Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 12/94 էջ 5
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
թծ 12/94 էջ 5

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Դեկտեմբերին. Մեծագոյն Մարդը որ Ապրած Է։ Յունուարին. 1982–էն առաջ հրատարակուած որեւէ 192–էջնոց գիրք զոր ժողովքը ունի։ Այն ժողովքները որոնք հին գրականութիւնները չունին, պիտի ներկայացնեն Իրական Խաղաղութիւն եւ Ապահովութիւն Կարելի՞ Է։ Փետրուարին. Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը մէջ։ Այս գրքին տեղաւորումներուն պէտք է յաջորդեն վերայցելութիւններ, եւ ջանք պէտք է թափուի Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար։ Մարտին. Յայտնութիւն. Անոր Փառաւոր Յանգումը Մօտ Է։ ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. Այն ժողովքները որոնք վերոյիշեալ ներկայացուելիք գրականութիւններուն կարիքը ունին, պէտք է զանոնք խնդրեն իրենց յաջորդ ամսական Գրականութիւններու Խնդրանքի Թուղթին (S–14) միջոցաւ։ Վերոյիշեալ հին գրականութիւնները Ընկերութեան կողմէ մատչելի չեն։ Ներկայացնելը պէտք է ըլլայ վերայցելութիւններուն եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին։

◼ Վերակացու տեսուչը կամ իր կողմէ նշանակուած անհատ մը, պէտք է ժողովքի հաշիւները ստուգէ Դեկտեմբեր 1–ին, կամ անմիջապէս անկէ ետք։ Երբ ասիկա կը կատարուի, ժողովքին ծանուցում մը ըրէք։

◼ 1996–ի Յիշատակատօնը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի Ապրիլ 2–ին, արեւնամուտէն ետք։ 1996–ի Յիշատակատօնի տօնակատարութեան թուականին մասին այս կանուխ ծանօթագրութիւնը կը տրուի որպէսզի եղբայրները կարենան մատչելի սրահներուն համար անհրաժեշտ վերապահութիւնները կամ պայմանագրութիւնները ընել, երբ մի քանի ժողովքներ Թագաւորութեան Սրահը կը գործածեն եւ ուրիշ դիւրութիւններ ապահովելու կարիքը ունին։

◼ 1 Սեպտեմբեր 1994 թիւէն սկսեալ, մեծատառ տպագրութեամբ կիսամսեայ Դիտարանը Հունգարերէն եւ Ռումաներէն լեզուներով մատչելի եղած է։ Այդ թուականին նաեւ մատչելի եղած է ձայներիզի վրայ Իտալերէն լեզուով կիսամսեայ Դիտարանը։

◼ Բաշխիչներուն Դիտարանի օրինակները Եափերէն, Թրուքերէն, Մարշալերէն եւ Փոնաբիներէն լեզուներով այժմ մատչելի են եւ Ընկերութենէն կարելի է զանոնք խնդրել։

◼ 1 Յունուար 1995–էն սկսեալ, Կուժարաթի, Հինտի, Նէփալ եւ Պենկալերէն լեզուներով հրատարակուած ամսական Դիտարանը պիտի ըլլայ կիսամսեայ։

◼ Ժողովքները պէտք է սկսին խնդրել 1994–ի Դիտարանի ու Զարթի՛րի կազմուած հատորները, իրենց Դեկտեմբեր ամսուան գրականութիւններու խնդրանքին հետ։

◼ Էսթօներէն եւ Փափիամէնթօ լեզուները աւելցած են այն լեզուներուն վրայ որոնցմով Զարթի՛րը մատչելի է։ Անոնք եռամսեայ օրինակներ են եւ պիտի սկսին Յունուար-Մարտ 1995 թիւով։ Բաշխիչներու օրինակները կարելի է խնդրել ժողովքին միջոցաւ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել