Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Մայիսին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր։ Երբ հետաքրքրուած անհատներու կը վերայցելէք, ի ներառեալ՝ Յիշատակատօնին կամ այլ աստուածպետական առիթներու ներկայ գտնուողներուն, որոնք ժողովքին հետ գործունեայ կերպով չեն ընկերակցիր, ջանացէք Միացած՝ Միակ Ճշմարիտ Աստուծոյ Պաշտամունքին Մէջ գիրքը ներկայացնել։ Ամէն ջանք պէտք է թափուի տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը սկսելու համար, մանաւանդ եթէ ոմանք արդէն իսկ Գիտութիւն գիրքը եւ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը ուսումնասիրած են։ Յունիսին. Գիտութիւն գիրքը կամ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը ներկայացուցէք։ Երբ տանտէրները արդէն ունին այս գրականութիւնները, ժողովքին ունեցած յարմար այլ գրքոյկ մը գործածեցէք։ Յուլիսին եւ Օգոստոսին. Հետեւեալ 32 էջնոց գրքոյկներէն որեւէ մէկը կրնայ գործածուիլ. «Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ», Աստուած Իրապէս Հոգ կը Տանի՞ Մեզի, Երբ Սիրելի մը Մեռնի. . . , Երկրի Վրայ Կեանքը Յաւիտեան Վայելեցէ՛ք, Ի՞նչ Է Կեանքին Նպատակը. Ինչպէ՞ս Կրնաք Գտնել Զայն, Ի՞նչ կը Պատահի Մեզի Երբ կը Մեռնինք եւ Պէ՞տք Է Հաւատաք Երրորդութեան։ Աշխարհի կարգ մը մասերուն մէջ, հետեւեալ գրքոյկները կրնան յարմար ըլլալ. Գիրք մը՝ Բոլոր Մարդոց Համար եւ Գոհացուցիչ Կեանք՝ Ի՛նչպէս Ձեռք Ձգել։ Տեղաւորումները պէտք է ըլլան վերայցելութիւններու եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններու ընթացքին։
◼ Յունիս 1–ին կամ անկէ անմիջապէս ետք, վերակացու տեսուչը, կամ իր կողմէ նշանակուած անհատ մը, ժողովքին հաշիւները պէտք է ստուգէ։ Ասիկա կատարելէ յետոյ, ժողովքին ծանուցում մը ըրէք, հաշիւի յաջորդ տեղեկագիրը ներկայացնելէ ետք։