Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Յուլիսին եւ Օգոստոսին. Հետեւեալ 32 էջնոց երկու գրքոյկներէն մէկը. «Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ» եւ Աստուած Իրապէս Հոգ կը Տանի՞ Մեզի։ Սեպտեմբերին. Ընտանեկան Կեանքդ Երջանիկ Ընել։ Հոկտեմբերին. Դիտարան պարբերաթերթը։ Երբ վերայցելութիւններուն հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերուի, կրնաք բաժանորդագրութիւն ներկայացնել։
◼ Օգոստոս ամիսը հինգ շաբաթավերջեր ունենալով, կրնայ յարմար ժամանակ մը ըլլալ որ շատեր օժանդակ ռահվիրայութեան մասնակցին։
◼ Սեպտեմբերէն սկսեալ, շրջանային տեսուչները՝ «Եհովայի Փրկելու Զօրութեան Վստահեցէ՛ք» խորագրով հանրային դասախօսութիւնը պիտի ներկայացնեն։