Հարցումի Տուփ
◼ Ի՞նչպիսի կանխազգուշացումներ հարկ են, երբ ծառայութեան բերմամբ հակառակ սեռի պատկանող անհատի մը հետ կ’ընկերակցինք։
Լաւ պատճառներով՝ կ’ակնկալենք որ եղբայրներ ու քոյրեր իրենց անձնական վարքին մէջ բարոյական բարձր չափանիշներու հետեւին։ Այսուհանդերձ, կ’ապրինք անմաքուր եւ թոյլատու աշխարհի մը մէջ, որ բարոյական շատ քիչ սահմանափակումներ ունի։ Մինչ լաւ մղումներ կրնանք ունենալ, սակայն յարատեւաբար ուշադիր պէտք է ըլլանք նախատինք բերելէ, կամ անպատշաճ բանի մը միջամուխ ըլլալէ խուսափելու համար։ Ասիկա կը նշանակէ զգոյշ ըլլալ, երբ ծառայութեան կը մասնակցինք։
Դաշտի ծառայութան մէջ, յաճախ հակառակ սեռի պատկանող անհատներու կը հանդիպինք, որոնք երեւութապէս անկեղծ հետաքրքրութիւն ցոյց կու տան ճշմարտութեան հանդէպ։ Երբ ծառայութեան մէջ մեզի ընկերակցող մը չունինք, եւ հակառակ սեռի պատկանող անհատ մը մեզ ներս հրաւիրէ ու տունը ուրիշ մէկը չըլլայ, ընդհանրապէս աւելի լաւ պիտի ըլլայ որ դուռէն ներկայացնենք պատգամը, փոխանակ ներս մտնելու։ Եթէ անհատը հետաքրքրուած է, կարգադրութիւն կրնայ ըլլալ որ ուրիշ հրատարակիչի մը հետ գանք, կամ՝ երբ տան մէջ ուրիշ անհատներ կան։ Եթէ ասիկա կարելի չէ, աւելի իմաստութիւն է վերայցելութիւնը փոխանցել նոյն սեռի պատկանող անհատի մը։ Ասիկա կը կիրարկուի նաեւ հակառակ սեռի պատկանողի մը հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարելու պարագային։—Մատթ. 10։16
Պէտք է զգոյշ ըլլանք, երբ ծառայութեան համար մեզի ընկերակցող մէկը կ’ընտրենք։ Թէեւ հակառակ սեռի պատկանող հրատարակիչներ երբեմն կրնան միասին աշխատիլ, բայց աւելի լաւ կ’ըլլայ երբ այդ ըլլայ խմբային ծառայութեան ընթացքին։ Ընդհանրապէս, նոյնիսկ երբ ծառայութեան մէջ ենք, իմաստութիւն պիտի չըլլայ մեզի համար, առանձին ժամանակ անցընել հակառակ սեռի պատկանող անհատի մը հետ, որ մեր կողակիցը չէ։ Հետեւաբար, ծառայութեան խումբին պատասխանատու եղբայրը, պէտք է այս ուղղութեամբ լաւ դատողութիւն գործածէ, երբ միասնաբար աշխատելու համար հրատարակիչներ կամ պատանիներ կը նշանակէ։ Միշտ լաւ դատողութիւն գործածելով, պիտի խուսափինք թէ՛ մեզի եւ թէ ‘ոեւէ մէկուն գայթակղութիւն պատճառելէ’։—Բ. Կորն. 6։3