Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 12/98 էջ 2-7
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
թծ 12/98 էջ 2-7

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Դեկտեմբերին. Գիտութիւնը Որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Յունուարին. 192 էջնոց որեւէ գիրք։ Փետրուարին. Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը։ Մարտին. Գիտութիւնը Որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Մասնաւոր ջանք պիտի թափուի տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար։

◼ Քանի որ Գաղաադու շրջանաւարտութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ 13 Մարտ 1999–ին, այդ օրը Նիւ Եորքի մէջ գտնուող Պրուքլինի, Փէթըրսընի եւ Ուոլգիլի համալիրներուն մէջ շրջապտոյտներ տեղի պիտի չունենան։ Անոնք որոնք ծրագրած էին այդ Շաբաթը այցելել, թող իրենց այցելութիւնը ուրիշ յարմար ժամանակի մը ձգեն։ Այդ օրը ժողովքի գրականութեան ապսպրանքներու առաքում կամ յանձնում պիտի չըլլայ։

◼ Ժողովքները իրենց Դեկտեմբեր ամսուան գրականութիւններու ապսպրանքին հետ պէտք է սկսին ապսպրել 1998–ի Դիտարան–ի ու Զարթի՛ր–ի կազմուած հատորները։ Կազմուած հատորները մատչելի պիտի ըլլան հետեւեալ լեզուներով. Անգլերէն, Գերմաներէն, Իտալերէն, Լեհերէն, Խրուաթերէն, Հոլանտերէն, Ճափոներէն, Յունարէն, Չինարէն, Ռումաներէն, Ռուսերէն, Սպաներէն, Փորթուկալերէն, Քորէայերէն եւ Ֆրանսերէն։

◼ Դեկտեմբեր 1–ին կամ անմիջապէս անկէ ետք, վերակացու տեսուչը կամ իր կողմէ նշանակուած անհատ մը պէտք է ժողովքի հաշիւները ստուգէ։ Ասիկա կատարելէ ետք, ժողովքին ծանուցում մը ըրէք, հաշիւի յաջորդ տեղեկագիրը կարդացուելէն ետք։

◼ 2000 թուականի Յիշատակատօնը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի՝ Ապրիլ 19–ին, արեւնամուտէն ետք։ Այս ծանօթագրութիւնը կանուխէն կը տրուի, որպէսզի եղբայրները կարենան մատչելի սրահներուն համար անհրաժեշտ վերապահութիւնները կամ պայմանագրութիւնները ընել, երբ մի քանի ժողովքներ միեւնոյն Թագաւորութեան Սրահը կը գործածեն եւ ուրիշ վայրեր ապահովելու կարիքը ունին։ Երէցները վարչութեան հետ համաձայնութիւն մը պէտք է կնքեն, վստահ ըլլալու համար որ միեւնոյն կառոյցին մէջ տեղի ունեցող ուրիշ գործունէութիւններ չխանգարեն Յիշատակատօնի տօնակատարութիւնը, այնպէս որ անիկա խաղաղութեամբ ու կարգապահութեամբ ընթանայ։ Առիթին կարեւորութեան ի տես, Յիշատակատօնի դասախօսը նշանակելու համար, երէցներու մարմինը պէտք է ընտրէ որակելի երէցներէն մէկը, փոխանակ կարգով ամէն տարի երէց մը նշանակելու կամ նոյն եղբայրը գործածելու։ Բացառութիւն կարելի է ընել եթէ օծեալ կարող երէց մը կայ, որ կրնայ դասախօսութիւնը ներկայացնել։

◼ Աստուծոյ Ուղղութիւնը—Դրախտ Տանող Ճամբան խորագրով գրքոյկ մը պատրաստուելու վրայ է եւ մօտ ատենէն լոյս պիտի տեսնէ։ Այս գրքոյկը ծրագրուած է պանդուխտ Մահմետականներու համար, որոնք կ’ապրին միջավայրի մը մէջ, ուր Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու ազատութիւն ունին։ Այս գրքոյկը աւելի քան 20 լեզուներով մատչելի պիտի ըլլայ։ Ներկայիս, միայն Անգլերէն լեզուով կրնաք ապսպրել. մնացեալ լեզուներով երբ մատչելի ըլլայ, ձեզի պիտի իմացնենք։

◼ Յունուար ամիսը հինգ շաբաթավերջ ունենալով, յարմար ամիս մըն է օժանդակ ռահվիրայութեան համար։

◼ Մատչելի Նոր Գրականութիւններ.

Յունուար–Մարտ 1999–ի համարէն սկսեալ, Զարթի՛ր–ը լոյս պիտի տեսնէ Թիկրինիա եւ Վիեթնամերէն լեզուներով, եռամսեայ հրատարակութեամբ։

◼ Մատչելի Նոր Ձայներիզներ.

8 Յունուար 1999–ի համարէն սկսեալ, Սպաներէնով Զարթի՛ր–ի ձայներիզներ մատչելի պիտի ըլլան։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել