Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 1/96 էջ 3
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
թծ 1/96 էջ 3

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Յունուարին. Ընտանեկան Կեանքդ Երջանիկ Ընել, Համաշխարհային Ապահովութիւն՝ «Խաղաղութեան Իշխան»ին Ներքեւ կամ Իրական Խաղաղութիւն եւ Ապահովութիւն Կարելի՞ Է։ Ժողովքները նախ պէտք է ներկայացնեն 1982–էն առաջ հրատարակուած որեւէ 192–էջնոց գիրք զոր ունին։ Փետրուարին. Ընտանեկան Կեանքդ Երջանիկ Ընել կամ Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է։ Մարտին. Գիտութիւն մը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Ապրիլին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Յաճախակի աշխատցուած թաղամասին համար, կարելի է նաեւ որեւէ գրքոյկ գործածել (Կրթութիւն եւ Դպրոց գրքոյկներէն զատ)։ Եթէ վերայցելութեան ատեն հետաքրքրութիւն յայտնաբերուի, կարելի է բաժանորդագրութիւն առաջարկել։ ՆՇՄԱՐ. Այն ժողովքները որոնք վերոյիշեալ ներկայացուելիք գրականութիւններուն կարիքը ունին, պէտք է զանոնք ապսպրեն իրենց յաջորդ ամսական Գրականութիւններու Խնդրանքի Թղթիկին (S-14) միջոցաւ։

◼ Ժողովքները յարմար կարգադրութիւններ պէտք է ընեն այս տարի Յիշատակատօնը տօնակատարելու համար, Երեքշաբթի Ապրիլ 2–ին, արեւնամուտէն ետք։ Մինչ փափաքելի է որ ամէն ժողովք Յիշատակատօնը առանձին տօնակատարէ, բայց ասիկա միշտ կարելի չէ։ Ուր որ մի քանի ժողովքներ սովորաբար նոյն Թագաւորութեան Սրահը կը գործածեն, թերեւս մէկ կամ աւելի ժողովքներ կարենան կարգադրել ուրիշ դիւրութիւն մը գործածել այդ իրիկուան համար։ Յիշատակատօնը շատ ուշ ատեն պէտք չէ սկսի այնպէս որ նոր հետաքրքրուած անհատները ներկայ ըլլալը անյարմար գտնեն։ Ասկէ զատ, յայտագիրը շատ սեղմ պէտք չէ ըլլայ այնպէս որ ժամանակ չմնայ տօնակատարութենէն առաջ կամ վերջ այցելուներուն բարեւելու, ոմանց յարատեւ հոգեւոր օժանդակութեան համար կարգադրութիւններ ընելու կամ փոխադարձ քաջալերութիւն վայելելու։ Բոլոր ազդակները լման կերպով նկատի առնելէ ետք, երէցները պէտք է որոշեն թէ ո՛ր կարգադրութիւնները Յիշատակատօնին ներկայ եղողներուն մեծապէս պիտի օգնեն որ առիթէն լիովին օգտուին։

◼ 1996–ի Յիշատակատօնի առիթով հանրային մասնաւոր դասախօսութիւնը պիտի ներկայացուի Կիրակի օրը՝ Ապրիլ 21–ին։ Դասախօսութեան բնաբանն է՝ «Կամակոր Սերունդի մը մէջ Առանց Մեղադրանքի Մնանք»։ Ուրուագիծ մը պիտի հայթայթուի։ Այդ շաբաթավերջին շրջանային տեսուչի այցելութիւնը, շրջանային համաժողովը կամ միօրեայ մասնաւոր համաժողովը ունեցող ժողովքները մասնաւոր դասախօսութիւնը յաջորդ շաբաթ պիտի ունենան։ Ապրիլ 21–էն առաջ ոչ մէկ ժողովք մասնաւոր դասախօսութիւնը պէտք է ունենայ։

◼ Փետրուարէն սկսեալ, իսկ Մարտ 3–էն ոչ աւելի ուշ, շրջանային տեսուչներուն համար նոր հանրային դասախօսութիւնը պիտի ըլլայ՝ «Հաւատարիմ Ժողովք մը Քրիստոսի Առաջնորդութեան Ներքեւ»։

◼ Մատչելի Նոր Պատկերիզներ.

Գիտութիւն մը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ (Հատոր Ա., գլուխներ 1–3) —Խուլերու Ամերիկեան Լեզու

Աստուածաշունչը—Ճշգրիտ Պատմութիւն, Հաւաստելի Մարգարէութիւններ —Քորեայերէն

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել