Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 12/95 էջ 2
  • Յառաջդիմութիւնդ Յայտնի Ըրէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Յառաջդիմութիւնդ Յայտնի Ըրէ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Յառաջդիմեցէ՛ք
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Պատանինե՛ր, ձեր յառաջդիմութիւնը յայտնի ըրէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • Յառաջդիմութիւնդ յայտնի ըրէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • Քու յառաջդիմութիւնդ յայտնի ըրէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
թծ 12/95 էջ 2

Յառաջդիմութիւնդ Յայտնի Ըրէ

1 Վերյիշէ այն ժամանակը, երբ առաջին անգամ ըլլալով Թագաւորութեան պատգամը լսեցիր։ Պարզ ճշմարտութիւնները ախորժակդ բացին գիտութեան ու հասկացողութեան հանդէպ։ Շուտով նկատեցիր կարիքը փոփոխութիւններ մտցնելու ապրելակերպիդ մէջ, քանի որ Եհովայի ճամբաները շատ աւելի բարձր են քան ճամբաներդ։ (Եսայ. 55։8, 9) Յառաջդիմեցիր, կեանքդ նուիրեցիր եւ մկրտուեցար։

2 Նոյնիսկ հոգեւոր որոշ յառաջդիմութիւն արձանագրելէ ետք, տակաւին յաղթահարուելիք տկարութիւններ կային։ (Հռովմ. 12։2) Թերեւս մարդու վախը ունէիր, որ քեզ դժկամակ դարձուց դաշտի ծառայութեան մասնակցելու։ Կամ թերեւս կը թերանայիր Աստուծոյ հոգիին պտուղները ցուցաբերել։ Փոխանակ ետ կենալու, վճռած էիր յառաջդիմել, անձիդ համար աստուածպետական նպատակակէտեր դնելով։

3 Ներկայիս թերեւս մի քանի տարիներ անցած են նուիրումէդ ի վեր։ Յետադարձ ակնարկ մը նետելով, ի՞նչ յառաջդիմութիւն կը նշմարես։ Նպատակակէտերէդ ոմանք իրագործա՞ծ ես։ Հիմա այն նախանձախնդրութիւնը ունի՞ս զոր «սկիզբը» ունէիր։ (Եբր. 3։14) Տիմոթէոս արդէն տարիներու փորձառութիւն ունեցող, հասուն Քրիստոնեայ մըն էր, երբ Պօղոս զինք յորդորեց. «Ատոնց վրայ խորհէ ու ատոնցմով պարապէ, որպէսզի քու յառաջդիմութիւնդ ամենուն յայտնի ըլլայ»։—Ա. Տիմ. 4։15

4 Անձնաքննութեան Հարկ Կայ. Անցեալ ընթացքիդ վրայ խորհելով, կը նկատե՞ս որ սկիզբի տկարութիւններէդ ոմանք կը շարունակես ունենալ։ Դրած նպատակակէտերէդ ոմանք թերացա՞ծ ես իրագործել։ Եթէ այդպէս է պարագան, ինչո՞ւ։ Թէեւ լաւ դիտումներ ունէիր, թերեւս ձգձգած ես։ Թերեւս թոյլ տուած ես որ կեանքի մտահոգութիւնները կամ այս դրութեան ճնշումները քեզ ետ պահեն։—Ղուկ. 17։28–30

5 Մինչ անցեալին նկատմամբ ոչինչ կրնաս ընել, վստահաբար կրնաս ապագային նկատմամբ բան մը ընել։ Կրնաս դուն քեզ անկեղծօրէն քննել, թերացումներդ որոշել, յետոյ լուրջ աշխատանք տանիլ բարելաւուելու համար։ Թերեւս կարիքը ունիս աւելի լաւ կերպով ցուցաբերելու Աստուծոյ հոգիին պտուղները, ինչպէս՝ ժուժկալութիւնը, երկայնմտութիւնը կամ հեզութիւնը։ (Գաղ. 5։22, 23) Եթէ դժուարաւ ուրիշներու հետ համերաշխ կ’ըլլաս կամ դժուարաւ երէցներու հետ կը համագործակցիս, կարեւոր է որ խոնարհութիւն ու խոնարհամտութիւն մշակես։—Փիլ. 2։2, 3

6 Մեր յառաջդիմութիւնը կրնա՞նք յայտնի ընել ծառայութեան առանձնաշնորհումներ ցանկալով։ Յաւելեալ ջանքով, եղբայրներ կրնան որակելի ըլլալ որպէս օգնական ծառաներ կամ երէցներ։ Մեզմէ ոմանք կրնան կանոնաւոր ռահվիրաներ ըլլալ։ Իսկ շատերու համար, օժանդակ ռահվիրայութիւնը հասանելի նպատակակէտ մըն է։ Ուրիշներ թերեւս կը ջանան անձնական ուսումնասիրութեան սովորութիւնները բարելաւել, ժողովքային հանդիպումներուն աւելի մասնակցիլ կամ որպէս հրատարակիչներ աւելի արգասաբեր ըլլալ։

7 Անշուշտ, իւրաքանչիւր անհատի պատասխանատուութիւնն է որոշել թէ ո՛ր մարզին մէջ պէտք է յառաջդիմէ։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ ‘հասունութեան դիմել’ու մեր անկեղծ ջանքերը մեծապէս պիտի աւելցնեն մեր ուրախութիւնը եւ մեզ պիտի դարձնեն ժողովքի աւելի արգասաբեր անդամներ։—Եբր. 6։1, ՆԱ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել