Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Սեպտեմբերին. Ընտանեկան Կեանքդ Երջանիկ Ընել։ Հոկտեմբերին. Դիտարան պարբերաթերթը։ Երբ վերայցելութիւններուն հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերուի, կրնաք բաժանորդագրութիւն ներկայացնել։ Ամսուան երկրորդ կիսուն, Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 35–ը պիտի բաշխուի։ Նոյեմբերին. Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 35–ին բաշխումը պիտի շարունակուի։ Այն ժողովքները որոնք իրենց թաղամասերը կը ծածկեն, իւրաքանչիւր տանտիրոջ Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 35–էն օրինակ մը տալով, կրնան Գիտութիւն գիրքը ներկայացնել։ Դեկտեմբերին. Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց։
◼ Սեպտեմբեր 1–ին կամ անկէ անմիջապէս ետք, վերակացու տեսուչը կամ իր կողմէ նշանակուած անհատ մը ժողովքի հաշիւները պէտք է ստուգէ։ Ասիկա կատարելէ ետք, ժողովքին ծանուցում մը ըրէք։
◼ Միացեալ Նահանգներու զինուորագրութեան կանոնները կը պահանջեն որ բոլոր տղամարդիկը արձանագրուին նամակատան մէջ, երբ 18 տարեկան կ’ըլլան։ Բոլոր անոնք որոնցմէ պահանջուած է որ ասիկա ընեն, պէտք է արագօրէն հոգ տանին այս հարցին, զայն նկատելով որպէս Քրիստոնեայի մը պարտաւորութիւնը վերին հեղինակութիւններուն հանդէպ։ Երէցները պիտի ուզեն ասիկա ի մտի ունենալ եւ յարմար վերյիշեցումներ մատուցանել երիտասարդ եղբայրներուն, որոնք 18 տարեկան պիտի ըլլան։ Այս առնչութեամբ երիտասարդ Քրիստոնեային պատասխանատուութիւններուն մասին եղած հարցումներուն երէցները կրնան պատասխանել։
◼ Երէցներուն կը վերյիշեցնենք որ գործադրեն Դիտարան 1 Յուլիս 1991 համարին մէջ տրուած թելադրութիւնները, էջ 21–23, ոեւէ վտարուողի կամ իր ընկերակցութիւնը խզած անհատի առնչութեամբ, որ կրնայ վերընդունուելու միտում ունենալ։
◼ 30 կամ աւելի անհատներէ բաղկացած խումբերը, որոնք կը ծրագրեն Ընկերութեան շէնքերը այցելել, կարեւոր է որ նախ թղթակցին Central Tour Desk–ին հետ, 100 Watchtower Drive, Patterson, NY 12563-9204։ Այս Գրասենեակը հոգ պիտի տանի այն խումբերուն որոնք պիտի այցելեն Պրուքլինի Պէթէլը, Դիտարանի Ագարակները Ուոլգիլի մէջ, Դիտարանի Ուսուցումի Կեդրոնը Փէթըրսընի մէջ կամ Ճրզի Սիթիին Համաժողովի Սրահը։ Իւրաքանչիւր վայրի այցելութեան համար հաճեցէք տեղեկութիւններ հայթայթել թէ քանի՛ հոգի պիտի գան եւ ո՛ր թուականներուն ու ժամերուն։ Ընկերութիւնը մատչելի շրջագայութեանց մասին նկարագրութիւն մը պիտի հայթայթէ, ինչպէս նաեւ՝ քարտէս մը որ ցոյց կու տայ իւրաքանչիւր վայրին ուղղութիւնները։ ԻՋԵՒԱՆԵԼՈՒ ԱՌՆՉՈՒԹԵԱՄԲ ԺՈՂՈՎՔԻ ԵՐԷՑՆԵՐՈՒՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՂՐԿՈՒԱԾ ԵՆ ԵՒ ԿԱՐԵԼԻ Է ԺՈՂՈՎՔԻ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԷՆ ԶԱՆՈՆՔ ՍՏԱՆԱԼ։
◼ Ժողովքի մը հետ ընկերակցող անհատները Դիտարան–ի եւ Զարթի՛ր–ի նոր կամ նորոգուած բոլոր բաժանորդագրութիւնները, մէջը ըլլալով իրենց անհատական բաժանորդագրութիւնները, ժողովքին միջոցով պէտք է ղրկեն։
◼ Ընկերութիւնը հրատարակիչներու կողմէ անհատական գետնի վրայ եղած գրականութեան ապսպրանքները չ’ընդունիր։ Վերակացու տեսուչը պէտք է կարգադրէ որ ամէն ամիս ծանուցում մը ըլլայ, ժողովքի գրականութեան ամսական խնդրագիրը Ընկերութեան ղրկուելէն առաջ, որպէսզի բոլոր անոնք որոնք հետաքրքրուած են գրականութիւններ ստանալով, իրենց ապսպրանքը ներկայացնեն գրականութեան պատասխանատու եղբօր։ Հաճեցէք ի մտի ունենալ թէ ո՛ր գրականութիւնները կանխիկ վճարուելու են։
◼ Ժողովքները կրնան սկսիլ ապսպրել՝ Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը—Պատկերիզի Վրայ (Հատոր 1-6) Ամերիկեան Համրերու Լեզուով։ Այս պատկերիզները պէտք է ապսպրել միայն անոնց համար, որոնք Ամերիկեան Համրերու Լեզուին քաջածանօթ են։
◼ Երբ ժողովքները գրականութիւններ կ’ապսպրեն, ի մտի պէտք է ունենան թէ Ընկերութեան CD-ROM–ը պէտք չէ անխտիր բաշխուի։ Անիկա գլխաւորաբար հրատարակիչներուն գործածութեան համար է։
◼ Մայիս 1997–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին «Հարցումի Տուփ»ը յանձնարարեց որ զգոյշ ըլլանք, երբ հակառակ սեռի պատկանող հրատարակիչներուն հետ ծառայութեան մէջ կ’ընկերակցինք։ Այս առնչութեամբ, բոլորս ալ լաւ պատճառներ ունինք առողջ դատողութիւն գործածելու։ Սակայն, ասիկա չի նշանակեր թէ ճամբորդող տեսուչները կամ նոյնիսկ ուրիշ եղբայրներ չեն կրնար քոյրերու հետ դաշտի ծառայութեան ելլել։ Փոխարէն, գաղափարը այն էր թէ իմաստութիւն չէ, որ եղբայր մը առանձին կանոնաւորաբար ժամանակ անցընէ հակառակ սեռի պատկանող միեւնոյն անհատին հետ, եթէ անիկա որեւէ կերպով իր ազգականը չէ։
◼ Մատչելի Նոր Գրականութիւններ.
Աստուածային Անունը որ Յաւիտեան Պիտի Գոյատեւէ —Արաբերէն
Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց —Սլովաքերէն
Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ —Միանմար, Պուլկարերէն
Գիրք մը՝ Բոլոր Մարդոց Համար —Անգլերէն, Իտալերէն, Յունարէն, Չինարէն, Չինարէն Պարզուած, Սպաներէն, Վիեթնամերէն, Փորթուկալերէն, Քորէայերէն, Ֆրանսերէն
Դժոխքի Կրակ—Աստուածային Արդարութեան Մաս կը Կազմէ՞ (Թերթիկ Թիւ 74) —Արաբերէն
Դիտարանի Գրականութիւններուն Նիւթերու Ցանկ–1996 —Անգլերէն
Երկրի Վրայ Կեանքը Յաւիտեան Վայելեցէ՛ք —Թիպէդ
Երրորդութեան Պէ՞տք Է Հաւատաք —Պարսկերէն
Ընտանեկան Կեանքը Վայելեցէք (Թերթիկ Թիւ 21) —Լիթուաներէն
Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը —Թրքերէն, Ուրտույերէն
Ի՛նչպէս Սկսիլ ու Շարունակել Աստուածաշունչի Խօսակցութիւններ —Կուճարաթի
Քսաներորդ Դարու Եհովայի Վկաները —Վիեթնամերէն