի անհատներու, ընտանիքներու եւ երեխաներու կրած անձնական ու զգացական վնասներէն։

Այսուհանդերձ, ՄՆ առողջապահական ազգային ինստիտուտը կը նշէ. «Ան որ կանոնաւորաբար խմիչք կը խմէ, պայման չէ որ ալքոլամոլ է, իսկ ալքոլի վերաբերեալ խնդիր ունեցող բոլոր անհատները ամէն օր չեն խմեր»։ Ալքոլամոլ չեղողներէն շատեր չափազանց խմելու սովորութիւնը զարգացուցած են՝ առանց անդրադառնալու։ Ուրիշներ մերթ ընդ մերթ ոգելից ըմպելի կը գործածեն, բայց իւրաքանչիւր անգամ կը խմեն աւելի քան հինգ բաժակ։

Եթէ խմիչք պիտի խմես, ո՞րքանը չափազանց կը սեպես։ Ինչպէ՞ս կրնաս գիտնալ, թէ ե՛րբ պէտք չէ «բաժակ մը եւս» խմես (Առակաց 23։29, 30, Contemporary English Version)։ Յաջորդ յօդուածները այս նիւթին շուրջ օգտալից տեղեկութիւններ նկատի պիտի առնեն։

[Ստորանիշ]

a Կարգ մը անուններ փոխուած են։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել