Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 1/00 էջ 3
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
թծ 1/00 էջ 3

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Յունուարին. 1986–էն առաջ հրատարակուած որեւէ 192 էջնոց գիրք, որ ժողովքը ունի։ Ժողովքներ որոնք այս գրքերէն չունին, կրնան՝ Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը Մէջ գիրքը ներկայացնել։ Փետրուարին. Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը։ Մարտին. Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար մասնայատուկ ջանք պիտի թափուի։ Ապրիլին. Դիտարան պարբերաթերթը։ Հետաքրքրուած անհատներու համար Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը ձեր քով ունեցէք, եւ ջանացէք տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։

◼ Յունուար 10–ով սկսող շաբաթը, Ծառայութեան Ժողովին ներկայ եղող մկրտուած բոլոր հրատարակիչները պիտի ստանան Բժշկական Կանխայայտ Ցուցմունք/Անպարտագիր քարտը, իսկ իրենց զաւակները՝ Անձնագիրը։

◼ Փետրուարէն սկսեալ, իսկ Մարտ 5–էն ոչ աւելի ուշ, շրջանային տեսուչներուն համար նոր հանրային դասախօսութիւնը պիտի ըլլայ՝ «Իսկական Արմագեդոնը՝ Ինչո՞ւ եւ Ե՞րբ»։

◼ Ժողովքները կարգադրութիւններ պէտք է ընեն այս տարի Յիշատակատօնը տօնակատարելու համար, Չորեքշաբթի՝ Ապրիլ 19–ին, արեւնամուտէն ետք։ Թէեւ դասախօսութիւնը կանուխ կրնայ սկսիլ, սակայն Յիշատակատօնի խորհրդանիշերուն հրամցուիլը պէտք է սկսի արեւնամուտէն ետք։ Տեղական աղբիւրներէ տեղեկացէք թէ արեւնամուտը ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ ձեր շրջանին մէջ։ Մինչ փափաքելի է որ իւրաքանչիւր ժողովք Յիշատակատօնը առանձին տօնակատարէ, բայց ասիկա միշտ կարելի չէ։ Ուր որ մի քանի ժողովքներ սովորաբար նոյն Թագաւորութեան Սրահը կը գործածեն, թերեւս մէկ կամ աւելի ժողովքներ կարենան կարգադրել ուրիշ վայր մը գործածել այդ իրիկուան համար։ Հոն ուր կարելի է, կը թելադրենք որ առնուազն 40 վայրկեան ըլլայ երկու յայտագիրներուն միջեւ. ասիկա ժամանակ պիտի տայ որ այցելուներուն բարեւենք, նոր հետաքրքրուած անհատներ քաջալերենք եւ առիթէն լիովին օգտուինք։ Նկատի պէտք է առնուի նաեւ խճողումի եւ ինքնաշարժները շարելու, ինչպէս նաեւ անհատներ հասցնելու եւ վերադարձնելու հարցը։ Երէցները պէտք է որոշեն թէ ո՛ր կարգադրութիւնները լաւագոյնն են իրենց ժողովքին համար։

◼ 2000–ի Յիշատակատօնի շրջանին հանրային մասնաւոր դասախօսութիւնը պիտի ներկայացուի Կիրակի օր՝ Ապրիլ 16–ին։ Դասախօսութեան բնաբանը պիտի ըլլայ՝ «Մարդկութիւնը Ինչո՛ւ Փրկանքի մը Կարիքը Ունի»։ Ուրուագիծ մը պիտի հայթայթուի։ Այդ շաբաթավերջին շրջանային տեսուչի այցելութիւնը, շրջանային համաժողովը կամ միօրեայ մասնաւոր համաժողովը ունեցող ժողովքները մասնաւոր դասախօսութիւնը յաջորդ շաբաթ պիտի ունենան։ Որեւէ ժողովք 16 Ապրիլ 2000–էն առաջ պէտք չէ ունենայ մասնաւոր դասախօսութիւնը։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել