Պաշտամունք Գիրքը Գործածեցէք Աստուածաշունչի Ուսումնասիրութիւններ Վարելու Համար
Միացած՝ Միակ Ճշմարիտ Աստուծոյ Պաշտամունքին Մէջ գիրքը ծրագրուած է նորեկներուն օգնելու համար որ ճշմարտութեան մէջ յառաջդիմեն եւ Եհովայի ու իր կազմակերպութեան հանդէպ իրենց գնահատութիւնը խորացնեն։ Անիկա կրնայ գործածուիլ Աստուածաշունչի աշակերտներուն հետ որպէս ուսումնասիրութեան երկրորդ գիրք։ Յունիս 2000–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկը, էջ 4–ի վրայ բացատրեց. «Եթէ բացայայտ ըլլայ որ անհատ մը կը յառաջդիմէ, թէեւ դանդաղօրէն, եւ իր սորվածին հանդէպ գնահատութիւն կը մշակէ, այն ատեն Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը շարունակեցէք երկրորդ գիրք մը գործածելով, Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը եւ Գիտութիւն գիրքը ամբողջացնելէ ետք։ . . . Ամէն պարագայի, նախ եւ առաջ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը եւ Գիտութիւն գիրքը պէտք է ուսումնասիրուին։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը, վերայցելութիւնները եւ ուսումնասիրութիւնը շարունակելու համար տրամադրուած ժամանակը պէտք է տեղեկագրուին, նոյնիսկ երբ երկրորդ գիրքը չամբողջացուցած՝ աշակերտը մկրտուի»։
Ուրիշ ո՞վ կրնայ օգտուիլ Պաշտամունք գրքով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութենէ մը։ Նոյն յօդուածը կը շարունակէ՝ ըսելով. «Եթէ գիտէք անհատներ որոնք անցեալին Գիտութիւն գիրքը ուսումնասիրած են, բայց նուիրումի եւ մկրտութեան քայլը առնելու աստիճան չեն յառաջդիմած, կրնաք նախաքայլը առնել տեսնելու համար թէ արդեօք կը փափաքի՞ն իրենց Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը վերսկսիլ»։ Թող որ մասնայատուկ ջանք թափենք Մարտ ու Ապրիլ ամիսներու ընթացքին այսպիսի անհատներու հետ Պաշտամունք գրքով ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար։