Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ15 5/15 էջ 29-էջ 30 պարբ. 5
  • Հարցումներ՝ ընթերցողներէն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումներ՝ ընթերցողներէն
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Մագոգի Գոգը մօտ ատենէն պիտի կործանուի
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2017)
  • Կեցէ՛ք ու տեսէք Եհովայի փրկութիւնը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2003
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
դ15 5/15 էջ 29-էջ 30 պարբ. 5

ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ՝ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐԷՆ

Եզեկիէլի գրքին մէջ նշուած Մագոգի Գոգը ո՞վ է։

Տարիներ շարունակ, մեր հրատարակութիւնները բացատրած են թէ Մագոգի Գոգը այն անունն է, որ Բանսարկու Սատանան ստացաւ երկինքէն վռնտուելէն ետք։ Այս բացատրութիւնը հիմնուած էր այն իրողութեան վրայ, որ Յայտնութիւն գիրքը կ’ըսէ թէ Բանսարկու Սատանան է որ Աստուծոյ ժողովուրդի վրայ եղած երկրապարփակ յարձակումը կ’առաջնորդէ (Յայտ. 12։1-17)։ Ուստի կը կարծուէր որ Գոգը Սատանայի մարգարէական մէկ անունն էր։

Այդ բացատրութիւնը սակայն, կարգ մը կարեւոր հարցեր յարուցանեց։ Ինչո՞ւ։ Հետեւեալը նկատի առ։ Գոգի պարտութեան ժամանակին ակնարկելով, Եհովան անոր կ’ըսէ. «Քեզ ամէն տեսակ թեւ ունեցող գիշատիչ թռչունի ու դաշտի գազաններու կերակուր պիտի տամ» (Եզեկ. 39։4)։ Ետքը, Եհովան կ’աւելցնէ. «Այն օրը Իսրայէլի մէջ Գոգին գերեզմանի տեղ պիտի տամ. . . ու հոն Գոգը ու անոր բոլոր բազմութիւնը պիտի թաղեն» (Եզեկ. 39։11)։ Բայց հոգեղէն էակ մը ինչպէ՞ս կրնայ «գիշատիչ թռչունի ու դաշտի գազաններու կերակուր» ըլլալ։ Սատանան ինչպէ՞ս կրնայ «գերեզմանի տեղ» ունենալ երկրի վրայ։ Աստուածաշունչը յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ Սատանան 1000 տարի անդունդը պիտի ձգուի, եւ ոչ թէ կերակուր դառնայ կամ թաղուի (Յայտ. 20։1, 2)։

Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ 1000 տարուան աւարտին, Սատանան անդունդէն ազատ պիտի արձակուի եւ «պիտի ելլէ ու մոլորեցնէ երկրին չորս անկիւնները եղող ազգերը՝ Գոգն ու Մագոգը՝ որպէս զի զանոնք պատերազմի հաւաքէ» (Յայտ. 20։7)։ Բայց Սատանան ինչպէ՞ս կրնայ Գոգը մոլորեցնել եթէ ինքն է Գոգը։ Հետեւաբար, թէ՛ Եզեկիէլի մարգարէութեան մէջ եւ թէ Յայտնութիւն գրքին մէջ, «Գոգ»ը Սատանային չ’ակնարկեր։

Ուստի ո՞վ է Մագոգի Գոգը։ Պատասխանը գտնելու համար, պէտք է Աստուածաշունչին մէջ պրպտենք թէ ո՛վ Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ կը յարձակի։ Աստուածաշունչը ‘Մագոգի Գոգին’ յարձակումը նշելէն զատ, նաեւ կը խօսի «հիւսիսի թագաւոր»ին յարձակման եւ «երկրի թագաւորներ»ուն յարձակման մասին (Եզեկ. 38։2, 10-13. Դան. 11։40, 44, 45. Յայտ. 17։14. 19։19)։ Արդեօք ասոնք անջա՞տ յարձակումներ են։ Հաւանական չէ։ Աստուածաշունչը անկասկած միեւնոյն յարձակումին կ’ակնարկէ տարբեր անուններով։ Ինչո՞ւ կրնանք այսպէս եզրակացնել։ Որովհետեւ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ, թէ աշխարհի բոլոր ազգերը բաժին պիտի բերեն այս վերջին յարձակումին մէջ, որ կայծ պիտի տայ Արմագեդոնի պատերազմին (Յայտ. 16։14, 16)։

Մագոգի Գոգին յարձակման ժամանակագրական ցուցակ, սկսելով մեծ նեղութեան սկիզբէն

Երբ Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ գալիք վերջին յարձակումին ակնարկող բոլոր համարները իրարու հետ կը համեմատենք, յայտնի կը դառնայ որ Մագոգի Գոգ անունը Սատանային չ’ակնարկեր, հապա՝ ազգերու միասնութեան մը։ Արդեօք այս ազգերուն առաջնորդը ‘հիւսիսի թագաւո՞րը’ պիտի ըլլայ։ Ստոյգ չենք կրնար ըսել։ Բայց այս գաղափարը ներդաշնակ կը թուի այն խօսքերուն հետ, որ Եհովան կ’ըսէ Գոգին առնչութեամբ. «Քու տեղէդ՝ հիւսիսի ծայրերէն՝ պիտի գաս, դուն ու քեզի հետ շատ ժողովուրդներ՝ ամէնքը ձիեր հեծած, մեծ բազմութեամբ ու շատ զօրքով» (Եզեկ. 38։6, 15)։

Եզեկիէլի ժամանակակից Դանիէլ մարգարէն նո՛յնպէս հիւսիսի թագաւորին առնչութեամբ կ’ըսէ. «Արեւելքէն ու հիւսիսէն լուրեր պիտի գան, որոնք զինք պիտի խռովեցնեն, ուստի մեծ բարկութեամբ պիտի ելլէ, որպէս զի շատերը կորսնցնէ ու բնաջինջ ընէ։ Պալատներու պէս վրանները ծովուն մէջտեղ փառաւոր ու սուրբ լերան վրայ պիտի կանգնեցնէ. բայց անիկա իր վախճանին պիտի հասնի ու անոր օգնութիւն ընող պիտի չըլլայ» (Դան. 11։44, 45)։ Ասիկա նման է Եզեկիէլի գրքին այն համարներուն, որոնք կը նշեն թէ Գոգ ի՛նչ պիտի ընէ (Եզեկ. 38։8-12, 16)։

Այս վերջին յարձակումին ի՞նչ պիտի յաջորդէ։ Դանիէլ կը պատասխանէ. «Այն ժամանակ Միքայէլ մեծ իշխանը [Յիսուս Քրիստոս] պիտի ելլէ [Արմագեդոնին], որ քու ժողովուրդիդ որդիներուն վրայ կը կենայ [1914–էն ի վեր] ու այնպիսի նեղութեան ժամանակ [մեծ նեղութիւնը] պիտի ըլլայ, որուն նմանը ազգ ըլլալէն մինչեւ այդ ատեն եղած չէ եւ այն ժամանակ քու ժողովուրդդ պիտի ազատի, այսինքն ով որ գրքին մէջ գրուած գտնուի» (Դան. 12։1)։ Աստուծոյ ներկայացուցիչին՝ Յիսուսին այս արարքը նաեւ նկարագրուած է Յայտնութիւն 19։11-21–ի մէջ։

Իսկ Յայտնութիւն 20։7–ի մէջ նշուած «Գոգն ու Մագոգը» ո՞վ է։ 1000 տարուան աւարտին տեղի ունենալիք վերջնական փորձի ընթացքին, Եհովայի դէմ ըմբոստացողները նոյն վայրագ կեցուածքը պիտի ունենան, ինչ որ կը ցուցաբերէ ‘Մագոգի Գոգը’ կամ այն ազգերը, որոնք Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ կը յարձակին մեծ նեղութեան վերջաւորութեան։ Եւ երկու խումբերն ալ միեւնոյն հետեւանքը պիտի կրեն,– յաւիտենական մա՛հ (Յայտ. 19։20, 21. 20։8, 9ա)։ Ուստի տեղին է որ 1000 տարուան աւարտին ըմբոստացող բոլոր անհատները կոչուին «Գոգն ու Մագոգը»։

Գոգն ու Մագոգի յարձակման ժամանակագրական ցուցակ, 1000 տարուան աւարտին

Աստուծոյ Խօսքին ժրաջան աշակերտները ըլլալով, շատ կը փափաքինք գիտնալ, թէ մօտ ապագային ո՛վ պիտի ստանձնէ «հիւսիսի թագաւոր»ին դերը։ Բայց ո՛վ որ ալ ըլլայ յարձակող ազգերուն առաջնորդը, մենք երկու բանէ վստահ ենք. ա) Մագոգի Գոգն ու անոր զօրքերը պիտի պարտուին ու ոչնչացուին. եւ բ) մեր Թագաւորը՝ Յիսուս Քրիստոս, Աստուծոյ ժողովուրդը պիտի փրկէ ու մտցնէ նոր աշխարհ մը, ուր իսկական խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն պիտի տիրէ (Յայտ. 7։14-17)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել