Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 8/03 էջ 7
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
թծ 8/03 էջ 7

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Օգոստոսին. Հետեւեալ 32 էջնոց գրքոյկներէն որեւէ մէկը կրնայ գործածուիլ. «Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ», Աստուած Իրապէս Հոգ կը Տանի՞ Մեզի, Երբ Սիրելի մը Մեռնի. . . , Երկրի Վրայ Կեանքը Յաւիտեան Վայելեցէ՛ք, Ի՞նչ Է Կեանքին Նպատակը. Ինչպէ՞ս Կրնաք Գտնել Զայն, Ի՞նչ կը Պատահի Մեզի Երբ կը Մեռնինք եւ Պէ՞տք Է Հաւատաք Երրորդութեան։ Եթէ յարմար է, հետեւեալ գրքոյկները կրնան գործածուիլ. Գիրք մը՝ Բոլոր Մարդոց Համար եւ Գոհացուցիչ Կեանք՝ Ի՛նչպէս Ձեռք Ձգել։ Սեպտեմբերին. Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը։ Հոկտեմբերին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր։ Երբ հետաքրքրութիւն ցուցաբերուի, Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը ներկայացուցէք, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար մասնայատուկ ջանք թափելով։ Նոյեմբերին. Գիտութիւն գիրքը կամ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը ներկայացուցէք։ Եթէ տանտէրը արդէն ունի այս գրականութիւնները, կրնաք Պաշտամունք գիրքը կամ այլ հին գրականութիւն մը ներկայացնել։

◼ 29 Սեպտեմբեր 2003–էն սկսեալ, Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան մէջ պիտի ուսումնասիրենք՝ Ուշադրութիւն Ընծայեցէ՛ք Դանիէլի Մարգարէութեան գիրքը։

◼ Սեպտեմբեր 1–ին կամ անկէ անմիջապէս ետք, վերակացու տեսուչը, կամ իր կողմէ նշանակուած անհատ մը, ժողովքի հաշիւները պէտք է ստուգէ։ Ասիկա կատարելէ յետոյ, ժողովքին ծանուցում մը ըրէք, հաշիւի յաջորդ տեղեկագիրը ներկայացնելէ ետք։

◼ Մատչելի եղող բոլոր գրականութիւններուն եւ պարբերաթերթերուն տարեկան ցուցակագրութիւնը պէտք է ըլլայ 31 Օգոստոս 2003–ին, կամ՝ անկէ քիչ առաջ կամ ետք։ Այս ցուցակագրութիւնը նման է ամէն ամիս գրականութիւնները համակարգողին կողմէ կատարուած բուն հաշիւին, իսկ ընդհանուր գումարները պէտք է արձանագրուին Գրականութիւններու Ցուցակագրութեան պատճենին վրայ (S-18)։ Մատչելի պարբերաթերթերուն ընդհանուր գումարը կարելի է առնել պարբերաթերթերու ծառայէն (կամ ծառաներէն)։ Համակարգող ժողովքին քարտուղարը պէտք է վերահսկէ ցուցակագրութեան վրայ։ Համակարգող ժողովքին քարտուղարն ու վերակացու տեսուչը պիտի ստորագրեն պատճենը։ Իւրաքանչիւր համակարգող ժողովք Գրականութիւններու Ցուցակագրութեան պատճենէն (S-18) երեք օրինակ պիտի ստանայ։ Հաճեցէք բուն օրինակը մասնաճիւղի գրասենեակ ղրկել Սեպտեմբեր 6–էն առաջ։ Օրինակ մը պահեցէք ձեր թղթածրարներուն համար։ Երրորդ օրինակը որպէս սեւագրութիւն կարելի է գործածել։

◼ 29 եւ 30 Օգոստոս 2003–ին, Պրուքլինի Պէթէլի մէջ գտնուած բոլոր գրականութիւնները պիտի ցուցակագրուին։ Այս ցուցակագրութեան պատճառով, այդ օրերուն ժողովքներու գրականութեան ապսպրանքներու առաքումը պիտի առկախուի։

◼ Ժողովքները պէտք է սկսին խնդրել Եհովայի Վկաներու 2004–ի Օրացոյց–ը, Աստուածաշունչը Քննենք Ամէն Օր՝ 2004 եւ Եհովայի Վկաներու 2004–ի Տարեգիրք–ը, գրականութիւններու յաջորդ ապսպրանքին հետ։ Ամէն ամիս բոլոր ժողովքներուն ղրկուած «Ծանուցում՝ Բոլոր Ժողովքներուն» պիտի նշէ թէ այս գրականութիւնները ո՛ր լեզուներով մատչելի են։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել