Բովանդակութիւն
2018–Ի ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 29–ՆՈՅԵՄԲԵՐ 4
3 «Երանելի էք եթէ ասոնք կատարէք»
Գիտութիւնը արժէք չ’ունենար, եթէ զայն չգործադրենք։ Բայց որպէսզի մեր սորվածը կիրարկենք, պէտք է խոնարհ ըլլանք։ Այս յօդուածը մեզի պիտի օգնէ որ խոնարհ մնանք, ցուցնելով որ ինչպէ՛ս կրնանք ընդօրինակել սուրբգրային անձնաւորութիւններ, որոնք քարոզեցին ամէն տեսակ մարդոց, ուրիշներուն համար աղօթեցին եւ համբերութեամբ Եհովային սպասեցին որ միջամտէ։
8 Ո՛վ տարիքոտ քրիստոնեաներ, Եհովան ձեր հաւատարմութիւնը կ’արժեւորէ
2018–Ի ՆՈՅԵՄԲԵՐ 5-11
12 Շարունակէ ցուցաբերել շինութիւն ընող սէրը
Այս դժուար օրերուն մէջ դիւրութեամբ կրնանք վհատիլ եւ յուսահատիլ։ Եհովան եւ Յիսուսը մեզի պիտի օգնեն որ տոկանք, բայց բոլորս պատասխանատուութիւն ունինք որ իրար մխիթարենք։ Այս յօդուածը կը սորվեցնէ թէ ինչպէ՛ս կրնանք սիրոյ միջոցաւ իրար զօրացնել։
2018–Ի ՆՈՅԵՄԲԵՐ 12-18
17 «Երանելի Աստուծոյ» ծառայողները երջանիկ են
Եհովան «երանելի Աստուած»ն է եւ կ’ուզէ որ իր ծառաները երջանիկ ըլլան։ Բայց ինչպէ՞ս կրնանք երջանիկ ըլլալ նոյնիսկ եթէ խնդիրներ եւ դժուարութիւններ ունինք Սատանայի աշխարհին մէջ։ Լերան քարոզին մէջ Յիսուս մեզի սորվեցուց, թէ ինչպէ՛ս կրնանք երջանիկ ըլլալ հի՛մա եւ յաւիտեան։
2018–Ի ՆՈՅԵՄԲԵՐ 19-25
2018–Ի ՆՈՅԵՄԲԵՐ 26–ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2
28 Եհովային պէս՝ նկատառու եւ ազնիւ եղիր
Ներկայիս, մարդիկ երթալէն աւելի անձնասէր կը դառնան։ Բայց ճշմարիտ քրիստոնեաները տարբեր են, քանի որ իրապէս կը սիրեն մարդիկը։ Օրինակ, անոնք իրենց սէրը կը փաստեն նկատառու ըլլալով ուրիշներու հանդէպ։ Այս երկու յօդուածներուն մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ Եհովան ինչպէ՛ս բոլորիս հանդէպ նկատառու է, եւ պիտի տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք զինք ընդօրինակել այս ուղղութեամբ։