Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 1/01 էջ 3
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
թծ 1/01 էջ 3

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Յունուարին. 1986–էն առաջ հրատարակուած որեւէ 192 էջնոց գիրք, որ ժողովքը ունի։ Փետրուարին. Որեւէ 192 էջնոց հին գիրք, որ ժողովքը ունի։ Մարտին. Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար մասնայատուկ ջանք պիտի թափուի։ Ապրիլին. Դիտարան պարբերաթերթը։ Երբ վերայցելութիւններու ընթացքին հետաքրքրութիւն ցուցաբերուի, կարելի է բաժանորդագրութիւն ներկայացնել։ Ներկայացուցէք Գիտութիւն գիրքը կամ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը, տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու միտումով։

◼ 2002 թուականի Յիշատակատօնը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի՝ Մարտ 28–ին, արեւնամուտէն ետք։ Այս նախազգուշացումը կը տրուի, որպէսզի եղբայրները կարենան մատչելի սրահներուն համար հարկ եղած վերապահումները կամ պայմանագրութիւնները ընել, երբ մի քանի ժողովքներ միեւնոյն Թագաւորութեան Սրահը կը գործածեն եւ ուրիշ վայրեր ապահովելու կարիքը ունին։ Երէցները վարչութեան հետ համաձայնութիւն մը պէտք է կնքեն, վստահ ըլլալու համար որ միեւնոյն կառոյցին մէջ տեղի ունեցող ուրիշ գործունէութիւններ չխանգարեն Յիշատակատօնի տօնակատարութիւնը, որպէսզի անիկա խաղաղութեամբ ու կարգապահութեամբ ընթանայ։ Առիթին կարեւորութեան ի տես, Յիշատակատօնի դասախօսը նշանակելու համար, երէցներու մարմինը պէտք է ընտրէ որակելի երէցներէն մէկը, փոխանակ պարզապէս ամէն տարի հերթականութեամբ երէց մը նշանակելու կամ նոյն եղբայրը գործածելու։ Բացառութիւն կարելի է ընել, եթէ օծեալ կարող երէց մը կայ, որ կրնայ դասախօսութիւնը ներկայացնել։

◼ Յունուար 8–ով սկսող շաբաթը, Ծառայութեան Ժողովին ներկայ եղող մկրտուած բոլոր հրատարակիչները կրնան ստանալ Բժշկական Կանխայայտ Ցուցմունք/Անպարտագիր քարտը, իսկ իրենց զաւակները՝ Անձնագիրը։

◼ Փետրուարէն սկսեալ, իսկ Մարտ 4–էն ոչ աւելի ուշ, շրջանային տեսուչներուն համար նոր հանրային դասախօսութիւնը պիտի ըլլայ՝ «Դատաստանի Օրը—Վախի՞՝ թէ Յոյսի Ժամանակ մը»։

◼ Ժողովքները կարգադրութիւններ պէտք է ընեն այս տարի Յիշատակատօնը տօնակատարելու համար, Կիրակի՝ Ապրիլ 8–ին, արեւնամուտէն ետք։ Թէեւ դասախօսութիւնը կանուխ կրնայ սկսիլ, սակայն Յիշատակատօնի խորհրդանիշերուն հրամցուիլը պէտք է սկսի արեւնամուտէն ետք։ Տեղական աղբիւրներէ տեղեկացէք թէ արեւնամուտը ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ ձեր շրջանին մէջ։ Քանի որ այդ օր դաշտի ծառայութեան ժողովներէն զատ ուրիշ ժողովներ տեղի պիտի չունենան, պատշաճ փոփոխութիւններ պէտք է ըլլան Դիտարան–ի Ուսումնասիրութեան ժողովը ուրիշ օր մը ընելու համար։ Շրջանային տեսուչները այդ շաբթուան համար պէտք է իրենց ժողովներու յայտագրին մէջ փոփոխութիւններ մտցնեն տեղական պարագաներուն համաձայն։ Մինչ փափաքելի է որ իւրաքանչիւր ժողովք Յիշատակատօնը առանձին տօնակատարէ, բայց ասիկա միշտ կարելի չէ։ Ուր որ մի քանի ժողովքներ սովորաբար նոյն Թագաւորութեան Սրահը կը գործածեն, թերեւս մէկ կամ աւելի ժողովքներ կարենան կարգադրել ուրիշ վայր մը գործածել այդ իրիկուան համար։ Հոն ուր կարելի է, կը թելադրենք որ առնուազն 40 վայրկեան ըլլայ երկու յայտագիրներուն միջեւ. ասիկա ժամանակ պիտի տայ որ այցելուներուն բարեւենք, նոր հետաքրքրուած անհատները քաջալերենք եւ առիթէն լիովին օգտուինք։ Նկատի պէտք է առնուի նաեւ խճողումի եւ ինքնաշարժները շարելու, ինչպէս նաեւ անհատներ հասցնելու եւ վերադարձնելու հարցը։ Երէցները պէտք է որոշեն թէ ո՛ր կարգադրութիւնները լաւագոյնն են իրենց ժողովքին համար։

◼ 2001–ի Յիշատակատօնի շրջանին հանրային մասնաւոր դասախօսութիւնը պիտի ներկայացուի Կիրակի օր՝ Ապրիլ 1–ին։ Դասախօսութեան բնաբանը պիտի ըլլայ՝ «Ո՞վ Կրնայ Փրկուիլ»։ Ուրուագիծ մը պիտի հայթայթուի։ Այդ շաբաթավերջին շրջանային տեսուչի այցելութիւնը, շրջանային համաժողով կամ միօրեայ մասնաւոր համաժողով ունեցող ժողովքները մասնաւոր դասախօսութիւնը Ապրիլ 9–ով սկսող շաբաթը պիտի ունենան։ Որեւէ ժողովք 1 Ապրիլ 2001–էն առաջ պէտք չէ ունենայ մասնաւոր դասախօսութիւնը։

◼ 1 Յունուար 2001–էն սկսեալ, Գաօնտէ եւ Սէշէլի Գրիօլ լեզուներով Դիտարան–ը ամսական հրատարակութիւն, իսկ Սիլոզերէն լեզուով Դիտարան–ը կիսամսեայ հրատարակութիւն պիտի ըլլայ։

◼ 8 Յունուար 2001–էն սկսեալ,Պուլկարերէն եւ Ուրտույերէն լեզուներով Զարթի՛ր–ը ամսական հրատարակութիւն պիտի ըլլայ։

◼ Մատչելի Նոր Գրականութիւններ.

Աստուծոյ Բարեկամը Կրնա՛ք Ըլլալ—Արաբերէն, Իհուէ, Լեհերէն, Չինարէն (Պարզուած), Սուահիլի

Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ —Չինարէն (Ձայնական)

Դրախտ Բերող Կառավարութիւնը —Քիրունտի

Եսայիի Մարգարէութիւնը—Լոյս՝ Ամբողջ Մարդկութեան Համար, Հատոր Ա.—Լեհերէն

Սուրբ Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն—Սէսոթօ, Ցուաներէն

Սուրբ Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն՝ Վերագրումներով—Չեխերէն

Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն—Ալպաներէն, Հունգարերէն

◼ Մատչելի Նոր Ձայներիզներ.

Մեր Հոգեւոր Ժառանգութիւնը Գնահատենք (Թատերախաղ, մէկ ձայներիզով)—Ճափոներէն

Ձեր Աչքը Պարզ Պահեցէք (Թատերախաղ, մէկ ձայներիզով)—Կուճարաթի, Հինտի

1 Յունուար 2001–էն սկսեալ Հոլանտերէն լեզուով Դիտարան–ը ձայներիզի վրայ մատչելի պիտի ըլլայ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել