Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Մարտին. Յայտնութիւն. Անոր Փառաւոր Յանգումը Մօտ Է։ Ապրիլին եւ Մայիսին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը, ինչպէս նաեւ որեւէ գրքոյկ (Դպրոց գրքոյկէն զատ)։ Երբ վերայցելութիւններուն ընթացքին հետաքրքրութիւն յայտնաբերուի, կարելի է բաժանորդագրութիւններ ներկայացնել։ Յունիսին. Կեանքը Ինչպէ՞ս Ծագում Առաւ Հոս—Բարեշրջութեա՞մբ թէ Ստեղծագործութեամբ։ ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. Այն ժողովքները որոնք վերոյիշեալ ներկայացուելիք գրականութիւններուն կարիքը ունին, պէտք է զանոնք խնդրեն իրենց յաջորդ ամսական Գրականութիւններու Խնդրանքի Թուղթին (S–14) միջոցաւ։ Ներկայացնելը պէտք է ըլլայ վերայցելութիւններուն եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին։
◼ Ամէն անհատ որ ժողովքի մը հետ կ’ընկերակցի, պէտք է ղրկէ Դիտարանի եւ Զարթի՛րի նոր եւ նորոգուած բոլոր բաժանորդագրութիւնները, մէջը ըլլալով անձնական բաժանորդագրութիւնները, ժողովքին միջոցաւ։
◼ Վերակացու տեսուչը կամ իր կողմէ նշանակուած անհատ մը, պէտք է ժողովքի հաշիւները ստուգէ Մարտ 1–ին, կամ անմիջապէս անկէ ետք։ Երբ ասիկա կը կատարուի, ժողովքին ծանուցում մը ըրէք։
◼ Յիշատակատօնին առթիւ Աստուածաշունչի ընթերցումը Հինգշաբթի օրուան համար՝ Մարտ 24, 1994–ին, պիտի ըլլայ Մարկոս 14։1, 2, 10, 11 եւ Ղուկաս 22։1-6 (ինչպէս որ նշուած է Աստուածաշունչը Քննենք գրքոյկին մէջ), ոչ թէ Մարկոս 14։1-11 (ինչպէս որ նշուած է 1994–ի Օրացոյցին մէջ)։