Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ14 7/1 էջ 16
  • Աստուածաշունչին պատասխանները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչին պատասխանները
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աղօթքով Աստուծոյ մօտենալ
    Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ
  • Աստուծոյ ինչպէ՞ս պէտք է աղօթենք
    Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
  • Աղօթքը Աստուծոյ հետ բարեկամութիւնդ կը զօրացնէ
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Աղօթքով՝ Աստուծոյ մօտեցիր
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
դ14 7/1 էջ 16
Տարեց մարդ մը կ’աղօթէ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ

Ինչո՞ւ պէտք է աղօթենք։

Աստուած կ’ուզէ որ ազատ զգանք իրեն հետ միշտ խօսելու մեր մտահոգութիւններուն մասին (Ղուկաս 18։1-7)։ Ան մտիկ կ’ընէ, քանի որ մեզմով հետաքրքրուած է։ Ինչո՞ւ չաղօթենք եթէ մեր երկնաւոր Հայրը ինք ազնուօրէն մեզ կը քաջալերէ որ աղօթենք (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 4։6)։

Աղօթքը պարզապէս օգնութիւն խնդրելու կերպ մը չէ։ Փոխարէն, անիկա մեզի կ’օգնէ Աստուծոյ մօտենալու (Սաղմոս 8։3, 4)։ Երբ կանոնաւորաբար մեր զգացումները Աստուծոյ յայտնենք, իրեն հետ սերտ բարեկամութիւն կը հաստատենք (կարդա՛ Յակոբոս 4։8)։

Ինչպէ՞ս պէտք է աղօթենք։

Երբ աղօթենք, Աստուած չ’ուզեր որ պերճաբան խօսքեր ըսենք կամ գոց սորված աղօթքներ արտասանենք։ Ոչ ալ մեզմէ պահանջուած է մարմնի որոշ կեցուածք մը ունենալ։ Աստուած մեզմէ կը խնդրէ որ սրտանց աղօթենք (Մատթէոս 6։7)։ Օրինակ՝ վաղեմի Իսրայէլի մէջ, Աննան ընտանեկան նեղացուցիչ խնդիրի մը մասին աղօթեց։ Ապա, երբ իր տխրութիւնը ուրախութեան վերածուեցաւ, ան սրտանց աղօթելով՝ Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնեց (կարդա՛ Ա. Թագաւորաց 1։10, 12, 13, 26, 27. 2։1)։

Մենք որքա՜ն հոյակապ առանձնաշնորհում ունինք։ Կրնանք մեր մտահոգութիւնները Ստեղծիչին յայտնել։ Կրնանք նաեւ զինք փառաբանել եւ իրեն շնորհակալութիւն յայտնել իր ըրած բաներուն համար։ Վստահաբար պէտք չէ այսպիսի թանկագին առանձնաշնորհում անտեսենք (կարդա՛ Սաղմոս 145։14-16)։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 17–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ

Մատչելի է մեր կայքին մէջ՝ www.jw.org

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել