ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Հոկտեմբերին՝ բաժանորդագրութիւն Զարթի՛րին կամ Դիտարանին կամ երկուքին։ Երբ հարազատ հետաքրքրութիւն գտնուի, կարելի է բաժանորդագրութիւն ընել մէկ տարուայ համար կամ վեց ամսուայ համար։ Նոյեմբերին՝ Աստուածաշունչը Աստուծո՞յ թէ Մարդոց Խօսքն Է։ Դեկտեմբերին՝ Մեծագոյն Մարդը Որ Ապրած Է։ Յունուարին՝ 192 էջնոց որեւէ գիրք որ հրատարակուած է 1983–ին կամ անկէ առաջ։ Եթէ ժողովքը այս գիրքերը չունի, պէտք է ներկայացնել Իսկական Խաղաղութիւնը եւ Ապահովութիւնը—Ի՞նչպէս Կրնաք Զայն Գտնել գիրքը։ Փետրուարին՝ Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը Մէջ։ ՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. Այն ժողովքները որոնք տակաւին չեն խնդրած վերոյիշեալ ներկայացուելիք գրականութիւնները, պէտք է խնդրեն՝ իրենց յաջորդ ամսական Գրականութիւններու Խնդրանքի «Ֆօրմ»ին (S–14) միջոցաւ։ Ներկայացնելը պէտք է ըլլայ վերայցելութիւններուն եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին։
◼ Ժողովքները պէտք է սկսին խնդրել Աստուածաշունչը Քննենք Ամէն Օր—1993 գրքոյկը իրենց Հոկտեմբեր ամսուան գրականութիւններու խնդրանքին հետ։