ԱՍՏՈՒԱԾՊԵՏԱԿԱՆ ԸՆԴԼԱՅՆՈՒՄԸ ԱՐԱԳԱՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՅԱՌԱՋԴԻՄԵԼ
1 «Ով որ իմ խօսքերս կը լսէ եւ կը կատարէ զանոնք, զանիկա պիտի նմանցնեմ խելացի մարդու մը՝ որ իր տունը վէմի վրայ շինեց»։ (Մատթ. 7։24) Յիսուսի ուսուցումները ախորժելի էին այն հեզ անհատներուն համար որոնք հոգեւոր կերտում կը փնտռէին։ Աւետարաններուն մէջ կը կարդանք թէ այրեր եւ կիներ շարունակաբար իրեն կը մօտենային, քանի որ ազնուօրէն զիրենք կ’ընդունէր եւ գեղեցիկ խօսքեր կ’ըսէր Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին։—Ղուկ. 9։11
2 Ա. դարու Քրիստոնէական ժողովքը հոյակապ աճում մը վայելեց, Յիսուսի տուած ուղղութեան հետեւելով։ Նկատի առէք զոր օրինակ ինչ որ Գործք 16։4, 5 կ’ըսէ. «Ապա . . . ապսպրուած հրամանները կ’աւանդէին անոնց որ պահեն։ [Ժողովքներն] ալ հաւատքի մէջ կը հաստատուէին եւ օրէ օր անոնց թիւը կ’աւելնար»։
3 Անցեալ տարիներուն ընթացքին, կարեւոր վերաճշդումներ տեղի ունեցան Եհովայի տեսանելի կազմակերպութեան գործառնութեան մէջ, յաւելեալ ընդլայնումին հետ քայլ պահելու համար։ 1992–ին, հրատարակիչներու գագաթ թիւը համայն աշխարհի մէջ ակնկալուածէն աւելի էր՝ 4,472,787, եւ Յիշատակատօնին ներկայ եղան 11,431,171 անհատներ։ Ի՜նչ առանձնաշնորհում մըն էր մեզի որ ասոր մէջ բաժին բերինք։
4 Անցեալ Նոյեմբերին ունեցանք 2970 հրատարակիչներու մեր նոր գագաթը, որ երկրորդն է այս ծառայութեան տարուան մէջ, ինչպէս նաեւ Ապրիլ 1992–ին Յիշատակատօնին ներկայ եղան 6511 անհատներ, որ ամենամեծ թիւն է մինչեւ հիմա։ Քանի որ իւրաքանչիւրս ասոր մէջ բաժին բերաւ, չե՞նք զգար թէ վարձատրուեցանք այս աստուածպետական ընդլայնումով։ Բայց տակաւին ի՞նչ կրնանք ընել ապագան ի մտի ունենալով։
5 Տարիներուն ընթացքին միշտ հետեւեցանք տրուած իմաստուն ուղղութեան։ Ուստի, տակաւին ի՞նչ կրնանք ընել որպէս ժողովքներ աստուածպետական ընդլայնումը արագացնելու։ Յաւիտեան Ապրիլ գիրքը կ’ընդգծէ մեր յաջորդ քայլը յառաջդիմելու մէջ։
6 Գլուխ 23, պարբերութիւն 27–ի մէջ, մեր ուշադրութեան կը յանձնուի յաւելեալ կարգադրութիւն մը։ Կը մէջբերենք. «Հանրային Ժողովը, նաեւ Դիտարանի ուսումնասիրութիւնը, սովորաբար Կիրակի օրերը տեղի կ’ունենան։ Մասնաւոր ջանք մը կը թափուի նոր հետաքրքրուող անհատները Հանրային Ժողովին հրաւիրելու, որ որակելի ծառայի մը կողմէ Աստուածաշունչի դասախօսութիւն մըն է։ Դիտարանի ուսումնասիրութիւնը հարց–պատասխանով խօսակցութիւն մըն է Դիտարան պարբերաթերթին վերջին թիւերէն մէկուն մէջ ներկայացուած յօդուածի մը մասին»։
7 Այժմ մի քանի տարի է որ ժողովքները զանազան պատճառներով չեն հետեւիր այն կարգադրութեան որ Հանրային Ժողովը եւ Դիտարանի Ուսումնասիրութիւնը տեղի ունենան Կիրակի օրերը։ Կարգ մը շրջաններու մէջ ատիկա կապ ունէր պարագաներուն հետ։ Հետեւաբար, ՀԻՄԱ է յարմար ժամանակը բոլոր ժողովքները հրաւիրելու որ ետ դառնան այս աշխարհածաւալ կարգադրութեան։ Ինչո՞ւ հիմա։
8 Սքանչելի յաւելումը որ գրեթէ ամէնուրեք տեղի կ’ունենայ, կ’ապացուցանէ թէ հետաքրքրուած նորեկները Կիրակին կը գտնեն որպէս ամենայարմարը։ Անիկա մեծամասնութեան համար հանգիստի օր է եւ կրնան իրենց ժամանակը տրամադրել հոգեւոր հարցեր նկատի առնելու։ Շատեր ճնշումի տակ են շաբաթական պարտաւորութիւններով։ Ուստի, ի մտի ունենալով թէ մեր նպատակակէտն է՝ «նոր հետաքրքրուող անհատները Հանրային Ժողովին հրաւիրել», պիտի չուզե՞նք անոնց շահերը աւելցնել։ (Մար. 12։31) Շաբթուան ընթացքին մեր ժողովներէն երեքը ունենալով, կրնանք Կիրակին հոգեւոր բաներու յատկացնել։
9 Անշուշտ, ասիկա պիտի նշանակէ փոփոխութիւն մտցնել մեր սովորութիւններուն եւ յայտագիրներուն մէջ, ինչպէս քոյր մը արտայայտեց, որու ժողովքը սկսաւ Կիրակի օրը գործածել։ Բայց ջերմօրէն իր հետ պատճառաբանելով, տեղական երէցները իրեն հարցուցին թէ ի՞նչ կրնար Եհովայի հատուցանել։ Խանդավառութեամբ ան պատասխանեց. «Ամենաթանկագին ունեցած բաներս»։ Ապա անոնք ցոյց տուին թէ «ատիկա կրնայ Կիրակի օրը ըլլալ, որու կը դիտես որպէս ամենակարեւոր բանը»։ Անշուշտ, ոմանք կարիքը պիտի ունենան այս կարգադրութեան հետ յարմարելու, զոհողութիւններ ընելով որպէսզի ընդլայնումը արագացնելու նպաստեն։—Տես Յեսուայ 6։15, 16։
10 Սակայն, մեր գործունէութիւնը ինչպէ՞ս կրնանք յայտագրել գալիք Կիրակի օրերուն համար։ Երկու հետաքրքրութիւններ պիտի ունենանք. առաջինը՝ պաշտօնական քարոզչական գործունէութեան մասնակցիլ, իսկ երկրորդը՝ ժողովին ներկայ գտնուիլ։ Ասիկա կարելի է ընել կարգադրելով որ քարոզչական գործը տեղի ունենայ առաւօտուն, եւ ետքը, կէսօրէ ետք՝ ժողովը։ Բայց ի՞նչ ընել եթէ մէկէ աւելի ժողովքներ նոյն Թագաւորութեան Սրահը կը գործածեն։ Երէցները կը համակարգեն որ առաջին ժողովքին համար առաւօտուն ժողով մը ունենան, երկրորդին համար՝ կէսօրէ ետք, եւ թերեւս երրորդին համար՝ իրիկնամուտին։ Իսկ քարոզչական գործունէութիւնը կարելի է կարգադրել օրուան միւս կիսուն մէջ։ Ամէն տեղէ եկած տեղեկագիրները ցոյց կու տան թէ անհատներ եւ ընտանիքներ ընդհանրապէս կը գտնուին եւ հակամէտ են լսելու երբ ճնշումէ ազատ են։ Այդպէս չէ՞ պարագան կէսօրէ ետք եղած հանդարտ ժամանակամիջոցներուն։
11 Թող որ փաստենք թէ մեր կատարեալ տիպարին՝ Յիսուս Քրիստոսին՝ հետեւորդներն ենք։ Ըստ Մարկոս 6։30–44–ին, ան խղճաց մարդոց եւ նոյնիսկ իր հանգստութեան ժամանակ սորվեցուց անոնց։ Ի մտի ունենալով որ համաշխարհային եղբայրութեան հետ քայլ պահենք, ջանք կը թափենք որ ‘նմանինք Աստուծոյ այն ժողովքներուն’ որոնք աստուածպետական ընդլայնումը արագացնելու համար կը յառաջդիմեն։—Ա. Թես. 2։14