Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 8/96 էջ 7
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
թծ 8/96 էջ 7

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Օգոստոսին. Հետեւեալ որեւէ 32 էջնոց գրքոյկ. «Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ», Այն Կառավարութիւնը որ Դրախտ Պիտի Բերէ, Աստուած Իրապէս Հոգ կը Տանի՞ Մեզի, Երբ Սիրելի մը Կորսնցնենք, Երկրի Վրայ Կեանքը Յաւիտեան Վայելեցէ՛ք, Երրորդութեան Պէ՞տք Է Հաւատաք եւ Ի՞նչ Է Կեանքին Նպատակը։ Երբ յարմար է, կրնաք այսպիսի գրքոյկներ ներկայացնել. Մեռելներու Հոգիները—Կրնա՞ն Ձեզի Օգնել կամ Ձեզ Վնասել. Անոնք Իրապէս Գոյութիւն Ունի՞ն, Մեր Խնդիրները—Ո՞վ Պիտի Օգնէ Մեզի որ Զանոնք Լուծենք եւ Պատերազմէ Զերծ Աշխարհ մը Պիտի Ըլլա՞յ։ Սեպտեմբերին. Կեանքը Ինչպէ՞ս Գոյացաւ—Բարեշրջութեա՞մբ թէ Ստեղծագործութեամբ։ Այն ժողովքները որոնք Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը մէջ կամ Ընտանեկան Կեանքդ Երջանիկ Ընել գրքերը ունին, կրնան զանոնք ներկայացնել։ Հոկտեմբերին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Երբ վերայցելութեան ատեն հետաքրքրութիւն ցուցաբերուի, կարելի է բաժանորդագրութիւն ներկայացնել։ Նոյեմբերին. Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու նպատակով, մասնաւոր ջանք պիտի թափուի բոլոր տեղաւորումները հետապնդելու։

◼ Բաւարար քանակով ֆօրմեր պիտի ղրկուին իւրաքանչիւր ժողովքի, որպէսզի 1997–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին գործածուին։ Հաճեցէք այս ֆօրմերը իմաստութեամբ գործածել։ Զանոնք պէտք է գործածել միայն իրենց որոշուած նպատակին համար։

◼ Իւրաքանչիւր ժողովք Գրականութիւններու Ցուցակագրութեան (S(d)-18) ֆօրմէն երեք օրինակներ պիտի ստանայ։ Ժողովքի քարտուղարը պէտք է Օգոստոսին սկիզբը հանդիպում մը ունենայ գրականութիւններու ծառային հետ ու թուական մը որոշէ ժողովքի գրականութիւնները ցուցակագրելու համար ամսուան վերջաւորութեան։ Բոլոր գրականութիւններուն իսկական համրանքը պէտք է առնուի եւ համագումարը պէտք է արձանագրուի Գրականութիւններու Ցուցակագրութեան ֆօրմին վրայ։ Պարբերաթերթերու ծառայէն կարելի է առնել մատչելի պարբերաթերթերուն ընդհանուր գումարը։ Հաճեցէք բուն օրինակը Ընկերութեան ղրկել Սեպտեմբեր 6–էն առաջ։ Օրինակ մը պահեցէք ձեր թղթածրարներուն համար։ Երրորդ օրինակը կարելի է գործածել որպէս սեւագիր։ Քարտուղարը պէտք է ցուցակագրելը վերահսկէ եւ վերակացու տեսուչը պէտք է ամբողջացած ֆօրմը ստուգէ։ Քարտուղարը եւ վերակացու տեսուչը պիտի ստորագրեն ֆօրմը։

◼ Ժողովքները պէտք է սկսին խնդրել Եհովայի Վկաներու 1997–ի Օրացոյցը, իրենց Սեպտեմբեր ամսուան գրականութիւններու խնդրանքին հետ։ Օրացոյցները մատչելի պիտի ըլլան հետեւեալ լեզուներով. Անգլերէն, Գերմաներէն, Դանիերէն, Թրքերէն, Իտալերէն, Լեհերէն, Խրուաթերէն, Հոլանտերէն, Հունգարերէն, Ճաբոներէն, Յունարէն, Նորվեկերէն, Շուէտերէն, Ուքրաներէն, Չեխերէն, Չինարէն, Ռումաներէն, Ռուսերէն, Սերպերէն, Սպաներէն, Փորթիւկալերէն, Քորեայերէն, Ֆինլանտերէն եւ Ֆրանսերէն։

◼ Օգոստոս 28–31, 1996, Ընկերութիւնը Պրուքլինի Պէթէլին բոլոր գրականութիւնները պիտի ցուցակագրէ։ Այս ցուցակագրութեան պատճառաւ, ժողովքներուն խնդրած գրականութիւնները պիտի չպատրաստուին առաքելու կամ ստանալու համար այդ օրերուն ընթացքին։

◼ Մատչելի Նոր Գրականութիւններ.

Այն Կառավարութիւնը որ Դրախտ Պիտի Բերէ —Չեխերէն

Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ —Թամուլերէն, Թոնկաներէն, Հինտի

Դիտարանի Գրականութիւններուն Նիւթերու Ցանկ 1991–1994 —Գերմաներէն, Իտալերէն, Ճաբոներէն, Շուէտերէն, Սպաներէն

Դիտարանի Գրականութիւններուն Նիւթերու Ցանկ 1986–1990 —Սերպերէն

Եհովան Փառաբանենք Մեր Երգերով (Պզտիկ չափ) —Թրքերէն

Երրորդութեան Պէ՞տք Է Հաւատաք —Պուլկարերէն

Հայր մը Փնտռել (Պուտտայականներու համար) —Վիեթնամերէն

Ճակատագիրը Մեր Կեանքը կը Ղեկավարէ՞, թէ ոչ Աստուած Մեզ Համարատու կը Նկատէ (Թերթիկ թիւ 71) —Մակեդոներէն

Տառապանքը Վերջ մը Պիտի Գտնէ՞ (Թերթիկ թիւ 75) —Չինարէն

◼ Մատչելի Նոր Սկաւառակներ.

Դիտարանի Գրադարան—1995–ի Հրատարակութիւն —Անգլերէն

◼ Մատչելի Նոր Պատկերիզներ.

Եհովայի Վկաները—Անուն մը, Կազմակերպութիւն մը —Ռուսերէն

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել