Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Յունուարին. Որեւէ 192 էջնոց գիրք որու էջերը կը դեղիննան կամ կը գունատուին կամ 1980–էն առաջ հրատարակուած է։ Այն ժողովքները որոնք այսպիսի գիրքեր չունին, կրնան ներկայացնել Մարդկութիւնը Որ Աստուած կը Փնտռէ գիրքը։ Փետրուարին. Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը մէջ։ Մարտին. Յայտնութիւն. Անոր Փառաւոր Յանգումը Մօտ Է։ Ապրիլին եւ Մայիսին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը, ինչպէս նաեւ որեւէ գրքոյկ (Դպրոց գրքոյկէն զատ)։ Երբ վերայցելութիւններուն ընթացքին հետաքրքրութիւն գտնուի, կարելի է բաժանորդագրութիւններ ներկայացնել։ ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. Այն ժողովքները որոնք վերոյիշեալ ներկայացուելիք գրականութիւններուն կարիքը ունին, պէտք է զանոնք խնդրեն իրենց յաջորդ ամսական Literature Request Form (S(d)-14)–ին միջոցաւ։ Վերը ակնարկուած հին գրականութիւնները մատչելի չեն Պրուքլինին մէջ, բայց ժողովքները պէտք է գործածեն ինչ որ արդէն ունին։
◼ Ժողովքները պէտք է յարմար կարգադրութիւններ ընեն Յիշատակատօնը տօնակատարելու համար այս տարի Շաբաթ օրը՝ Մարտ 26–ին, արեւնամուտէն ետք։ Մինչ փափաքելի է որ իւրաքանչիւր ժողովք Յիշատակատօնը առանձին տօնակատարէ, բայց ասիկա միշտ կարելի չէ։ Ուր որ մի քանի ժողովքներ սովորաբար նոյն Թագաւորութեան Սրահը կը գործածեն, թերեւս մէկ կամ աւելի ժողովքներ կարենան կարգադրել ուրիշ դիւրութիւն մը գործածել այդ իրիկուան համար։ Յիշատակատօնը պէտք չէ սկսի շատ ուշ ատեն այնպէս որ նոր հետաքրքրուած անհատները անյարմար գտնեն ներկայ գտնուիլը։ Ասկէ զատ, յայտագիրը պէտք չէ շատ սեղմ ըլլայ այնպէս որ ժամանակ չմնայ տօնակատարութենէն առաջ կամ վերջ այցելուներուն բարեւելու, ոմանց համար յարատեւ հոգեւոր օժանդակութեան համար կարգադրութիւններ ընելու կամ բոլոր հանդիսատեսներուն միջեւ փոխադարձ քաջալերութեան համար։ Բոլոր ազդակները լման կերպով նկատի առնելէ ետք, երէցները պէտք է որոշեն թէ ո՛ր կարգադրութիւնները լաւագոյնս պիտի օգնեն Յիշատակատօնին բոլոր ներկայ գտնուողներուն որ առիթէն լիովին օգտուին։
◼ Փետրուարէն սկսեալ, եւ Մարտ 6–էն ոչ աւելի ուշ, շրջանային տեսուչներուն համար նոր հանրային դասախօսութիւնը պիտի ըլլայ՝ «Մարդկային Ստեղծուածներուն Հառաչելը—Ե՞րբ Պիտի Վերջանայ»։
◼ 1994–ի Յիշատակատօնի առիթով հանրային մասնաւոր դասախօսութիւնը պիտի ներկայացուի համայն աշխարհի մէջ Կիրակի օրը՝ Ապրիլ 10–ին։ Դասախօսութեան բնաբանն է՝ «Ճշմարիտ Կրօնքը Մարդկային Ընկերութեան Կարիքներուն Գոհացում կու Տայ»։ Ուրուագիծ մը պիտի հայթայթուի։ Այն ժողովքները որոնք այդ շաբաթավերջը ունին շրջանային տեսուչի այցելութիւնը, շրջանային համաժողովը կամ մէկ օրուայ մասնաւոր համաժողովը, պիտի ունենան մասնաւոր դասախօսութիւնը յաջորդ շաբաթը։ Ապրիլ 10–էն առաջ ոչ մէկ ժողովք պէտք է ունենայ մասնաւոր դասախօսութիւնը։
◼ Ըստ տուրքի նոր օրէնքներուն Միացեալ Նահանգներուն մէջ, 1994–էն սկսեալ ոեւէ անհատ որ որոշ թուականի մը մէջ նուիրատուութիւն կ’ընէ պատրաստ դրամ կամ ուրիշ ստացուածք, որու գումարը 250 տոլար կամ աւելի է, Ընկերութեան, ժողովքի մը, Համաժողովի Սրահի մը կամ շրջանի մը, պէտք է ունենայ գրուած հաստատում նուիրատուութեան նկատմամբ։ Նուիրատուութիւն ընող անհատը իր տուրքերը նուազեցնել պահանջելէ առաջ պէտք է հաստատումի նամակը ստանայ։ Ջնջուած վճարագիրերը 250 տոլար կամ աւելի նուիրատուութիւն ընելու համար որոշ թուականի մը մէջ, այլեւս նուիրատուութեան փաստ մը չեն նկատուիր տուրքի հեղինակութիւններուն կողմէ։ Հաստատումը պէտք է նաեւ ցոյց տայ թէ նուիրատուութիւն ընողը իր նուիրատուութեան հետ կապակցաբար որեւէ ինչք կամ ծառայութիւն ստացա՛ւ կամ ոչ։ Հրահանգ տրուեցաւ երէցներու մարմիններուն, Համաժողովի Սրահներու Յանձնախումբերուն եւ շրջանային համաժողովի տեսուչներուն որ այսպիսի նուիրատուութիւններ հաստատող նամակ մը հայթայթեն անոնց որոնք հաստատում մը կը պահանջեն։