Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ13 4/1 էջ 16
  • Աստուածաշունչին պատասխանները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչին պատասխանները
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ինչպէ՞ս Աստուծոյ մտիկ կ’ընենք
    Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս
  • Պարզապէս պզտիկ սխալ հասկացողութի՞ւն մըն է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
  • Ինչո՞ւ Աստուծմէ սորվիլ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Աստուածաշունչը կարելի՞ է հասկնալ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
դ13 4/1 էջ 16

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ

Կարելի՞ է Աստուածաշունչը հասկնալ։

[Նկար՝ էջ 16]

Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքն է։ Անիկա սիրառատ հօր մը կողմէ ուղարկուած նամակի մը նման է (Բ. Տիմոթէոս 3։16)։ Աստուածաշունչին մէջ, Աստուած կը բացատրէ թէ ինչպէ՛ս կրնանք զինք հաճեցնել, ինչո՛ւ չարիքը կը թոյլատրէ եւ ապագային մարդկութեան համար ի՛նչ պիտի ընէ։ Բայց կրօնի ուսուցիչները Աստուածաշունչի ուսուցումները աղաւաղած են. անոր համար, շատեր կը խորհին թէ բնա՛ւ պիտի չկարենան զայն հասկնալ (Գործք 20։29, 30)։

Եհովա Աստուած կ’ուզէ որ իր մասին ճշմարտութիւնը գիտնանք։ Անոր համար, հասկնալի գիրք մը տուած է մեզի (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4)։

Ինչպէ՞ս կրնաս հասկնալ Աստուածաշունչը։

Մեզի Աստուածաշունչը տալէն զատ, Եհովան նաեւ օգնութիւն կը հայթայթէ որ զայն հասկնանք։ Ան Յիսուսը ղրկեց որ ատոր մասին ուսուցանէ (Ղուկաս 4։16-21)։ Յիսուս օգնեց իր ունկնդիրներուն, որ Սուրբ Գրութիւնները ըմբռնեն, համարներուն ակնարկութիւն ընելով (կարդա՛ Ղուկաս 24։27, 32, 45)։

Յիսուս քրիստոնէական ժողովքը հաստատեց, որպէսզի շարունակուի այն աշխատանքը՝ որուն ինք սկիզբ տուաւ (Մատթէոս 28։19, 20)։ Ներկայիս, Յիսուսի հարազատ հետեւորդները մարդոց կ’օգնեն հասկնալու, թէ Աստուածաշունչը Աստուծոյ մասին ի՛նչ կը սորվեցնէ։ Եթէ կը փափաքիս Աստուածաշունչը հասկնալ, Եհովայի վկաները քեզի օգնելու ուրախ պիտի ըլլան (կարդա՛ Գործք 8։30, 31)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել