Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Մարտին. Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Կեդրոնացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու վրայ։ Ապրիլին եւ Մայիսին. Դիտարան պարբերաթերթը։ Յունիսին. Որեւէ 192 էջնոց գիրք։
◼ Այն հրատարակիչները որոնք Ապրիլ ու Մայիս ամիսներու ընթացքին կը փափաքին որպէս օժանդակ ռահվիրաներ ծառայել, հիմա իսկ պէտք է ծրագրեն ու իրենց դիմումնագիրը ներկայացնեն։ Ասիկա պիտի օգնէ երէցներուն որ անհրաժեշտ եղած դաշտի ծառայութեան կարգադրութիւնները ընեն ու բաւարար քանակով պարբերաթերթեր եւ տարբեր գրականութիւններ ապահովեն։ Ժողովքին ծանուցանեցէք որպէս օժանդակ ռահվիրայ ընդունուողներուն անունները։
◼ Մարտ 1–ին կամ անկէ անմիջապէս ետք, վերակացու տեսուչը, կամ իր կողմէ նշանակուած անհատ մը, ժողովքի հաշիւները պէտք է ստուգէ։ Ասիկա կատարելէ ետք, ժողովքին ծանուցում մը ըրէք։
◼ Ժողովքի մը հետ ընկերակցող անհատները Դիտարան–ի եւ Զարթի՛ր–ի նոր կամ նորոգուած բոլոր բաժանորդագրութիւնները, մէջը ըլլալով իրենց անհատական բաժանորդագրութիւնները, ժողովքին միջոցով պէտք է ղրկեն։
◼ Ընկերութիւնը հրատարակիչներու կողմէ անհատական գետնի վրայ եղած գրականութեան ապսպրանքներ չ’ընդունիր։ Վերակացու տեսուչը պէտք է կարգադրէ որ ամէն ամիս ծանուցում մը ըլլայ, ժողովքի գրականութեան ամսական խնդրագիրը Ընկերութեան ղրկուելէն առաջ, որպէսզի բոլոր անոնք որոնք հետաքրքրուած են գրականութիւններ ստանալով, իրենց ապսպրանքը ներկայացնեն գրականութեան պատասխանատու եղբօր։ Հաճեցէք ի մտի ունենալ թէ ո՛ր գրականութիւնները կանխիկ վճարուելու են։
◼ Մատչելի Նոր Գրականութիւններ.
Աստուածաշունչի Սկզբնական Ուսուցումներ —Լաոսերէն
Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ —Իսլանտերէն, Լահուերէն, Պիգոլերէն
Գիրք մը՝ Բոլոր Մարդոց Համար —Թակալոկ, Թայ, Իլոքօ, Հիլիկայնոն, Ճափոներէն, Սէպուանօ, Ֆիճիերէն
Դիտարանի Գրականութիւններու Նիւթերու Ցանկ 1986-1995 —Ճափոներէն
Երիտասարդները կը Հարցնեն—Գործնական Պատասխաններ —Թայ