ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Յուլիսին. հետեւեալ որեւէ գրքոյկ կարելի է գործածել. «Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ», Այն Կառավարութիւնը Որ Դրախտ Պիտի Բերէ, Աստուած Իրապէս կը Հոգա՞յ Մեզի, Երկրի Վրայ Կեանքը Յաւիտեան Վայելեցէ՛ք, կամ Երրորդութեան Պէ՞տք Է Հաւատաք։ Օգոստոսին եւ Սեպտեմբերին. Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը մէջ։ Հոկտեմբերին. Մարդկութիւնը Որ Աստուած կը Փնտռէ կամ Զարթի՛րի եւ Դիտարանի օրինակներ։ Բաժանորդագրութիւններ կարելի է առաջարկել վերայցելութիւններու ընթացքին։ ՆՈԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. Այն ժողովքները որոնք վերոյիշեալ ներկայացուելիք գրականութիւններուն կարիքը ունին, պէտք է զանոնք խնդրեն իրենց յաջորդ ամսական Գրականութիւններու Խնդրանքի «Ֆօրմ»ին (S–14) միջոցաւ։ Ներկայացնելը պէտք է ըլլայ վերայցելութիւններուն եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին։
◼ Ընկերութիւնը այժմ կ’արտադրէ Դիտարանի հատորներ Անգլերէն լեզուով 1980-1985 տարիներուն համար։ Ոեւէ անհատ որ կ’ուզէ այս հատորները ստանալ, պէտք է ժողովքին միջոցաւ զանոնք խնդրէ։
◼ Ապրիլ 8, 1993–ի թիւէն սկսեալ, Կուժարաթի լեզուն աւելցուեցաւ Զարթի՛ր պարբերաթերթի ամսական օրինակներու ցանկին, որոնք թղթատարական դրութեամբ մատչելի են։