Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 6/04 էջ 3
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
թծ 6/04 էջ 3

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Յունիսին. Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը։ Կեդրոնացէք տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու վրայ։ Յուլիսին եւ Օգոստոսին. Հետեւեալ 32 էջնոց գրքոյկներէն որեւէ մէկը կրնայ գործածուիլ. «Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ», Աստուած Իրապէս Հոգ կը Տանի՞ Մեզի, Երբ Սիրելի մը Մեռնի. . . , Երկրի Վրայ Կեանքը Յաւիտեան Վայելեցէ՛ք, Ի՞նչ Է Կեանքին Նպատակը. Ինչպէ՞ս Կրնաք Գտնել Զայն, Ի՞նչ կը Պատահի Մեզի Երբ կը Մեռնինք եւ Պէ՞տք Է Հաւատաք Երրորդութեան։ Սեպտեմբերին. Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը։

◼ Նիւ Եորքի մէջ, մասնաճիւղի համալիրները Պրուքլինի, Փէթըրսընի եւ Ուոլգիլի մէջ փակ պիտի ըլլան հետեւեալ Շաբաթ օրերը. 11 Սեպտեմբեր 2004 (Գաղաադու շրջանաւարտութիւն), 2 Հոկտեմբեր 2004 (Փէնսիլվանիոյ Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան տարեկան ժողով), 12 Մարտ 2005 (Գաղաադու շրջանաւարտութիւն), եւ 14 Մայիս 2005 (գարնանային մաքրութիւն)։ Այդ օրերը շրջապտոյտի համար կարգադրութիւններ պիտի չըլլան, նաեւ ժողովքները չեն կրնար գրականութիւններ առնել։

◼ Թագաւորութեան Սրահին ապահովութեան համար, սրահը ձգող վերջին անհատը պէտք է դուռը կղպէ եւ որոշուած գործընթացները կատարէ։ Եթէ այդ անհատը չի կրնար սրահը ապահովել, թող հեռաձայնէ որակեալ անհատի մը ու սպասէ մինչեւ անոր գալը։ Երէցները այժմէական անուանացանկ մը պէտք է ունենան այն պատասխանատու հրատարակիչներուն վերաբերեալ, որոնք Թագաւորութեան Սրահին բանալիները ունին։

◼ Եհովայի Հեղինակութիւնը Յարգենք տեսաերիզը պիտի քննարկուի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին Սեպտեմբեր թիւին մէջ։ Այս տեսաերիզը մատչելի է հետեւեալ լեզուներով. Ամերիկեան Համրերու Լեզու, Անգլերէն, Ճափոներէն, Չինարէն եւ Սպաներէն։ Բոլոր ժողովքներուն կը յիշեցնենք որ այս տեսաերիզը ապսպրեն իրենց կարիքին համաձայն, գրականութիւններու յաջորդ ապսպրանքին հետ։

◼ Մինչ ներկայ կը գտնուիք «Աստուծոյ Հետ Քալեցէք» Նահանգային Համաժողովին, մի՛ մոռնաք հակիրճ նոթեր առնելու, որոնք ձեզի պիտի օգնեն բերանացի վերաքաղին մասնակցելու, որ հետագային պիտի յայտագրուի Ծառայութեան Ժողովին մէջ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել