Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Յուլիսին եւ Օգոստոսին. Հետեւեալ 32 էջնոց գրքոյկներէն որեւէ մէկը կրնայ գործածուիլ. «Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ», Աստուած Իրապէս Հոգ կը Տանի՞ Մեզի եւ Գիրք մը՝ Բոլոր Մարդոց Համար։ Սեպտեմբերին. Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Հոկտեմբերին. Դիտարան պարբերաթերթը։ Վերայցելութիւններու ընթացքին երբ հետաքրքրութիւն տեսնուի, կրնաք բաժանորդագրութիւն ներկայացնել։
◼ Օգոստոս ամիսը հինգ շաբաթավերջեր ունենալով, լաւ ժամանակ մըն է որ շատեր օժանդակ ռահվիրայութեան մասնակցին։
◼ Սեպտեմբերէն սկսեալ, շրջանային տեսուչները պիտի ներկայացնեն՝ «Աստուծոյ Հետ կը Քալէ՞ք» խորագրով հանրային դասախօսութիւնը։
◼ Մատչելի Նոր Գրականութիւններ.
Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց —Վիեթնամերէն
Դիտարանի Գրականութիւններու Նիւթերու Ցանկ—1997 —Անգլերէն
Եհովան Ո՞վ Է (Թերթիկ Թիւ 23) —Անգլերէն
Ընտանեկան Հաճելի Կեանք մը Վայելեցէք (Թերթիկ Թիւ 21) —Փափիամէնթօ
Քսաներորդ Դարու Եհովայի Վկաները —Արեւելահայերէն
◼ Մատչելի Նոր Ձայներիզներ.
Եբրայերէն Գրութիւններու Ալպոմ՝ Հատոր Բ., Ա. Թագաւորաց գրքէն մինչեւ Սաղմոսաց (21 ձայներիզներ) —Իտալերէն
◼ Պրայ Լեզուով Մատչելի Նոր Գրականութիւններ.
Սեպտեմբեր թիւէն սկսեալ, Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկը մատչելի պիտի ըլլայ՝ Բ. կարգի Անգլերէնով։ Վերակացու տեսուչները պէտք է շուտով նկատի առնեն թէ իրենց ժողովքին մէջ որո՛նք կրնան Բ. կարգի Անգլերէնը կարդալ ու օրինակ մը ստանալու որակելի են։ Նամակով մը Ընկերութեան տեղեակ պահեցէք, նշելով անհատներուն անուններն ու հասցէները, իսկ պահարանին վրայ գրեցէք. ATTENTION: BRAILLE DESK։
◼ Մատչելի Նոր Պատկերիզներ.
Եհովայի Վկաները Հաստատ կը Մնան Նացի Յարձակման Դիմաց —Ռումաներէն