Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 4/94 էջ 7
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
թծ 4/94 էջ 7

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Ապրիլին եւ Մայիսին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը, ինչպէս նաեւ որեւէ գրքոյկ (Դպրոց գրքոյկէն զատ)։ Երբ վերայցելութիւններուն ընթացքին հետաքրքրութիւն յայտնաբերուի, կարելի է բաժանորդագրութիւններ ներկայացնել։ Յունիսին. Կեանքը Ինչպէ՞ս Ծագում Առաւ Հոս—Բարեշրջութեա՞մբ թէ Ստեղծագործութեամբ։ Յուլիսին. 32 էջնոց գրքոյկներէն երեք-երեք, զորս ժողովքը արդէն ունի։ Եթէ ժողովքը բաւարար գրքոյկներ չունի, կարելի է յարմար «պրօշիւր» մը գործածել։ 32 էջնոց գրքոյկները պէտք չէ Ընկերութենէն խնդրել, այլ՝ ժողովքները պէտք է գործածեն այն գրքոյկները զորս հիմա ձեռքի տակ ունին։ ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. Այն ժողովքները որոնք վերոյիշեալ ներկայացուելիք գրականութիւններուն կարիքը ունին, պէտք է զանոնք խնդրեն իրենց յաջորդ ամսական Գրականութիւններու Խնդրանքի Թուղթին (S–14) միջոցաւ։ Հաճեցէք չխնդրել 32 էջնոց գրքոյկները, քանի որ անոնք Ընկերութեան կողմէ մատչելի չեն։ Ներկայացնելը պէտք է ըլլայ վերայցելութիւններուն եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին։

◼ Երբ գործնական է, երէցները պէտք է կարգադրութիւն ընեն ժողովքին համար որ մասնակցին իրիկուան վկայութեան մինչ ցերեկուան ժամերը կ’աւելնան։

◼ Մատչելի Նոր Գրականութիւններ. Հայերէն. Եհովայի Վկաները—Միացած՝ Աստուծոյ Կամքը Կատարելու Համար Համայն Աշխարհի մէջ։

◼ Մատչելի Նոր Ձայներիզներ. Արաբերէն. Նախանձախնդրութեամբ Աստուծոյ Կամքը Կատարենք (Թատերախաղ. մէկ ձայներիզով)։

◼ Մատչելի Նոր Պատկերիզներ. Արաբերէն. Եհովայի Վկաները—Անուն մը, Կազմակերպութիւն մը։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել