Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 12/95 էջ 7
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
թծ 12/95 էջ 7

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Դեկտեմբերին. Գիտութիւն մը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Մասնաւոր ջանք պիտի թափուի բոլոր տեղաւորումները հետապնդելու, տան մէջ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու նպատակով։ Այս գրականութիւնը չունեցող ժողովքները կրնան Յաւիտեան Ապրիլ գիրքը գործածել։ Յունուարին. 1982–էն առաջ հրատարակուած որեւէ 192–էջնոց գիրք զոր ժողովքը ունի։ Այն ժողովքները որոնք այսպիսի գրականութիւններ չունին, պիտի ներկայացնեն Իրական Խաղաղութիւն եւ Ապահովութիւն Կարելի՞ Է։ Փետրուարին. Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է։ Մարտին. Գիտութիւն մը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ ՆՇՄԱՐ. Այն ժողովքները որոնք վերոյիշեալ ներկայացուելիք գրականութիւններուն կարիքը ունին, պէտք է զանոնք խնդրեն իրենց յաջորդ ամսական Literature Request Form (S-14)–ին միջոցաւ։ 1982–էն առաջ հրատարակուած գրականութիւնները զորս կարելի է գործածել Յունուար ամսուան ընթացքին, Պրուքլինի մէջ մատչելի չեն։

◼ Ժողովքները իրենց Դեկտեմբեր ամսուան գրականութիւններու խնդրանքին հետ պէտք է սկսին խնդրել 1995–ի Դիտարանի ու Զարթի՛րի կազմուած հատորները։ (Տես Watchtower Publications List, 6–8 եւ 10–րդ պարբերութիւնները։) Կազմուած հատորները մատչելի պիտի ըլլան հետեւեալ լեզուներով. Անգլերէն, Գերմաներէն, Իտալերէն, Լեհերէն, Խրուաթերէն, Հոլանտերէն, Ճաբոներէն, Յունարէն, Չինարէն, Ռումաներէն, Ռուսերէն, Սպաներէն, Փորթիւկալերէն, Քորեայերէն եւ Ֆրանսերէն։

◼ Դեկտեմբեր 1–ին կամ անմիջապէս անկէ ետք, վերակացու տեսուչը կամ իր կողմէ նշանակուած անհատ մը պէտք է ժողովքի հաշիւները ստուգէ։ Ասիկա կատարելէ ետք, ժողովքին ծանուցում մը ըրէք։

◼ 1997–ի Յիշատակատօնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի՝ Մարտ 23–ին, արեւնամուտէն ետք։ 1997–ի Յիշատակատօնի տօնակատարութեան թուականին մասին այս կանուխ նշմարը կը տրուի որպէսզի եղբայրները կարենան մատչելի սրահներուն համար անհրաժեշտ վերապահութիւնները կամ պայմանագրութիւնները ընել, երբ մի քանի ժողովքներ Թագաւորութեան Սրահը կը գործածեն եւ ուրիշ դիւրութիւններ ապահովելու կարիքը ունին։

◼ 1 Օգոստոս 1995 թիւէն սկսեալ, Դիտարանը Փունճապերէն լեզուով կը հրատարակուի Անգլերէնին հետ միաժամանակ եւ որպէս ամսական պարբերաթերթ։

◼ Ալպաներէն լեզուն աւելցած է այն լեզուներուն վրայ որոնցմով Զարթի՛րը մատչելի է։ Ասիկա եռամսեայ օրինակ մըն է եւ պիտի սկսի Յունուար-Մարտ 1996 թիւով։ Բաշխողներու օրինակները կարելի է խնդրել ժողովքին միջոցաւ։ Հաճեցէք նկատել որ բաժանորդագրութեան կարգադրութիւն չկայ այս եռամսեայ պարբերաթերթին համար։

◼ Դիտարանի Գրադարան–1995–ի Հրատարակութիւն խորագրով նոր CD-ROM մը պատրաստուած է։ Անիկա կը բովանդակէ վերստուգուած յայտագիր մը եւ յաւելեալ գրականութիւններ որոնք լոյս տեսած են 1995, 1994 եւ 1979–1970–ին ընթացքին։ Անիկա նաեւ Գերմաներէն, Իտալերէն եւ Սպաներէն լեզուներով մատչելի պիտի ըլլայ։ 25 Նոյեմբեր 1995–ին, Ընկերութիւնը նամակով մը մասնայատուկ մանրամասնութիւններ հայթայթեց բոլոր ժողովքներուն։ Այս CD–ին մէկ կամ աւելի լեզուներով կարելի է խնդրել ժողովքին միջոցաւ, 15 Յունուար 1996–էն առաջ։

◼ Մատչելի Նոր Գրականութիւններ.

Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց —Չեխերէն

Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ (Մեծ չափ) —Պարսկերէն

Դիտարանի Հրատարակութեանց Նիւթերու Ցանկ 1986–1990 —Իտալերէն

Եհովայի Վկաներ—Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Հրատարակողներ —Լեհերէն

Երբ Սիրելի մը Կորսնցնենք —Փունճապերէն

Երկրի Վրայ Կեանքը Յաւիտեան Վայելեցէ՛ք —Ռուսերէն

Ճակատագիրը Մեր Կեանքը կը Ղեկավարէ՞, թէ ոչ Աստուած Մեզ Համարատու կը Նկատէ (Թերթիկ թիւ 71) —Պարսկերէն

Մեծագոյն Անունը (Թերթիկ թիւ 72) —Պարսկերէն

Մեծագոյն Մարդը Որ Ապրած Է —Ռումաներէն

Մեծ Ուսուցիչին Մտիկ Ընել —Ռուսերէն

Մեր Ծառայութիւնը Կատարելու Համար Կազմակերպուած —Վիեթնամերէն

Սուրբ Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը —Ֆինլանտերէն

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել