Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 2/03 էջ 7
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
թծ 2/03 էջ 7

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Փետրուարին. Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է։ Մարտին. Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու մասնայատուկ ջանք պիտի թափուի։ Ապրիլին եւ Մայիսին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր։ Երբ հետաքրքրուած անհատներու կը վերայցելէք, ջանացէք տեղաւորել Միացած՝ Միակ Ճշմարիտ Աստուծոյ Պաշտամունքին Մէջ գիրքը։ Ամէն ջանք թափեցէք տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար, յատկապէս եթէ ոմանք արդէն ուսումնասիրած են Գիտութիւն գիրքը եւ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը։

◼ Մարտ 1–ին կամ անկէ անմիջապէս ետք, վերակացու տեսուչը, կամ իր կողմէ նշանակուած անհատ մը, ժողովքին հաշիւները պէտք է ստուգէ։ Ասիկա կատարելէ յետոյ, ժողովքին ծանուցում մը ըրէք, հաշիւի յաջորդ տեղեկագիրը ներկայացնելէ ետք։ Կարդացէք համաշխարհային գործին կամ կազմակերպութեան կողմէ հովանաւորուած որեւէ այլ հիմնադրամի ի նպաստ ժողովքին կատարած նուիրատուութեան համար ստացուած որեւէ շնորհակալագիր։

◼ Քարտուղարը եւ ծառայութեան տեսուչը վերաքաղ պէտք է ընեն բոլոր կանոնաւոր ռահվիրաներու գործունէութիւնը։ Եթէ ոեւէ մէկը ժամերու պահանջին գոհացում տալու դժուարութիւն կ’ունենայ, երէցները պէտք է կարգադրեն որ աջակցութիւն տրուի անոր։ Թելադրութիւններու համար, վերաքաղ ըրէք տարեկան նամակները (S-201)։ Նաեւ նկատի առէք Օգոստոս 1986–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկի յաւելուածականին 12-20–րդ պարբերութիւնները։

◼ 2003–ի Յիշատակատօնի շրջանին հանրային մասնաւոր դասախօսութեան բնաբանը պիտի ըլլայ՝ «Բաբելոնի Դատաստանին Ժամը Հասա՞ծ Է»։ Տես՝ ասոր հետ կապ ունեցող ծանուցումը, Սեպտեմբեր 2002–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին մէջ։

◼ Քանի որ թղթատարական միջոցով անձնական բաժանորդագրութիւններու կարգադրութիւնը վերջ գտաւ, կարեւոր է որ ժողովքները անմիջապէս մատչելի դարձնեն Դիտարան–ի ու Զարթի՛ր–ի վերջին թիւերը, երբ կը ստանան զանոնք։ Ասիկա թոյլ պիտի տայ որ հրատարակիչները ձեռք ձգեն իրենց անձնական օրինակները եւ անոնց բովանդակութեան ընտելանան, դաշտի ծառայութեան մէջ պարբերաթերթերը առաջարկելէ առաջ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել