Պատանիները Լաւ Օրինակի Մը Կարիքը Ունին
1 Մենք կ’ուրախանանք մեր հետ ունենալով երթալով աւելի մեծ թիւով պատանիներ որոնք ‘Եհովայի անունը կ’օրհնեն’։ (Սաղմ. 148։12, 13) Անոնցմէ շատեր դեռ պզտիկ են տարիքով։ Անոնց յառաջդիմութիւնը մեծապէս կախեալ է այն մարզումէն եւ օրինակէն զորս կը հայթայթեն իրենց ծնողները եւ ուրիշ չափահասներ ժողովքին մէջ։ Սակայն, պէտք չէ անտեսել այն ազդեցութիւնը զոր կը գործադրեն միւս պատանիները, մանաւանդ տարիքով աւելի մեծ դեռատիները եւ երիտասարդները։ Եթէ այս խումբին կը պատկանիք, հետեւեալ մեկնաբանութիւնները կրնան ձեզի օգտել։
2 13 տարեկանէն վար եղողները հակամէտ են աւելի մեծ պատանիները ընդօրինակելու։ Անոնք այն բնական փափաքը ունին որ իրենց հիացած սերտ ընկերակիցներուն նմանին։ Անոնք հակում ունին որ հրապուրուին ուրիշ պատանիներու որոնք քիչ մը աւելի մեծ են ու կը թուին լաւատեղեակ եւ աւելի յառաջդիմած ըլլալ։ Առ ի հետեւանք, անոնք կրնան ընդօրինակել ձեր խօսելակերպը եւ վերաբերմունքը, ինչպէս նաեւ՝ ձեր գնահատանքը հոգեւոր արժէքներուն եւ ձեր մասնակցութիւնը ժողովքային գործունէութիւններուն։
3 Որպէս երիտասարդ մը, դուք առանձնաշնորհում մը ունիք ինչպէս նաեւ՝ ծանր պատասխանատուութիւն մը։ Ճիշդ հիմա, ձեր օրինակը հաւանաբար կ’ազդէ ձեր պատանի ընկերակիցներուն։ Դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Ի՞նչ տեսակ ազդեցութիւն կը բանեցնեմ դեռատիներուն վրայ։ Լրջախո՞հ եմ, խուսափելով «երիտասարդական ցանկութիւններէն» ու յիմարութենէն։ Հնազանդութիւն եւ յարգանք կը ցուցաբերե՞մ ծնողքիս, երէցներուն եւ ուրիշ չափահասներու հանդէպ’։ (Բ. Տիմ. 2։22. Կող. 3։20) Ինչ որ կ’ըսէք ու կ’ընէք կրնայ մեծ ազդակ մը ըլլալ ձեր արարքները նկատող պատանիներուն հոգեւոր յառաջդիմութեան մէջ։
4 Թագաւորութեան պատգամը քարոզելը ժողովքին գլխաւոր գործն է։ Ձեր կամեցողութիւնը եւ կանոնաւոր մասնակցութիւնը կրնան ձեր ընկերակիցները քաջալերել որ աւելի գործունեայ ըլլան։ Եթէ կրնաք ծառայել որպէս ռահվիրաներ, ձեր ընկերները պիտի մղուին նոյնը ընելու։ Նաեւ լաւ օրինակ մը կը հանդիսանաք երբ կը մեկնաբանէք ժողովներուն ատեն եւ կամաւոր կ’ըլլաք Թագաւորութեան Սրահին մէջ կարգ մը անհրաժեշտ գործեր կատարելու։
5 Թէեւ Տիմոթէոս այլեւս պատանի մը չէր երբ Պօղոս իրեն հետեւեալ խրատը տուաւ, կրնաք որպէս պատանիներ կիրարկել զայն. «Օրինակ եղիր հաւատացեալներուն՝ խօսքով, վարմունքով, սիրով, հաւատքով եւ մաքրութեամբ»։ (Ա. Տիմ. 4։12) Ձեր խանդավառ ու սրտանց մասնակցիլը Եհովայի ծառայութեան, կրնայ ձեր ընկերակիցները ու նկատող պատանիները դրական կերպով մը մղել, անոնց օգնելով որ յառաջդիմեն դէպի հոգեւորապէս հասուն անհատներ ըլլալու։ (Եփ. 4։13) Պատանիներ որոնք մաս կը կազմեն այն ընտանիքներէն որոնք նոր սկսած են ուսումնասիրել, կրնան ճշմարտութեան հրապուրուիլ ձեր մէջ նկատած բաներով։
6 Աւելի կարեւորը, ձեր ջանասիրութիւնը բարեպաշտ յատկութիւններ ցուցաբերելուն մէջ, փառք կը բերէ Եհովային ու իր կազմակերպութեան։ (Առ. 27։11) Անկեղծ նկատողներ պիտի սքանչանան տեսնելով որ դուք աշխարհի երիտասարդներուն բոլորովին հակառակն էք։ Ուստի, անզուգական պատեհութիւն մը ունիք որ դեռատիներուն օգնէք մինչ արժէքաւոր բաժին մը կը բերէք Եհովայի փառաբանութեան մէջ։—Սաղմ. 71։17