Զօրութեան Համար Եհովայի Ապաւինեցէք
1 Բազմաթիւ պատճառներով պէտք է Եհովայի ապաւինինք։ «Բովանդակ աշխարհի մէջ» բարի լուրը քարոզելը դժուար նշանակում մըն է։ (Մատթ. 24։14) Յարատեւ կը պայքարինք մեր անկատար մարմնին հետ։ (Հռովմ. 7։21-23) Ասկէ զատ, ‘պատերազմ ունինք այս խաւար աշխարհին [գերմարդկային] իշխաններուն հետ’։ (Եփ. 6։11, 12) Բացայայտօրէն, օգնութեան կարիքը ունինք։ Ի՞նչպէս կրնանք Եհովայէ զօրութիւն ստանալ։
2 Աղօթքով. Եհովա իր զօրաւոր սուրբ հոգին առատօրէն կու տայ իր ծառաներուն, որոնք կը խնդրեն զայն։ (Ղուկ. 11։13) Տունէ տուն, փողոցը եւ հեռաձայնով վկայելու ձեր կարողութեան վրայ վստահութեան պակաս ունի՞ք։ Անպաշտօն վկայելու նկատմամբ երկչո՞տ էք։ Թաղամասին մէջ մարդոց անտարբերութիւնը ձեր նախանձախնդրութիւնը նուազեցուցա՞ծ է։ Ի՞նչ պէտք է ընէք եթէ ձեր վրայ ճնշում կը բանեցուի ձեր հաւատքը կամ ուղղամտութիւնը բեկանելու համար։ Եհովայի ապաւինեցէք։ Զօրութեան համար աղօթեցէք։—Փիլ. 4։13
3 Անձնական Ուսումնասիրութեամբ. Ճիշդ ինչպէս որ զօրութիւն կը ստանանք ֆիզիքական կերակուր ուտելով, նմանապէս կը զօրանանք կանոնաւորաբար կերակրուելով Աստուծոյ Խօսքէն եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին պատրաստած գրականութիւններէն։ (Մատթ. 4։4. 24։45) Երբ Սթէնլի Ճոնզի հարցուեցաւ թէ ի՛նչ բան իրեն զօրութիւն տուաւ, որ առանց Աստուածաշունչի կարենար Չինաստանի մէջ տարիներ տոկալ մենակեաց բանտարկութեան, ան ըսաւ. «Կրնա՛նք հաւատքի մէջ հաստատ մնալ։ Բայց անշուշտ, նա՛խ պէտք է ուսումնասիրենք։ Եթէ չուսումնասիրենք, ներքին զօրութիւն չունինք»։
4 Ժողովներուն Ներկայ Գտնուելով. Առաջին դարուն տեղի ունեցած ժողովի մը ընթացքին, Յուդան եւ Շիղան «շատ խօսքերով յորդորեցին եղբայրները ու հաստատեցին»։ (Գործք 15։32) Նմանապէս ներկայիս, ժողովներուն մեր լսած բաները Եհովայի հանդէպ մեր գնահատութիւնը կը խորացնեն, մեր հաւատքը կը կերտեն, եւ մեզ ծառայութեան կը մղեն։ Ժողովները մեզ կանոնաւորաբար շփման մէջ կը բերեն ‘Աստուծոյ թագաւորութեանը համար մեր գործակիցներուն’ հետ, որոնք մեզ «տոգորող ոյժ մը»ն են։—Կող. 4։11, ՆԱ
5 Այս «չար ժամանակներ»ուն մէջ օգնութեան կարիքը ունինք։ (Բ. Տիմ. 3։1) Եհովայէ զօրութիւն ստացողներուն նկատմամբ, մեզի երաշխիք տրուած է. «Անոնք արծիւներու պէս թեւերով պիտի ելլեն, պիտի վազեն ու չթուլնան, պիտի քալեն ու չյոգնին»։—Եսայ. 40։31