Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 11/03 էջ 3
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
թծ 11/03 էջ 3

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Նոյեմբերին. Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ կամ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Եթէ անհատը արդէն ունի ասոնք, Միացած՝ Միակ Ճշմարիտ Աստուծոյ Պաշտամունքին Մէջ գիրքը կամ այլ հին գրականութիւն մը կրնաք ներկայացնել։ Դեկտեմբերին. Ցարդ Ապրած Մեծագոյն Մարդը։ Որպէս փոխընտրութիւն կրնաք գործածել՝ Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց, Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ կամ Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը Մէջ։ Յունուարին. 1988–էն առաջ հրատարակուած որեւէ գիրք որ ժողովքը ունի։ Եթէ չունիք, հաճեցէք մօտակայ ժողովքներէն հին գրականութիւններ խնդրել, որպէսզի զանոնք գործածէք։ Փետրուարին. Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է։

◼ Դեկտեմբեր 1–ին կամ անկէ անմիջապէս ետք, վերակացու տեսուչը, կամ իր կողմէ նշանակուած անհատ մը, ժողովքին հաշիւները պէտք է ստուգէ։ Ասիկա կատարելէ յետոյ, ժողովքին ծանուցում մը ըրէք, հաշիւի յաջորդ տեղեկագիրը ներկայացնելէ ետք։

◼ Ժողովքները իրենց յաջորդ ամսուան գրականութիւններու ապսպրանքին հետ պէտք է սկսին ապսպրել 2003–ի Դիտարան–ի եւ Զարթի՛ր–ի կազմուած հատորները։ Ամէն ամիս բոլոր ժողովքներուն յղուած «Ծանուցում՝ Բոլոր Ժողովքներուն» մէջ պիտի նշուի թէ այս գրականութիւնները ո՛ր լեզուներով մատչելի են։ Մինչեւ որ կազմուած հատորները մատչելի ըլլան եւ առաքուին, անոնք ժողովքի ծրարումի ցանկերուն մէջ պիտի նշուին որպէս «Առկախուած»։ Կազմուած հատորները մասնայատուկ ապսպրանքներ են։

◼ Կալուած ունեցող իւրաքանչիւր ժողովքի քարտուղարը պէտք է վերաքաղ ընէ «Տեղեկութիւններ՝ Թագաւորութեան Սրահներու Սեփականութեան Վերաբերեալ» (T-36) պատճենին 42-44–րդ պարբերութիւնները։ Նոյնիսկ անշարժ կալուած մը տուրքէ զերծ դարձնելէ ետք, կարգ մը նահանգներու մէջ կը պահանջուի ամէն տարի խնդրագիր ներկայացնել։ Զգուշութեամբ ստուգեցէք տուրքը որոշող տեղական գրասենեակէն, թէ որեւէ օրինական քայլ պահանջուա՞ծ է կամ ոչ։ Բոլոր տուրքերը սահմանուած ժամանակին պէտք է վճարուին։ Եթէ տուրքի մը նկատմամբ կասկածներ ունիք, հարցը շուտով հետապնդեցէք, որպէսզի կա՛մ զայն վերցնէք եւ կամ որոշուած պայմանաժամէն առաջ ձեր առարկութիւնը ներկայացնէք։

◼ Համաշխարհային գործին ու Թագաւորութեան Սրահներու Հիմնադրամին ի նպաստ, տեղական Թագաւորութեան Սրահներու նուիրատուութեան տուփերուն մէջ վճարագրով եղած նուիրատուութիւնները, «Եհովայի Վկաներ»ու անունով պէտք է ըլլան։ Նահանգային համաժողովներուն մէջ եւ մասնաճիւղի գրասենեակին յղուած՝ վճարագրով եղած նուիրատուութիւնները «Դիտարան»ի անունով պէտք է ըլլան։ Մասնաճիւղի գրասենեակին ելեւմտական հասցէն է՝ Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania, c/o Office of Secretary and Treasurer, 25 Columbia Heights, Brooklyn, NY 11201-2483։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել