Բովանդակութիւն
3 Կենսագրութիւն. Իմաստուններուն հետ քալելով օգտուած եմ
2017–Ի ՄԱՅԻՍ 1-7
8 Ով որ պէտք է պատուես՝ պատուէ՛
Քրիստոնեաները պէտք է հաւասարակշռուած կերպով յարգեն ու պատուեն ուրիշները։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք թէ ո՛վ պէտք է պատուենք եւ ինչո՛ւ։ Նաեւ պիտի տեսնենք թէ ուրիշները պատուելը ի՛նչ օգուտներ ունի։
2017–Ի ՄԱՅԻՍ 8-14
13 Հաւատքով իմաստուն որոշումներ առ
Ըստ Սուրբ Գիրքին, պէտք չէ որոշում առնելու նկատմամբ երկմիտ ըլլանք։ Բայց ինչո՞ւ պէտք է իմաստուն որոշումներ առնենք։ Ի՞նչը պիտի օգնէ մեզի ասոր մէջ։ Եւ կա՞ն պարագաներ ուր կրնանք մեր առած որոշումը փոխել։ Այս յօդուածին մէջ պիտի պատասխանուին այս հարցումները։
2017–Ի ՄԱՅԻՍ 15-21
18 Կատարեա՛լ սրտով Եհովային ծառայէ
2017–Ի ՄԱՅԻՍ 22-28
23 Գրուած բաներուն ականջ պիտի տա՞ս
Բոլորս սխալներ կ’ընենք, քանի որ անկատար ենք։ Բայց ասիկա կը նշանակէ՞ թէ չենք կրնար հաճեցնել Եհովան։ Այս երկու յօդուածներուն մէջ նկատի պիտի առնենք Յուդայի չորս թագաւորներ եւ անոնց ըրած սխալները, որոնցմէ ոմանք շատ լուրջ էին։ Հակառակ ասոր, Եհովային աչքին անոնք կատարեալ սրտով ծառայեցին իրեն։ Աստուած պիտի սեպէ՞ որ կատարեալ սիրտ ունինք, հակառակ որ սխալներ կը գործենք։