Աստուածպետական Լուրեր
◼ Ալպանիա. Յունուարին տեղեկագրող 1,556 հրատարակիչներու նոր գագաթ թիւը, անցեալ տարուան միջինին վրայ 20 առ հարիւր յաւելում մըն է։
◼ Պէլօ. Դեկտեմբերին տեղեկագրող 73 հրատարակիչներուն թիւը, անցեալ տարուան միջինին վրայ 20 առ հարիւր յաւելում մըն է, իսկ առջի տարուան Դեկտեմբերի վրայ ասիկա 22 առ հարիւր յաւելում մըն է։
◼ Գանատա. 1 Յունուար 1999–էն սկսեալ չորս հարիւր վաթսուն նոր կանոնաւոր ռահվիրաներ նշանակուեցան։
◼ Միացեալ Նահանգներ. Ընկերութիւնը աղիտեալներու օգնութեան յանձնախումբեր նշանակեց, հարաւային Միացեալ Նահանգներու մէջ փոթորիկներու պատճառած վնասներուն հոգ տանելու համար։ Ասիկա պարփակեց Թէքսասի հեղեղները եւ Ֆլորիտա Գիզի մէջ Ճորճ Ուրականի պատճառած վնասները։ Դրացիները հիացան եղբայրներուն օգնելու համար, Ընկերութեան ըրած կարգադրութիւններուն եւ օգնութեան աշխատանքին կատարուած կերպին վրայ։