Առաջնորդութիւնը Առնող Տեսուչներ—Վերակացու Տեսուչը
1 Ժողովքին մէջ որպէս տեսուչ ծառայելը լուրջ պատասխանատուութիւն մըն է։ (Գործք 20։28. Ա. Տիմ. 3։1) Այս յօդուածը յօդուածաշարքի մը առաջինն է, որ Քրիստոնեայ երէցներու զանազան պարտականութիւնները պիտի ընդգծէ, որպէսզի բոլորս ալ կարենանք գնահատել մեզի համար անոնց ըրած կարեւոր գործը։
2 Ընկերութիւնը վերակացու տեսուչը կը նշանակէ անորոշ ժամանակ մը ծառայելու համար։ Գործերը համակարգելով, ան կ’օգնէ երէցներուն որ իրենց նշանակուած պատասխանատուութիւններուն պատշաճ ուշադրութիւն ընծայեն։ (Մեր Ծառայութիւնը էջ 42) Ասիկա ի՞նչ կ’ընդգրկէ։
3 Վերակացու տեսուչը ժողովքին յղուած նամակները կը ստանայ եւ զանոնք շուտով կը փոխանցէ քարտուղարին։ Երէցներու ժողովին առ ի պատրաստութիւն, վերակացու տեսուչը երէցներէն թելադրութիւններ կը ստանայ քննարկուելիք հարցերուն մասին եւ կը պատրաստէ օրակարգը։ Ան երէցներու ժողովին որպէս ատենապետ կը ծառայէ։ Երբ որոշումներ տրուին, ան վստահ կ’ըլլայ որ անոնք պատշաճօրէն կը կատարուին։ Ան Ծառայութեան Ժողովի եւ հանրային դասախօսութիւններու յայտագրին պատրաստութիւնը կը վերահսկէ։ Ժողովին մէջ եղած բոլոր ծանուցումներուն իր հաւանութիւնը կու տայ, սրահին սովորական ծախսերու վճարումները կը վաւերացնէ եւ վստահ կ’ըլլայ որ ժողովքի հաշիւներու եռամսեայ ստուգումը կը կատարուի։
4 Որպէս ատենապետ, վերակացու տեսուչը Ժողովքի Ծառայութեան Յանձնախումբին աշխատանքը կը համակարգէ։ Երբ Աստուածաշունչի աշակերտ մը խնդրէ չմկրտուած հրատարակիչ մը ըլլալ, կամ երբ չմկրտուած հրատարակիչ մը ուզէ մկրտուիլ, վերակացու տեսուչը կը կարգադրէ որ երէցները անհատին հետ տեսակցութիւն մը ունենան։ Վերակացու տեսուչը նաեւ առաջնորդութիւնը կ’առնէ շրջանային տեսուչի այցելութեան համար պատրաստութիւններ տեսնելու մէջ, որպէսզի ժողովքը կարենայ լիովին օգտուիլ գործունէութեան այդ մասնայատուկ շաբաթէն։
5 Վերակացու տեսուչին պարտականութիւնները շատ եւ այլազան են։ Մինչ ան խոնարհաբար իր պատասխանատուութեանց իսկական «ջանքով» հոգ կը տանի, բոլորս մեր բաժինը կրնանք բերել երէցներուն հետ համագործակցելով։ (Հռովմ. 12։8) Եթէ մեր մէջ առաջնորդութիւն առնողներուն ‘մտիկ ընենք’ եւ ‘հնազանդ ըլլանք’, անոնք իրենց աշխատանքը աւելի մեծ ուրախութեամբ կրնան կատարել։—Եբր. 13։17