ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Յունուարին եւ Փետրուարին՝ որեւէ 192 էջնոց գիրք որ հրատարակուած է 1983–ին կամ անկէ առաջ։ Եթէ ժողովքը այս գրքերէն քանակ մը չունի, Համաշխարհային Ապահովութիւնը՝ ‘‘Խաղաղութեան Իշխան’’ին Իշխանութեան Ներքեւ գիրքը պէտք է ներկայացնել։ Մարտին՝ Երիտասարդները կը Հարցնեն—Գործնական Պատասխաններ։ Ապրիլին եւ Մայիսին՝ Դիտարանի բաժանորդագրութիւններ։ Ներկայացնելը պէտք է ըլլայ վերայցելութիւններուն եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին։
◼ Փետրուար ամիսէն սկսեալ, եւ ոչ ուշ քան Մարտ 1–ը, շրջանային տեսուչներու նոր հանրային դասախօսութիւնը պիտի ըլլայ՝ «Յիսուս Քրիստոս—Երկրի Նոր Իշխանը»։
◼ Կը թելադրուի որ Յունուար 1, 1992–ին, բոլոր ժողովքները ցուցադրեն նոր տարուան համարը՝ «Յոյսով ուրախ եղէ՛ք . . . ։ Ստէպ աղօթքի կեցէ՛ք»։—Հռովմ. 12։12