ՄԵՐ ԱՐԽԻՒԷՆ
«Եհովան ձեզ Ֆրանսա բերաւ, որպէսզի ճշմարտութիւնը սորվիք»
ԵՐԲ պատանի էր, Անթուան Սքալեքիի միշտ կ’ընկերակցէր բռչոյ մը կամ ձի մը։ 500 մեթր գետնին տակը գտնուող հանքի մը մէջ, անոնք միասնաբար ածուխ կը փոխադրէին՝ գրեթէ մութ փապուղիներէ անցնելով։ Անթուանին հայրը հանքի արկածի մը պատճառով վիրաւորուած էր, եւ ընտանիքը ստիպուած եղած էր զինք ղրկել, որպէսզի օրական ինը ժամ հանքերու մէջ աշխատէր։ Առիթով մը, Անթուան քիչ մնաց որ իր կեանքը կորսնցնէր, ածխահանքի փլուզումի մը պատճառաւ։
Լեհացի հանքագործներուն գործածած բաները, եւ Սէն–լը–Նոպլի մօտ գտնուող Տեչի գաւառակին հանքը, ուր Անթուան Սքալեքի աշխատեցաւ
Անթուան այն զաւակներէն էր, որոնք լեհացի ծնողներու կողմէ 1920–ական եւ 1930–ական թուականներուն Ֆրանսայի մէջ ծնան։ Լեհացի գաղթականներ ինչո՞ւ Ֆրանսա կու գային։ Երբ Ա. Աշխարհամարտէն ետք Լեհաստան անկախութիւն առաւ, չափէ դուրս բնակիչ ունենալը լուրջ խնդիր մը եղաւ։ Անդին, Ֆրանսան պատերազմին ընթացքին աւելի քան մէկ միլիոն տղամարդ կորսնցուցած էր եւ հանքագործներու շատ պէտք ունէր։ Ուստի, սեպտեմբեր 1919–ին Ֆրանսայի եւ Լեհաստանի կառավարութիւնները ստորագրեցին գաղթի համաձայնութիւն մը։ 1931–ին, արդէն իսկ Ֆրանսայի մէջ լեհերուն թիւը հասած էր 507,800–ի, եւ անոնցմէ շատեր հաստատուած էին հիւսիսի հանքային շրջաններուն մէջ։
Աշխատասէր լեհացի գաղթականները իրենց հետ բերին իրենց յատուկ մշակոյթը, մէջը ըլլալով կրօնասիրութիւնը։ Այժմ 90–ամեայ Անթուան կը պատմէ. «Մեծ հայրս՝ Ժոզեֆ յարգանքով կը խօսէր Աստուածաշունչին մասին։ Իր հայրը իր մէջ ցանած էր այս յարգանքը»։ Կիրակի օրերը, հանքի մէջ աշխատող լեհացի ընտանիքները իրենց լաւագոյն հագուստները կը հագուէին եւ եկեղեցի կ’երթային, ճիշդ ինչպէս որ իրենց հայրենիքը կ’ընէին։ Ասիկա կը նեղացնէր աշխարհիկ մտայնութիւն ունեցող տեղացիները։
Նոր–Փա–տը–Գալէյի մէջ էր որ շատ մը լեհեր առաջին անգամ ըլլալով Աստուածաշունչի Աշակերտներուն հանդիպեցան, որոնք շրջանին մէջ նախանձախնդրութեամբ կը քարոզէին 1904–էն ի վեր։ 1915–ին Դիտարան–ը սկսաւ ամէն ամիս լեհերէնով տպուիլ, իսկ Ոսկեդար–ը (այժմ Զարդի՛ր) 1925–ին մատչելի դարձաւ։ Բազմաթիւ ընտանիքներ այս պարբերաթերթերուն աստուածաշնչական նիւթերուն կ’ընդառաջէին, ինչպէս նաեւ՝ լեհերէն լեզուով Աստուծոյ քնարը գիրքին։
Անթուանին ընտանիքը Աստուածաշունչի Աշակերտներուն մասին լսեցին իր քեռիէն, որ առաջին անգամ 1924–ին ժողովի գնաց։ Նոյն տարին, Պրէյ–էն–Արթուայի մէջ Աստուածաշունչի Աշակերտները առաջին անգամ ըլլալով իրենց համաժողովը լեհերէնով ունեցան։ Մէկ ամիս չանցած, գլխաւոր կեդրոնատեղիին մէկ ներկայացուցիչը՝ Ժոզեֆ Ֆ. Ռատըրֆորտ հանրային ժողով մը գումարեց նոյն գաւառակին մէջ, ուր 2000 հոգի հաւաքուեցան։ Ան ազդուեցաւ տեսնելով մեծ թիւով ներկաները, որոնք մեծաւ մասամբ լեհեր էին։ Անոնց ըսաւ. «Եհովան ձեզ Ֆրանսա բերաւ, որպէսզի ճշմարտութիւնը սորվիք։ Հիմա դուք եւ ձեր զաւակները պէտք է ֆրանսացիներուն օգնէք։ Տակաւին պէտք է որ հսկայ քարոզչական արշաւ մը ըլլայ, եւ Եհովան այդ գործին համար հրատարակիչներ պիտի հանէ»։
Եւ Եհովան այդպէս ալ ըրաւ։ Այս լեհացի քրիստոնեաները սրտա՛նց կը քարոզէին, ինչպէս որ ժրաջանօրէն կ’աշխատէին հանքերուն մէջ։ Անոնցմէ ոմանք Լեհաստան վերադարձան, որպէսզի իրենց սորված արժէքաւոր ճշմարտութիւնները ծանուցանեն։ Թիոֆիլ Փայէսքոուսքին, Շդեփան Քոսիէքը եւ Եան Զապուտան անոնցմէ էին, որոնք Ֆրանսան ձգեցին, որպէսզի բարի լուրը տարածեն Լեհաստանի շատ մը շրջաններուն մէջ։
Սակայն բազմաթիւ լեհախօս աւետարանիչներ Ֆրանսա մնացին եւ շարունակեցին նախանձախնդրօրէն քարոզել իրենց ֆրանսացի եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ։ 1926–ին Սէն–լը–Նոպլի մէջ կայացուած ընդհանուր համաժողովին, լեհերէն նիստին 1000 հոգի ներկայ գտնուեցան, իսկ ֆրանսերէն նիստին՝ 300 հոգի։ 1929–ի Տարեգիրք–ը նշեց. «Տարուան ընթացքին, 332 լեհացի եղբայրներ իրենց նուիրումը մկրտութեամբ խորհրդանշած են»։ Նախքան որ Բ. Աշխարհամարտը սկսի, Ֆրանսայի 84 ժողովքներէն 32–ը լեհախօս էին։
Ֆրանսայի մէջ լեհացի եղբայրներ եւ քոյրեր համաժողովի կ’երթան։ Գրութիւնը կ’ըսէ՝ «Եհովայի վկաներ»”
1947–ին, բազմաթիւ Եհովայի վկաներ Լեհաստանի կառավարութեան հրաւէրը ընդունեցին, որ Լեհաստան վերադառնան։ Նոյնիսկ իրենց երթալէն ետք, իրենց եւ ֆրանսացի հաւատակիցներուն թափած ջանքը արդիւնք տուաւ. նոյն տարին, Թագաւորութեան հրատարակիչներուն թիւը 10 առ հարիւր բարձրացաւ, իսկ 1948–ին, 1949–ին եւ 1950–ին՝ 20, 23 եւ 40 առ հարիւր։ Այս նոր հրատարակիչները մարզելու համար, 1948–ին Ֆրանսայի մասնաճիւղը առաջին հինգ շրջանային տեսուչները նշանակեց։ Անոնցմէ չորսը լեհացի էին, եւ Անթուան Սքալեքին անոնցմէ մէկն էր։
Ֆրանսայի Եհովայի վկաներէն շատեր տակաւին կը կրեն իրենց նախահայրերուն լեհական մականունը, որոնք ծանր աշխատեցան թէ՛ հանքերուն մէջ եւ թէ դաշտի ծառայութեան մէջ։ Այսօր ալ, մեծ թիւով գաղթականներ Ֆրանսայի մէջ ճշմարտութիւնը կը սորվին։ Օտար երկրէ եղող աւետարանիչներէն ոմանք իրենց հայրենիքը կը վերադառնան, իսկ ուրիշներ՝ ոչ։ Սակայն ամէն պարագայի, անոնք նախանձախնդրօրէն կը հետեւին՝ Ֆրանսայի մէջ առաջին լեհացի քարոզիչներուն օրինակին (Ֆրանսայի մեր արխիւէն)։