Ձեր Ունեցածով Գոհացէք
1 Սուրբ Գրութիւնները մեզ կը յորդորեն որ մեր ընտանիքին նիւթական կարիքները հայթայթենք, սակայն, ասիկա պէտք չէ մեր կեանքին գլխաւոր նպատակակէտը դառնայ։ Հոգեւոր բաները առաջնակարգ տեղը պէտք է գրաւեն։ (Մատթ. 6։33. Ա. Տիմ. 5։8) Այս «չար ժամանակներ»ուն պատշաճ հաւասարակշռութիւն գտնելը մարտահրաւէր մըն է։ (Բ. Տիմ. 3։1) Ի՞նչ բան պիտի օգնէ որ ասիկա ընենք։
2 Աստուածաշունչի Հայեցակէտը Որդեգրեցէք. Աստուծոյ Խօսքը մեզ կ’ազդարարէ թէ հարստութեան ետեւէ ըլլալը կրնայ հոգեւորապէս քանդել։ (Ժող. 5։10. Մատթ. 13։22. Ա. Տիմ. 6։9, 10) Այս ճգնաժամային պահուն, մեզմէ ոեւէ մէկուն համար աղիտալի պիտի ըլլայ աշխարհիկ գործով կամ դրամական հարցերով ա՛յնքան զբաղիլ, որ հոգեւոր գործունէութիւնները՝ ժողովները, ուսումնասիրութիւնն ու ծառայութիւնը՝ մեր կեանքին մէջ երկրորդական տեղ մը առնեն։ (Ղուկ. 21։34-36) Ասոր հակառակը, Աստուածաշունչը կը խրատէ. «Կերակուր ու հանդերձ ունենալով՝ անոնցմով բաւականանանք»։—Ա. Տիմ. 6։7, 8
3 Ասիկա չի նշանակեր թէ Քրիստոնեաներէ կը պահանջուի ինքնապարտադրուած աղքատութեան մէջ ապրիլ։ Այլ, անիկա կ’օգնէ բնորոշելու թէ մեր նիւթական կարիքները իսկապէս ի՛նչ են. բաւարար ուտելիք, հագուելիք եւ պատսպարան, մեր ապրած շրջանին համաձայն։ Եթէ կեանքի անհրաժեշտութիւնները ունինք, պէտք չէ անվերջօրէն աւելի բարձր կենսամակարդակ մը հետապնդենք։ Երբ կը մտածենք բան մը գնել կամ յաւելեալ գործ մը աշխատիլ, լաւ կ’ըլլայ եթէ մենք մեզի հարց տանք. ‘Ասիկա ի՞րապէս անհրաժեշտ է’։ Ասիկա ընելը մեզի կ’օգնէ ներշնչեալ խրատին անսալու. «Բարքերնիդ արծաթասէր չըլլա՛յ, բաւական սեպեցէք որչափ բան որ ձեռքերնիդ կայ»։—Եբր. 13։5
4 Եթէ Եհովայի վստահինք, ան մեզ պիտի օրհնէ։ (Առ. 3։5, 6) Թէեւ ամէն օրուան անհրաժեշտութիւնները ձեռք ձգելու համար ծանր պէտք է աշխատինք, բայց այդ բաներուն անտեղի ուշադրութիւն չենք ընծայեր։ Քիչ ունենանք թէ շատ, Եհովայի կը վստահինք որ մեր կարիքները գոհացնէ։ (Փիլ. 4։11-13) Որպէս արդիւնք, աստուածային գոհունակութիւն կը վայելենք, կարգ մը այլ օրհնութիւններու կողքին։
5 Ուրիշներուն Հաւատքը Ընդօրինակեցէք. Առանձին ծնող մը, որ իր դուստրը ճշմարտութեան ճամբուն մէջ կը մեծցնէր, իր կեանքը աստիճանաբար պարզացուց։ Թէեւ ան հանգստաւէտ տուն մը ունէր, սակայն աւելի փոքր տուն մը փոխադրուեցաւ, իսկ հետագային՝ յարկաբաժին մը։ Ասիկա զինք կարող դարձուց որ իր գործի ժամերը նուազեցնէ, որպէսզի կարենայ ծառայութեան աւելի ժամանակ տրամադրել։ Իր դուստրը մեծնալէն ու ամուսնանալէն յետոյ, այս մայրը որոշեց կանուխ հանգստեան կոչուիլ, թէեւ ասիկա նշանակեց որ իր եկամուտը աւելի նուազի։ Մեր այս քոյրը այժմ կանոնաւոր ռահվիրայութեան եօթներորդ տարուան մէջ է, եւ ան չի զղջար իր ըրած նիւթական զոհողութիւններուն համար, որպէսզի Թագաւորութեան շահերը իր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնէ։
6 Երէց մը ու իր կինը բազմաթիւ տարիներ ռահվիրայութիւն ըրին, մինչ երեք զաւակներ կը մեծցնէին։ Որպէս ընտանիք, անոնք սորվեցան գոհունակ ըլլալ իրենց կարիքները գոհացնելով, եւ ոչ թէ՝ իրենց ուզածները։ Եղբայրը կ’ըսէ. «Պարզ կեանք մը պէտք էր ապրէինք։ Թէեւ դժուար ժամանակներէ անցանք, բայց Եհովա միշտ հայթայթեց մեր կարիքները։ . . . Երբ կը տեսնեմ որ ընտանիքս հոգեւոր շահերը առաջին տեղը կը դնէ, կը զգամ թէ ամէն բան շիտակ կ’ընթանայ, եւ բան մը իրագործած ըլլալու զգացումը կ’ունենամ»։ Կինը կ’աւելցնէ. «Երբ տեսնեմ թէ [ամուսինս] հոգեւոր բաներով զբաղած է, գոհունակութեան խոր զգացում մը կ’ունենամ»։ Զաւակներն ալ ուրախ են որ իրենց ծնողները որոշեցին Եհովայի լիաժամ ծառայել։
7 Բոլոր անոնց համար, որոնք նիւթական բաներ հետապնդելու փոխարէն աստուածպաշտութեան ընթացքի մը հետեւիլ կ’ընտրեն, Աստուածաշունչը ճոխ օրհնութիւններ կը խոստանայ թէ՛ ներկայ եւ թէ ապագայ կեանքին մէջ։—Ա. Տիմ. 4։8