Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 4/01 էջ 4-7
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
թծ 4/01 էջ 4-7

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Ապրիլին եւ Մայիսին. Դիտարան պարբերաթերթը։ Երբ վերայցելութիւններու ընթացքին հետաքրքրութիւն ցուցաբերուի, կարելի է բաժանորդագրութիւն ներկայացնել։ Ներկայացուցէք Գիտութիւն գիրքը կամ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը, տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու միտումով։ Յունիսին. Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ կամ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու վրայ կեդրոնացէք։ Յուլիսին. Հետեւեալ 32 էջնոց գրքոյկներէն մէկը կրնայ գործածուիլ. «Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ», Աստուած Իրապէս Հոգ կը Տանի՞ Մեզի, Երբ Սիրելի մը Մեռնի. . ., Երկրի Վրայ Կեանքը Յաւիտեան Վայելեցէ՛ք, Ի՞նչ Է Կեանքին Նպատակը. Ինչպէ՞ս Կրնաք Գտնել Զայն, Ի՞նչ կը Պատահի Մեզի Երբ կը Մեռնինք եւ Պէ՞տք Է Հաւատաք Երրորդութեան։ Գիրք մը՝ Բոլոր Մարդոց Համար գրքոյկը կրնայ ներկայացուիլ երբ յարմար է։

◼ Ապրիլէն սկսեալ, 2001–ի նահանգային համաժողովի լանջանշանները հետեւեալ լեզուներով՝ Անգլերէն, Թակալոկ, Իտալերէն, Լեհերէն, Հայերէն, Ճափոներէն, Յունարէն, Չինարէն, Ռուսերէն, Սպաներէն, Վիեթնամերէն, Փորթուկալերէն, Քորէայերէն եւ Ֆրանսերէն, ինքնաբերաբար պիտի ղրկուին գրականութեան առաքումներուն հետ։ Հարկ չկայ ապսպրել զանոնք։ Լանջանշանները պիտի ղրկուին 25–ական ծրարներով, իւրաքանչիւր ժողովքի ծաւալին համաձայն։ Եթէ ժողովքը յաւելեալ լանջանշաններու պէտք ունենայ, անոնք պէտք է ապսպրուին Գրականութիւններու Ապսպրանքի Պատճենով (S-14)։ Ժողովքէն անոնք որոնք կը փափաքին լանջանշանի բլասթիքէ պատեաններ ունենալ, պէտք է ապսպրեն զանոնք։

◼ «2001–ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Յայտագիր»ին մէջ Թիւ 3 եւ Թիւ 4 Նշանակումները առնուած են Պատճառաբանել գրքին նշուած էջերէն ու պարբերութիւններէն։ Երբ գրքին պարբերութիւնները կը համրէք, միայն ներս քաշուած նոր տողով սկսող պարբերութիւնները պէտք է համրուին։

◼ Ընկերութեան համար անհրաժեշտ է, վերակացու տեսուչներու եւ քարտուղարներու այժմու հասցէները եւ հեռաձայնի թիւերը ունենալ։ Եթէ որեւէ ատեն փոփոխութիւն մը ըլլայ, քարտուղարը՝ Վերակացու Տեսուչի/Քարտուղարի Հասցէի Փոփոխութիւն (S-29) պատճենը պէտք է լեցնէ ու փութով Ընկերութեան ղրկէ։ Ասիկա կը պարփակէ նաեւ շրջանի գոտերու որեւէ փոփոխութիւն։

◼ Ժողովքի քարտուղարները հետեւեալ պատճեններէն բաւարար քանակութեամբ իրենց մօտ պէտք է ունենան. Կանոնաւոր Ռահվիրայական Ծառայութեան Դիմումնագիր (S-205), Օժանդակ Ռահվիրայական Ծառայութեան Դիմումնագիր (S-205b)։ Ասոնք կրնան ապսպրուիլ Գրականութիւններու Ապսպրանքի Պատճենով (S-14)։ Առնուազն մէկ տարուան պահեստ ունեցէք։ Կանոնաւոր ռահվիրայութեան բոլոր դիմումնագիրները ղրկելէ առաջ, վստահ եղէք որ անոնք ամբողջացուած են։ Եթէ դիմումնագիր ներկայացնողները իրենց մկրտութեան ճշգրիտ թուականը չեն յիշեր, մօտաւոր թուական մը պէտք է որոշեն եւ այդ ուղղութեամբ արձանագրութիւն մը պահեն։

◼ Եսայիի Մարգարէութիւնը—Լոյս՝ Ամբողջ Մարդկութեան Համար, Հատոր Ա.–ի մեծատառ տպագրութիւնը կը պատրաստուի տեսողութեան տկարութիւն ունեցողներու օգտին համար։ Պարբերաթերթի մը չափը ունեցող բարակ կողքով գիրքը 512 էջնոց պիտի ըլլայ եւ առանց պատկերներու, իսկ տառերուն չափը հաւասար պիտի ըլլայ երկու ուսումնասիրութիւն բովանդակող Դիտարան–ի մեծատառ տպագրութեան։ Հիմակուհիմա միա՛յն Անգլերէն լեզուով մատչելի պիտի ըլլայ։ Ուրիշ լեզուներ պիտի ծանուցուին մինչ մատչելի կ’ըլլան։ Ասիկա կարելի է ապսպրանքի պատճենին վրայ նշել որպէս Եսայիի Մարգարէութիւնը Հատոր Ա.–Մեծատառ։

◼ Երբ ճամբորդելու ձեր անձնական ծրագիրները կը պարփակեն ուրիշ երկրի մը մէջ ժողովքային հանդիպումներու, շրջանային կամ նահանգային համաժողովներու ներկայ գտնուիլ, թուականներու, ժամերու կամ հասցէներու նկատմամբ տեղեկութիւններ ստանալու ձեր խնդրանքները պէտք է ուղարկուին այդ երկրին մէջ գործը վերահսկող մասնաճիւղի գրասենեակին։ Մասնաճիւղերու հասցէները կը գտնուին ընթացիկ Տարեգիրք–ի մը վերջին էջին վրայ։

◼ Փորթուկալերէն Դիտարան–ը ձայներիզի վրայ մատչելի պիտի ըլլայ, 1 Ապրիլ 2001–էն սկսեալ։

◼ Մատչելի Նոր Գրականութիւններ.

«Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ»—Փալաւաներէն

Աստուածային Անունը որ Յաւիտեան Պիտի Գոյատեւէ—Թիկրինիա

Աստուածաշունչ—Մոնկերէն

Աստուածաշունչի Խօսակցութեան Բնաբաններ—Լաոսերէն

Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ (Պզտիկ չափ)—Արեւելահայերէն, Թուվալույերէն

Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ—Աթեսօ, Զէնտիերէն, Էտօ, Թուվալույերէն, Լուկանտա, Լուվալէ, Լուօ, Կուներէն, Չիլուպա, Ռութորօ, Սամար–Լէյթի, Սուահիլի (Քոնկօ), Փոնաբիներէն, Քաննատերէն, Ֆօն

Աստուած Իրապէս Հոգ կը Տանի՞ Մեզի—Եբրայերէն

Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Ուղեգիրք—Հունգարերէն

Աստուծոյ Բարեկամը Կրնա՛ք Ըլլալ—Հոլանտերէն, Ուրտույերէն

Աստուծոյ Ուղղութիւնը—Դրախտ Տանող Ճամբան—Կուճարաթի, Մալայալամ, Ուրտույերէն, Չեխերէն, Պարսկերէն, Պենկալերէն

Արիւնը Ի՞նչպէս Կրնայ Փրկել Ձեր Կեանքը—Եբրայերէն

«Բոլոր Գիրքը»—Վաւերական եւ Օգտակար (2001–ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ գործածուելիք գրքոյկ)—Ռուսերէն

Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ—Կուներէն

Գիրք մը՝ Բոլոր Մարդոց Համար—Թուի, Մալայալամ, Սուահիլի

Դժոխքի Կրակ. Աստուածային Արդարութեան Մաս կը Կազմէ՞—Թուի, Հայերէն

Դրախտ Բերող Կառավարութիւնը—Քիրունտի

Դրախտին Ճամբան Ի՛նչպէս Գտնել (Մահմետականներու համար)—Ուոլոֆերէն, Ֆինլանտերէն

Եհովայի Վկաներ—Որո՞նք Են. Ի՞նչ Են Իրենց Հաւատալիքները—Արաբերէն, Չինարէն, Չինարէն (Պարզացուած)

Եհովայի Վկաներու Հաւատալիքները Ի՞նչ Են (Թերթիկ Թիւ 14)—Հիլիկայնոն

Եհովան Ո՞վ Է (Թերթիկ Թիւ 23)—Արեւելահայերէն, Թելուկու, Իհուէ, Հիլիկայնոն, Ղազախերէն, Ճափոներէն, Մալայալամ, Մոնկոլերէն, Չեխերէն, Պենկալերէն, Սինհալա, Սուահիլի

Եհովան Փառաբանենք Մեր Երգերով (29 երգեցողութիւններով)—Հինտի

Եսայիի Մարգարէութիւնը—Լոյս՝ Ամբողջ Մարդկութեան Համար, Հատոր Ա.—Ամհարիգերէն, Հոլանտերէն

Երբ Սիրելի մը Մեռնի. . .—Եբրայերէն, Հայերէն

Երկրի Վրայ Կեանքը Յաւիտեան Վայելեցէ՛ք—Հայերէն

Ընտանեկան Հաճելի Կեանք մը Վայելեցէք (Թերթիկ Թիւ 21)—Հիլիկայնոն

Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը—Սալոմոն Կղզիներու Փիճն

Ի՞նչ Է Կեանքին Նպատակը. Ինչպէ՞ս Կրնաք Գտնել Զայն—Արեւելահայերէն, Հայերէն

Ի՞նչ կը Պատահի Մեզի Երբ կը Մեռնինք—Փափիամէնթօ

Ի՞նչ Յոյս՝ Մեր Սիրելի Ննջեցեալներուն Համար (Թերթիկ Թիւ 16)—Հիլիկայնոն

Ինչո՛ւ Կրնաք Աստուածաշունչին Վստահիլ (Թերթիկ Թիւ 13)—Հիլիկայնոն

Ի՛նչպէս Աստուածաշունչի Խօսակցութիւններ Սկսիլ եւ Շարունակել—Լաոսերէն

Իրապէս Ո՞վ կը Տիրէ Աշխարհին (Թերթիկ Թիւ 22)—Հիլիկայնոն

Խաղաղ Կեանք՝ Նոր Աշխարհի մը Մէջ (Թերթիկ Թիւ 15)—Պամպարայերէն, Պարի, Սանկօ

Կեանքը Ի՞նչպէս Գոյացաւ—Բարեշրջութեա՞մբ թէ Ստեղծագործութեամբ (Պզտիկ չափ)—Մալայալամ

Մեզի Հոգ Տանող Ստեղծիչ մը Կա՞յ—Ֆինլանտերէն

Մխիթարութիւն Յուսալքեալներուն (Թերթիկ Թիւ 20)—Հիլիկայնոն

Յիսուս Քրիստոս Ո՞վ Է (Թերթիկ Թիւ 24)—Թուի, Իհուէ, Ինտոնեզերէն, Լեհերէն, Մարշալերէն, Չեխերէն, Ռուսերէն, Սէպուանօ, Սինհալա, Սլաւերէն, Սլովաքերէն, Ֆինլանտերէն

Ներկայ Աշխարհը Պիտի Վերապրի՞ (Թերթիկ Թիւ 19)—Հիլիկայնոն

Որո՞նք Են Եհովայի Վկաները (Թերթիկ Թիւ 73)—Ասսամերէն, Թելուկու

Ուշադրութիւն Ընծայեցէ՛ք Դանիէլի Մարգարէութեան—Կայերէն, Սուահիլի

Պատանիները կը Հարցնեն—Գործնական Պատասխաններ—Լաթվիերէն, Վիեթնամերէն

Սուրբ Գրութիւններով Պատճառաբանել—Միանմար

Սուրբ Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն—Մեծատառ (չորս հատորով)—Ճափոներէն

Սուրբ Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն (Ոսկեզօծ. մատչելի է սեւ կամ թուխ կարմիր կաշիէ կողքով)—Յունարէն

Սուրբ Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն (Մեծ չափ)—Լեհերէն

Ցարդ Ապրած Մեծագոյն Մարդը—Թիկրինիա, Պուլկարերէն

Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն—Ռումաներէն

1986-1995–ի Դիտարանի Գրականութիւններու Նիւթերու Ցանկ—Լեհերէն, Քորէայերէն

1996-1997–ի Դիտարանի Գրականութիւններու Նիւթերու Ցանկ—Ուքրաներէն

1996-1998–ի Դիտարանի Գրականութիւններու Նիւթերու Ցանկ—Քորէայերէն

1997–ի Դիտարանի Գրականութիւններու Նիւթերու Ցանկ—Հոլանտերէն, Սպաներէն, Ֆրանսերէն

1998–ի Դիտարանի Գրականութիւններու Նիւթերու Ցանկ—Ֆրանսերէն

1999–ի Դիտարանի Գրականութիւններու Նիւթերու Ցանկ—Իտալերէն, Ֆրանսերէն

◼ Մատչելի Նոր Ձայներիզներ.

Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ (չորս ձայներիզ մէկ ալպոմի մէջ)—Չեխերէն

Աստուածպետական Կարգադրութիւնները Ինչո՞ւ Յարգել (Թատերախաղ, մէկ ձայներիզով)—Սպաներէն

Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ (հինգ ձայներիզ մէկ ալպոմի մէջ)—Ճափոներէն

Գործք Առաքելոց (երեք ձայներիզով)—Քորէայերէն

Դանիէլ (մէկ ձայներիզով)—Ֆինլանտերէն

Երբ Սիրելի մը Մեռնի. . . (մէկ ձայներիզով)—Գերմաներէն, Դանիերէն, Սպաներէն

Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը (չորս ձայներիզ մէկ ալպոմի մէջ)—Ճափոներէն

Թուղթ Առ Հռովմայեցիս (մէկ ձայներիզով)—Քորէայերէն

Ձեր Աչքը Պարզ Պահեցէք (Թատերախաղ, մէկ ձայներիզով)—Հոլանտերէն

Մեր Հոգեւոր Ժառանգութիւնը Գնահատենք (Թատերախաղ, մէկ ձայներիզով)—Գերմաներէն, Լեհերէն

Ո՛վ Ընտանիքներ, Աստուածաշունչի Առօրեայ Ընթերցանութիւնը Ձեր Ապրելակերպը Ըրէք (Թատերախաղ, մէկ ձայներիզով)—Խրուաթերէն, Սերպերէն

Վերապրումի Համար Նշան Ստացած (Թատերախաղ, մէկ ձայներիզով)—Նորվեկերէն

◼ Մատչելի Նոր Պատկերիզներ.

Աստուածաշունչը—Ճշգրիտ Պատմութիւն, Վստահելի Մարգարէութիւն—Չեխերէն

Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ—Մեքսիկական համրերու լեզու

Նոյ՝ Աստուծոյ Հետ Քալեց—Արաբերէն, Չինարէն (Մանտարին), Քորէայերէն

Պատանիները կը Հարցնեն. Ի՞նչպէս Իսկական Ընկերներ Կրնամ Ունենալ—Ճափոներէն

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել