Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 2/02 էջ 7
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
թծ 2/02 էջ 7

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Փետրուարին. Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է, կամ՝ որեւէ 192 էջնոց հին գիրք, որ ժողովքը ունի։ Մարտին. Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Մասնայատուկ ջանք պիտի թափուի տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար։ Ապրիլին ու Մայիսին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Վերայցելութիւններու ընթացքին, երբ հետաքրքրութիւն ցոյց տրուի, կարելի է բաժանորդագրութիւն ներկայացնել։ Տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու միտումով, Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը ներկայացուցէք։

◼ Երբ չնշանակուած թաղամաս մը աշխատին, հրատարակիչներ կրնան Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը կամ Գիտութիւն գիրքը ներկայացնել։ Եթէ տանտէրը այս երկու գրականութիւնները արդէն ունի, ուրիշ որեւէ գրականութիւն կրնաք ներկայացնել։ Ամէն ոք պէտք է այլազան թերթիկներ ունենայ, տունը չգտնուողներու, կամ անոնց համար որոնք գրականութիւն չեն ընդունիր։ Ջանք պէտք է թափուի հետաքրքրութիւն մը հետապնդելու, մասնաւորաբար այն չնշանակուած թաղամասերուն մէջ, որոնք մօտակայ ժողովքներու համար դիւրամատչելի են։

◼ Շաբաթ՝ 11 Մայիս 2002–ին, մասնաճիւղի Նիւ Եորքի մէջ գտնուող Պրուքլինի, Փէթըրսընի եւ Ուոլգիլի համալիրները փակ պիտի ըլլան գարնանային մաքրութեան պատճառով։ Այդ օրը շրջապտոյտի համար կարգադրութիւններ պիտի չըլլան, նաեւ, ժողովքները չեն կրնար գրականութիւններ առնել։

◼ Միացեալ Նահանգներու զինուորագրութեան կանոնները կը պահանջեն որ 18 տարեկան ըլլալէն ետք 30 օրուան միջոցին, բոլոր տղամարդիկը նամակատուն երթան ու գրանցուին։ Միացեալ Նահանգներու մէջ մնայուն կեցութիւն հաստատած, 26 տարեկանէն վար եղող հպատակութիւն չունեցող տղամարդիկն ալ պէտք է գրանցուին, հոն բնակող մը ըլլալէն ետք 30 օրուան միջոցին։ Խնդրոյ առարկայ անհատները պէտք է ենթարկուին այս օրէնքին, զայն նկատելով որպէս Քրիստոնեայի մը պարտաւորութիւնը վերին իշխանութիւններուն հանդէպ։ Գրանցուելէն մինչեւ 26 տարեկան ըլլալը, եղբայր մը զինուորագրութեան գրասենեակը պէտք է տեղեակ պահէ հասցէի փոփոխութենէն, փոփոխութիւնը պատահելէն ետք տասը օրուան միջոցին։ Երէցները ի մտի պէտք է ունենան երիտասարդ եղբայրները, որոնք 18 տարեկան պիտի ըլլան, եւ նոր կեցութիւն հաստատողները, որոնք 18–էն 26 տարեկանի միջեւ են, եւ անոնց յիշեցնեն զինուորագրութեան գրասենեակին մէջ գրանցուելու իրենց պարտաւորութիւնը։

◼ Մարտ 1–ին կամ անկէ անմիջապէս ետք, վերակացու տեսուչը, կամ իր կողմէ նշանակուած անհատ մը, ժողովքի հաշիւները պէտք է ստուգէ։ Ասիկա կատարելէ ետք, ժողովքին ծանուցում մը ըրէք, հաշիւի յաջորդ տեղեկագիրը ներկայացնելէ ետք։

◼ Քարտուղարը եւ ծառայութեան տեսուչը վերաքաղ պէտք է ընեն բոլոր կանոնաւոր ռահվիրաներու գործունէութիւնը։ Եթէ ոեւէ մէկը ժամերու պահանջին գոհացում տալու դժուարութիւն կ’ունենայ, երէցները պէտք է կարգադրեն որ աջակցութիւն տրուի անոր։ Թելադրութիւններու համար, վերաքաղ ըրէք տարեկան նամակները (S-201)։ Նաեւ նկատի առէք Օգոստոս 1986 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկի յաւելուածականին 12-20–րդ պարբերութիւնները։

◼ Քարտուղարը հոգ պիտի տանի որ Շրջանային Շինարարութեան Յանձնախումբը տեղեակ ըլլայ Թագաւորութեան Սրահի Կամաւորներու Հարցարանի պատճեններ (S-82) ներկայացուցած, մկրտուած բոլոր հրատարակիչներուն կեցուածքին մասին։ Երբ կամաւորի մը վիճակը փոփոխութեանց ենթարկուի, ինչպէս՝ փոխադրուի, կամ օգնական ծառայ կամ երէց նշանակուի, շուտով նոր պատճեններ պէտք է լեցուին եւ ղրկուին։ Եթէ կամաւորի մը հասցէն կամ հեռաձայնի թիւը փոխուի, կամ եթէ ան այլեւս ժողովքին մէջ օրինակելի չըլլայ, երէցները անմիջապէս նամակով մը Շրջանային Շինարարութեան Յանձնախումբը տեղեակ պէտք է պահեն։

◼ Զգուշացէք այն խաբեբայական հնարքներէն, որոնք շրջաբերութեան մէջ են Համացանցին վրայ եւ թղթատարական միջոցներով, մեր եղբայրներուն ի նպաստ դրամ հաւաքելու համար, աղէտներու զոհ գացողներուն օժանդակելու դիմակին տակ։ Երբ պարագաները պահանջեն որ Եհովայի Վկաներուն նիւթական օժանդակութիւն տալու համար օգնութեան յանձնախումբ մը կազմուի, պատասխանատու եղբայրներ ասկէ տեղեակ պիտի ըլլան։ Այսպիսի կարիքներու համար եղած նուիրատուութիւնները պէտք է ղրկուին հետեւեալ հասցէին՝ Watch Tower, 25 Columbia Heights, Brooklyn, NY 11201-2483։

◼ 2002–ի Յիշատակատօնի շրջանին հանրային մասնաւոր դասախօսութիւնը պիտի ներկայացուի Կիրակի՝ Ապրիլ 14–ին։ Դասախօսութեան բնաբանը պիտի ըլլայ՝ «Ձեր Մտքին Մէջ Պահեցէք ‘Ահեղ Օրը’»։ Ուրուագիծ մը պիտի հայթայթուի։ Այդ շաբաթավերջին շրջանային տեսուչի այցելութիւնը, շրջանային համաժողով կամ միօրեայ մասնաւոր համաժողով ունեցող ժողովքները, մասնաւոր դասախօսութիւնը յաջորդ շաբաթ պիտի ունենան։ Որեւէ ժողովք 14 Ապրիլ 2002–էն առաջ պէտք չէ ունենայ մասնաւոր դասախօսութիւնը։

◼ Մատչելի Նոր Գրականութիւններ.

Աստուածաշունչի Սկզբնական Ուսուցումներ —Թոնկայերէն, Հայիթիեան Գրիօլ

Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ—Աֆրիքաներէն, Մորիշական Գրիօլ, Փունճապի (Պարսկական գիրերով)

Աստուած Իրապէս Հոգ կը Տանի՞ Մեզի —Ինտոնեզերէն

Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Կրթութենէն Օգտուեցէք—Անգլերէն, Սպաներէն, Քորէայերէն

Աստուծոյ Բարեկամը Կրնա՛ք Ըլլալ—Հուսա

Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ—Լուկանտա, Սանկօ, Վրացերէն

Եհովայի Վկաներ—Որո՞նք Են. Ի՞նչ Են Իրենց Հաւատալիքները—Գամպոտերէն, Էսթոներէն, Թակալոկ, Իլոքօ, Ռումաներէն, Սէպուանօ, Փափիամէնթօ

Եհովան Ո՞վ Է (Թերթիկ Թիւ 23)—Եբրայերէն

Եսայիի Մարգարէութիւնը—Լոյս՝ Ամբողջ Մարդկութեան Համար, Հատոր Ա.—Սուահիլի

Եսայիի Մարգարէութիւնը—Լոյս՝ Ամբողջ Մարդկութեան Համար, Հատոր Բ.—Ալպաներէն, Արաբերէն, Գերմաներէն, Եբրայերէն, Թակալոկ, Իլոքօ, Ինտոնեզերէն, Լեհերէն, Խրուաթերէն, Հոլանտերէն, Հունգարերէն, Ճափոներէն, Ուքրաներէն, Չեխերէն, Չինարէն, Չինարէն (Պարզացուած), Ռումաներէն, Սերպերէն, Սէպուանօ, Վիեթնամերէն, Վրացերէն, Ֆինլանտերէն

Եսայիի Մարգարէութիւնը—Լոյս՝ Ամբողջ Մարդկութեան Համար, Հատոր Բ.—Մեծատառ Տպագրութիւն—Անգլերէն

Երբ Սիրելի մը Մեռնի. . .—Եօրուպա

Երկրի Վրայ Կեանքը Յաւիտեան Վայելեցէ՛ք—Ուէյունայքի

Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը—Թոնկայերէն, Իհուէ

Ի՞նչ Յոյս՝ Մեր Սիրելի Ննջեցեալներուն Համար (Թերթիկ Թիւ 16)—Սանկօ

Խաղաղ Կեանք՝ Նոր Աշխարհի մը Մէջ (Թերթիկ Թիւ 15)—Սինտիյերէն

Կը Փափաքէի՞ք Աստուածաշունչին Մասին Աւելին Գիտնալ (Թերթիկ Թիւ 26)—Արաբերէն, Ֆրանսերէն

Մարդկութիւնը որ Աստուած կը Փնտռէ—Մակեդոներէն, Ուքրաներէն

Միտք Դիր Կարդալու եւ Գրելու—Ալպաներէն

Պատանիները կը Հարցնեն—Գործնական Պատասխաններ—Պուլկարերէն, Սամոայերէն

Սուրբ Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն (Ոսկեզօծ՝ գրպանի չափով. մատչելի է սեւ կամ թուխ կարմիր կաշիէ կողքով)—Չինարէն (Պարզացուած)

Սուրբ Աստուածաշունչ (Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն–ով)—Ռուսերէն

◼ Մատչելի Նոր Ձայներիզներ.

Ազդարարական Օրինակներ՝ Մեր Օրերուն Համար—Ձայներիզի Վրայ (Թատերախաղ, մէկ ձայներիզով)—Սպաներէն

Առաջին Թագաւորաց (երկու ձայներիզով)—Հոլանտերէն

Ո՛վ Ընտանիքներ, Աստուածաշունչի Առօրեայ Ընթերցանութիւնը Ձեր Ապրելակերպը Ըրէք (Թատերախաղ, մէկ ձայներիզով)—Փորթուկալերէն

Ովսեայ գրքէն մինչեւ Մաղաքեայ (երեք ձայներիզով)—Ֆինլանտերէն

Վերապրումի Համար Նշան Ստացած (Թատերախաղ, մէկ ձայներիզով)—Գերմաներէն, Հոլանտերէն, Փորթուկալերէն

Ցարդ Ապրած Մեծագոյն Մարդը—Ձայներիզի Վրայ (ութը ձայներիզ մէկ ալպոմի մէջ)—Շուէտերէն

◼ Մատչելի Նոր Պատկերիզներ.

Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ—Պատկերիզի Վրայ—Ռուսական Համրերու Լեզու

Պատանիները կը Հարցնեն. Ի՞նչպէս Իսկական Ընկերներ Կրնամ Ունենալ—Գերմաներէն, Իտալերէն

Ցարդ Ապրած Մեծագոյն Մարդը—Պատկերիզի Վրայ, Հատոր Ե.—Ամերիկեան Համրերու Լեզու

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել