Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 9/98 էջ 3
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
թծ 9/98 էջ 3

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Սեպտեմբերին. Գիտութիւնը Որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Հոկտեմբերին. Դիտարան պարբերաթերթը։ Վերայցելութիւններու ընթացքին երբ հետաքրքրութիւն տեսնուի, կրնաք բաժանորդագրութիւն ներկայացնել։ Նոյեմբերին եւ Դեկտեմբերին. Գիտութիւնը Որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։

◼ Սեպտեմբեր 1–ին կամ անկէ անմիջապէս ետք, վերակացու տեսուչը կամ իր կողմէ նշանակուած անհատ մը ժողովքի հաշիւները պէտք է ստուգէ։ Ասիկա կատարելէ ետք, ժողովքին ծանուցում մը ըրէք։

◼ Միացեալ Նահանգներու զինուորագրութեան կանոնները կը պահանջեն որ բոլոր տղամարդիկը արձանագրուին նամակատան մէջ, երբ 18 տարեկան կ’ըլլան։ Բոլոր անոնք որոնցմէ պահանջուած է որ ասիկա ընեն, պէտք է արագօրէն հոգ տանին այս հարցին, զայն նկատելով որպէս Քրիստոնեայի մը պարտաւորութիւնը վերին հեղինակութիւններուն հանդէպ։ Երէցները պիտի ուզեն ասիկա ի մտի ունենալ եւ յարմար վերյիշեցումներ մատուցանել երիտասարդ եղբայրներուն, որոնք 18 տարեկան պիտի ըլլան։ Այս առնչութեամբ երիտասարդ Քրիստոնեային պատասխանատուութիւններուն մասին եղած հարցումներուն երէցները կրնան պատասխանել։

◼ Երէցներուն կը վերյիշեցնենք որ գործադրեն Դիտարան 1 Յուլիս 1991 համարին մէջ տրուած թելադրութիւնները, էջ 21-23, ոեւէ վտարուողի կամ իր ընկերակցութիւնը խզած անհատի առնչութեամբ, որ կրնայ վերընդունուելու միտում ունենալ։

◼ Ժողովքի մը հետ ընկերակցող անհատները Դիտարան–ի եւ Զարթի՛ր–ի նոր կամ նորոգուած բոլոր բաժանորդագրութիւնները, մէջը ըլլալով իրենց անհատական բաժանորդագրութիւնները, ժողովքին միջոցով պէտք է ղրկեն։

◼ Ընկերութիւնը հրատարակիչներու կողմէ անհատական գետնի վրայ եղած գրականութեան ապսպրանքները չ’ընդունիր։ Վերակացու տեսուչը պէտք է կարգադրէ որ ամէն ամիս ծանուցում մը ըլլայ, ժողովքի գրականութեան ամսական խնդրագիրը Ընկերութեան ղրկուելէն առաջ, որպէսզի բոլոր անոնք որոնք հետաքրքրուած են գրականութիւններ ստանալով, իրենց ապսպրանքը ներկայացնեն գրականութեան պատասխանատու եղբօր։ Հաճեցէք ի մտի ունենալ թէ ո՛ր գրականութիւնները կանխիկ վճարուելու են։

◼ Ընկերութիւնը 1951-1959 տարիներու ԱՆԳԼԵՐԷՆ Դիտարան–ի հատորներէն քանակ մը ունի։ Ոեւէ հրատարակիչ կամ նոր ժողովք որ կը փափաքի այս գրականութիւնները ստանալ, ժողովքի գրականութիւններու ծառային միջոցաւ կրնայ ապսպրանք ընել։ (Տես՝ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը, Ապրիլ 1997, Հարցումի Տուփ. Դիտարան 1 Նոյեմբեր 1994 [Անգլերէն], էջ 28-31։)

◼ Մատչելի Նոր Գրականութիւններ.

Մեզի Հոգ Տանող Ստեղծիչ մը Կա՞յ —Անգլերէն, Իտալերէն, Յունարէն, Չինարէն, Չինարէն (Պարզուած), Սպաներէն, Վիեթնամերէն, Փորթուկալերէն, Քորէայերէն, Ֆրանսերէն

Ի՞նչ կը Պատահի Մեզի Երբ կը Մեռնինք —Անգլերէն, Իտալերէն, Յունարէն, Չինարէն, Չինարէն (Պարզուած), Սպաներէն, Վիեթնամերէն, Փորթուկալերէն, Քորէայերէն, Ֆրանսերէն

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել