Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 8/98 էջ 7
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
թծ 8/98 էջ 7

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Օգոստոսին. Հետեւեալ 32 էջնոց գրքոյկներէն որեւէ մէկը կրնայ գործածուիլ. «Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ», Աստուած Իրապէս Հոգ կը Տանի՞ Մեզի եւ Գիրք մը՝ Բոլոր Մարդոց Համար։ Սեպտեմբերին. Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Հոկտեմբերին. Դիտարան պարբերաթերթը։ Վերայցելութիւններու ընթացքին երբ հետաքրքրութիւն տեսնուի, կրնաք բաժանորդագրութիւն ներկայացնել։ Նոյեմբերին. Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։

◼ Բաւարար քանակով պատճեններ պիտի ղրկուին իւրաքանչիւր ժողովքի, որպէսզի 1999–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին գործածուին։ Հաճեցէք այս պատճենները իմաստութեամբ գործածել։ Զանոնք պէտք է գործածել միայն իրենց որոշուած նպատակին համար։

◼ Իւրաքանչիւր ժողովք Գրականութիւններու Ցուցակագրութեան պատճենէն (S(d)-18) երեք օրինակ պիտի ստանայ։ Օգոստոսին սկիզբը ժողովքի քարտուղարը գրականութիւններու ծառային հետ պէտք է հանդիպում մը ունենայ եւ թուական մը որոշէ ժողովքի գրականութիւնները ցուցակագրելու համար ամսուան վերջաւորութեան։ Բոլոր գրականութիւններուն իսկական համրանքը պէտք է առնուի եւ համագումարը պէտք է արձանագրուի Գրականութիւններու Ցուցակագրութեան պատճենին վրայ։ Պարբերաթերթերու ծառայէն կարելի է առնել մատչելի պարբերաթերթերուն ընդհանուր գումարը։ Հաճեցէք բուն օրինակը Ընկերութեան ղրկել Սեպտեմբեր 6–էն առաջ։ Օրինակ մը պահեցէք ձեր թղթածրարներուն համար։ Երրորդ օրինակը որպէս սեւագիր կարելի է գործածել։ Քարտուղարը պէտք է ցուցակագրելը վերահսկէ, իսկ վերակացու տեսուչը պէտք է ամբողջացած պատճենը ստուգէ։ Քարտուղարը եւ վերակացու տեսուչը պիտի ստորագրեն պատճենը։

◼ Ժողովքները պէտք է սկսին խնդրել Եհովայի Վկաներու 1999–ի Օրացոյց–ը, իրենց Սեպտեմբեր ամսուան գրականութիւններու խնդրանքին հետ։ Օրացոյցները մատչելի պիտի ըլլան հետեւեալ լեզուներով. Ալպաներէն, Անգլերէն, Արաբերէն, Գերմաներէն, Դանիերէն, Թրքերէն, Իտալերէն, Լեհերէն, Խրուաթերէն, Հայերէն, Հոլանտերէն, Հունգարերէն, Ճափոներէն, Յունարէն, Նորվեկերէն, Շուէտերէն, Ուգրաներէն, Չեխերէն, Չինարէն, Ռումաներէն, Ռուսերէն, Սերպերէն, Սպաներէն, Փորթուկալերէն, Քորէայերէն, եւ Ֆրանսերէն։

◼ Օգոստոս 28-31, 1998, Ընկերութիւնը Պրուքլինի մէջ գտնուած բոլոր գրականութիւնները պիտի ցուցակագրէ։ Այս ցուցակագրութեան պատճառով, ժողովքներու գրականութեան խնդրանքներու առաքումը պիտի առկախուի այդ օրերուն ընթացքին։

◼ Ժողովքի Ծառայութեան Յանձնախումբը կանոնաւոր ռահվիրայութեան բոլոր դիմումնագիրները արագօրէն պէտք է նկատի առնէ։ Ծառայութեան յանձնախումբը դիմումնագիր մը պէտք չէ իր քով պահէ, փորձելով վստահ ըլլալ որ դիմումնագիր ներկայացնողը կարող է պահանջուած ժամերուն հասնիլ։ Հրատարակիչի խնդրած նշանակումի թուականը կարելի է ինքնաբերաբար փոփոխութեան ենթարկել, երբ Ընկերութիւնը ստանայ դիմումնագիրը այդ թուականէն ետք։ Յետսազդեցիկ նշանակումներ կ’ըլլան միայն երբ մեղմացուցիչ պարագաներ կան։ Եթէ այսպիսի պարագաներ գոյութիւն ունին, դիմումնագրին հետ նամակ մը պէտք է ղրկուի։—Տես՝ Օգոստոս 1986–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականը, պարբերութիւն՝ 24-26։

◼ Մատչելի Նոր Գրականութիւններ.

Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ —Ուոլոֆերէն

Դիտարանի Գրականութիւններու Նիւթերու Ցանկ—1986-1995 —Իտալերէն

Դիտարանի Գրականութիւններու Նիւթերու Ցանկ—1996 —Ճափոներէն, Սպաներէն

Դրախտ Բերող Կառավարութիւնը —Վրացերէն

Կեանքը Ի՞նչպէս Գոյացաւ—Բարեշրջութեա՞մբ թէ Ստեղծագործութեամբ —Եբրայերէն

Սուրբ Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն (Մեծ չափ, առանց վերագրումներու) —Յունարէն

◼ Մատչելի Նոր Ձայներիզներ.

Եբրայերէն Գրութիւններու Ալպոմ—Հատոր Բ., Դատաւորացէն մինչեւ Բ. Մնացորդաց (19 ձայներիզներ) —Ճափոներէն

Եբրայերէն Գրութիւններու Ալպոմ—Հատոր Գ., Եզրասայէն մինչեւ Եսայեայ (18 ձայներիզներ) —Ճափոներէն

Եբրայերէն Գրութիւններու Ալպոմ—Հատոր Դ., Երեմեայէն մինչեւ Մաղաքեայ (16 ձայներիզներ) —Ճափոներէն

Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը (հինգ ձայներիզներ ալպոմի մը մէջ) —Շուէտերէն

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել