Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ13 4/15 էջ 32
  • Գիտէի՞ր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Գիտէի՞ր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Իրարու հետ ժողվուիլը մի՛ թողուք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2002
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
դ13 4/15 էջ 32

ԳԻՏԷԻ՞Ր

Ք.Ե. 70–էն ետք, Երուսաղէմի տաճարը երբեք վերաշինուեցա՞ւ։

ՅԻՍՈՒՍ կանխագուշակեց թէ Եհովայի տաճարը ամբողջովին պիտի կործանուէր։ Այս մարգարէութիւնը կատարուեցաւ Ք.Ե. 70–ին, երբ Տիտոսի առաջնորդութեամբ հռոմէական բանակը Երուսաղէմը կործանեց (Մատ. 24։2)։ Յետագային Յուլիանոս կայսրը ծրագրեց տաճարը վերաշինել։

Յուլիանոս կոչուած է՝ Հռոմի վերջին հեթանոս կայսրը։ Ան Մեծն Կոստանդինին եղբօրորդին էր եւ այդպէս–կոչուած քրիստոնէական կրթութիւն ստացաւ։ Բայց Ք.Ե. 361–ին կայսր հռչակուելէ ետք, ան բացէ ի բաց մերժեց այն ինչ որ սորված էր եւ նախընտրեց հեթանոսութիւնը։ Անոր համար, պատմական գրքերը իրեն կ’ակնարկեն որպէս՝ «Ուրացողը»։

Յուլիանոս ատեց քրիստոնէութիւնը։ Կրնայ ըլլալ որ պատճառներէն մէկը այն էր, թէ երբ 6 տարեկան էր, քրիստոնեայ դաւանողները սպաննեցին իր հայրը եւ ա՛յլ ազգականներ։ Եկեղեցական պատմաբաններ կ’ըսեն, թէ Յուլիանոս քաջալերեց հրեաները որ իրենց տաճարը վերաշինեն, խորհելով որ ասիկա պիտի փաստէր թէ Յիսուս սուտ մարգարէ մըն էրa։

Անկասկած Յուլիանոս ծրագրեց տաճարը վերաշինել։ Պատմաբաններ սակայն վստահ չեն թէ արդեօք վերաշինութեան աշխատանքը սկսա՛ւ, իսկ եթէ սկսաւ, ի՛նչ բան պատճառ դարձաւ որ այդ վերաշինութիւնը դադարի։ Բայց մէկ բան ստոյգ է. կայսր ըլլալուն երկու տարի չանցած՝ Յուլիանոս սպաննուեցաւ եւ իր ծրագիրը իրեն հետ վերջ գտաւ։

[Նկար՝ էջ 32]

Տաճարին վայրը, նկարագրելով տաճարին հաւանական երեւոյթը Յիսուսի օրերուն

a Յիսուս չըսաւ որ տաճարը բնաւ պիտի չվերաշինուէր, հապա՝ թէ ատիկա պիտի կործանուէր. ինչ որ Ք.Ե. 70–ին տեղի ունեցաւ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել