Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ14 5/1 էջ 11
  • Գիտէի՞ր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Գիտէի՞ր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հարցումներ ընթերցողներէն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • «Պատերազմը Տէրոջն է»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2016
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
դ14 5/1 էջ 11

ԳԻՏԷԻ՞Ր

Ոճրագործներու մահապատիժը ինչո՞ւ կը պարփակէր անոնց սրունքները կոտրել։

Տանջանքի ցիցերու վրայ՝ Յիսուսի եւ երկու ոճրագործներուն մահապատիժին առնչութեամբ, Աւետարանը կ’ըսէ. «Հրեաները. . . Պիղատոսին աղաչեցին, որ անոնց սրունքները կոտրտեն ու վերցուին» (Յովհաննէս 19։31)։

Յիսուս՝ ցիցէն կախուած իր մահուան ժամանակ

Հրէական օրէնքը նշեց, թէ ծառէ մը կախուած ոճրագործին մարմինը մահապատիժէն ետք «գիշերը պէտք չէ մնայ» (Բ. Օրինաց 21։22, 23)։ Այնպէս կը թուի, թէ հրեաները նոյն օրէնքը կիրարկեցին անոնց վրայ՝ որոնք հռոմայեցիներուն կողմէ ցիցերու վրայ մահուան դատապարտուեցան։ Գալով Յիսուսին եւ երկու ոճրագործներուն, անոնց սրունքները կոտրելը անոնց մահը պիտի արագացնէր, եւ թոյլ պիտի տար որ թաղուէին արեւամուտին՝ Շաբաթը սկսելէն առաջ։

Այսպիսի շատ մը մահապատիժներու ընթացքին, դատապարտեալը իր ձեռքերէն ու ոտքերէն ցիցի մը վրայ կը գամուէր։ Երբ ցիցը բարձրացուէր, ան կախուած կը մնար անտանելի ցաւեր քաշելով, քանի որ իր ամբողջ ծանրութիւնը այդ գամերուն վրայ կ’ըլլար։ Շունչ առնելու համար, անհատը պէտք էր իր գամուած ոտքերուն ոյժ տար։ Բայց եթէ իր սրունքները կոտրուէին, ասիկա ընելը անկարելի պիտի ըլլար։ Այսպէս, շունչը կտրուելով ան շուտով պիտի մեռնէր. եթէ ցնցումի հետեւանքով՝ արդէն մեռած չըլլար։

Անցեալի պատերազմներուն մէջ, պարսատիկը ինչպէ՞ս կը գործածուէր։

Պարսատիկը քար արձակելու այն զէնքն էր, որ Դաւիթ գործածեց հսկայ Գողիաթը սպաննելու։ Այնպէս կը թուի, թէ Դաւիթ սորվեցաւ այս գործիքը գործածել, երբ պատանի հովիւ էր (Ա. Թագաւորաց 17։40-50)։

Ասորեստանցի պարսաձիգներու ցայտաքանդակ

Ցայտաքանդակ. ասորեստանցի պարսաձիգներ հրէական պարսպապատ քաղաքի մը վրայ կը յարձակին

Պարսատիկը նկարագրուած է վաղեմի եգիպտական ե՛ւ ասուրական ձեռարուեստին մէջ։ Գործիքը կտոր մը կաշի էր, որուն միացած էին երկու երկար կապեր կամ չուաններ։ Պարսաձիգը այս կտորին մէջ կը դնէր ողորկ եւ կլոր քար մը, որուն տրամագիծը 5–էն 7.5 սմ. էր, իսկ կշիռքը՝ մօտ 250 կ.։ Ապա, ան պարսատիկը քանի մը անգամ օդին մէջ կը դարձնէր եւ կապերէն մէկը կ’արձակէր, թոյլ տալով որ քարը ուժգնութեամբ նշանակէտը հարուածէր։

Միջին Արեւելքի մէջ պեղումները երեւան հանած են բազմաթիւ պարսաքարեր, որոնք անցեալի պատերազմներէն մնացած են։ Հմուտ ռազմիկներ թերեւս 160-240 քմ/ժամ արագութեամբ պարսաքարեր կ’արձակէին։ Ուսումնականներ համակարծիք չեն, թէ պարսաքարը նետի մը պէս հեռու կ’արձակուէր կամ ոչ. բայց ատիկա կրնար նոյնքան մահացու ըլլալ (Դատաւորաց 20։16)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել