Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Նոյեմբերին. Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 35 թերթիկին բաշխումը պիտի շարունակուի։ Այն ժողովքները որոնք իրենց թաղամասերը կը ծածկեն, իւրաքանչիւր տանտիրոջ Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 35 թերթիկէն օրինակ մը տալով, կրնան Գիտութիւն գիրքը ներկայացնել։ Դեկտեմբերին. Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց։ Յունուարին. 1985–էն առաջ հրատարակուած որեւէ 192 էջնոց գիրք, զոր ժողովքը ունի։ Այն ժողովքները որոնք այսպիսի գրականութիւններ չունին, կրնան ներկայացնել Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը մէջ գիրքը։ Փետրուարին. Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ։
◼ Մասնայատուկ արշաւը Նոյեմբեր 16–ին ամբողջանալէն ետք, այն ժողովքները որոնք տակաւին Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 35 թերթիկէն քանակ մը ունին, կրնան հրատարակիչներուն քաջալերել որ զանոնք ներկայացնեն ինչպէս միւս թերթիկները կը ներկայացնեն, դռնէ–դուռի ատեն կամ այլուր։ Եթէ յարմար է, հրատարակիչները կրնան օրինակ մը ձգել տունը չեղողներուն համար, վստահ ըլլալով որ անցորդները զանիկա չեն տեսներ։ Ջանք պէտք է թափուի այս կարեւոր պատգամին մնացեալ բոլոր օրինակները բաշխելու։
◼ Ժողովքները պէտք է սկսին ապսպրել՝ Եհովայի Վկաներու 1998–ի Տարեգիրք–ը, իրենց Նոյեմբերի ապսպրանքներուն հետ։ Տարեգիրք–ը մատչելի պիտի ըլլայ հետեւեալ լեզուներով. Անգլերէն, Արաբերէն, Գերմաներէն, Իտալերէն, Լեհերէն, Հունգարերէն, Ճափոներէն, Յունարէն, Շուէտերէն, Չինարէն, Ռուսերէն, Սպաներէն, Փորթուկալերէն, Քորէայերէն եւ Ֆրանսերէն։
◼ Մատչելի Նոր Ձայներիզներ
Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ (հինգ ձայներիզներ՝ ալպոմի մը մէջ) —Սպաներէն
◼ Մատչելի Նոր Պատկերիզներ.
Նոյ Աստուծոյ Հետ Քալեց —Անգլերէն