Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Յուլիսին եւ Օգոստոսին. Կրնաք գործածել հետեւեալ 32 էջնոց գրքոյկներէն որեւէ մէկը. Աստուած Իրապէս Հոգ կը Տանի՞ Մեզի, Ի՞նչ կը Պատահի Մեզի Երբ կը Մեռնինք, եւ՝ Պէ՞տք Է Հաւատաք Երրորդութեան։ Երբ յարմար տեսնէք, կրնաք ներկայացնել Գիրք մը՝ Բոլոր Մարդոց Համար գրքոյկը։ Սեպտեմբերին. Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը։ Հոկտեմբերին. Դիտարան պարբերաթերթը։ Երբ վերայցելութիւններուն հետաքրքրութիւն ցուցաբերուի, կարելի է բաժանորդագրութիւն ներկայացնել։
◼ Սեպտեմբերէն սկսեալ, շրջանային տեսուչները պիտի ներկայացնեն հետեւեալ բնաբանով հանրային դասախօսութիւնը՝ «Մարդկային Իշխանութիւնը Կշիռքով կը Կշռուի»։
◼ Քանի որ Փէնսիլվանիոյ Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան տարեկան ժողովը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ 7 Հոկտեմբեր 2000–ին, այդ օրը շրջապտոյտներ պիտի չըլլան Ընկերութեան՝ Նիւ Եորքի մէջ գտնուող Պրուքլինի, Փէթըրսընի եւ Ուոլգիլի համալիրներուն մէջ։ Անոնք որոնք ծրագրած են այդ Շաբաթ օրը այցելել, իրենց այցելութիւնը պէտք է յետաձգեն։ Այդ օրը, ժողովքներուն խնդրած գրականութիւններու առաքում, կամ յանձնում պիտի չըլլայ։
◼ Եթէ կը փափաքիք աղէտեալներուն նիւթական օգնութիւն ընել, կրնաք ձեր նուիրատուութիւնները Ընկերութեան ուղարկել, որ այս նպատակին համար օգնութեան յատուկ հիմնադրամ մը տրամադրած է։ Հասցէն հետեւեալն է. Watchtower, 25 Columbia Heights, Brooklyn, NY 11201-2483։ (Տես՝ Դիտարան 1 Ապրիլ 1986, էջ 8-10) Ընկերութեան կամ աղէտեալ շրջանը ապրանքներ կամ պաշար մի՛ ղրկէք, բացի երբ Ընկերութիւնը կամ օգնութեան յանձնախումբը ձեզմէ խնդրէ ասիկա ընել։ Ասիկա նպաստներու կարգաւ եւ պատշաճ բաշխումին պիտի օգնէ։
◼ Մատչելի Նոր Գրականութիւններ.
Աստուածաշունչի Խօսակցութեան Բնաբաններ —Ռումաներէն
Արդեօք Տառապանքը Օր մը Վերջ Պիտի Գտնէ՞ (Թերթիկ Թիւ 75) —Վիեթնամերէն
«Բոլոր Գիրքը»—Վաւերական եւ Օգտակար (Գրքոյկ՝ գործածուելու համար 2000–ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ) —Ուգրաներէն, Ռուսերէն
Դժոխքի Կրակ. Անիկա Աստուածային Արդարութեան Մաս կը Կազմէ՞ (Թերթիկ Թիւ 74) —Ֆրանսերէն
Դիտարանի Գրականութիւններու Նիւթերու Ցանկ—1997 —Արաբերէն
Դիտարանի Գրականութիւններու Նիւթերու Ցանկ—1986-1995 —Ֆրանսերէն
Ի՞նչ Յոյս՝ Մեր Սիրելի Ննջեցեալներուն Համար (Թերթիկ Թիւ 16) —Միսքիդոյերէն
Ճակատագի՞րը կ’Իշխէ Մեր Կեանքին, Թէ Ոչ Աստուած Մեզ Պատասխանատու կը Բռնէ (Թերթիկ Թիւ 71) —Ուոլոֆերէն, Ֆրանսերէն
Յիսուս Քրիստոս Ո՞վ Է (Թերթիկ Թիւ 24) —Իտալերէն, Պարսկերէն, Քինուարուանտա
Պատանիները կը Հարցնեն—Գործնական Պատասխաններ —Մալթերէն, Սերպերէն
◼ Մատչելի Նոր Ձայներիզներ.
Բ. Օրինաց (երկու ձայներիզով) —Հոլանտերէն
Դատաւորաց եւ Հռութայ (երկու ձայներիզով) —Հոլանտերէն
Յեսուայ (երկու ձայներիզով) —Հոլանտերէն
Շարունակեցէք Ձեր Աչքը Պարզ Պահել (Թատերախաղ, մէկ ձայներիզով) —Քորէայերէն
Վերապրումի Համար Նշան Ստացած (Թատերախաղ, մէկ ձայներիզով) —Քորէայերէն