Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Յուլիսին եւ Օգոստոսին. Հետեւեալ 32 էջնոց գրքոյկներէն որեւէ մէկը կրնայ գործածուիլ. «Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ», Աստուած Իրապէս Հոգ կը Տանի՞ Մեզի, Երբ Սիրելի մը Մեռնի. . . , Երկրի Վրայ Կեանքը Յաւիտեան Վայելեցէ՛ք, Ի՞նչ Է Կեանքին Նպատակը. Ինչպէ՞ս Կրնաք Գտնել Զայն, Ի՞նչ կը Պատահի Մեզի Երբ կը Մեռնինք եւ Պէ՞տք Է Հաւատաք Երրորդութեան։ Սեպտեմբերին. Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը։ Հոկտեմբերին. Մասնայատուկ արշաւ՝ նոր գրքոյկ մը բաշխելու համար։ Դիտարան եւ Զարթի՛ր։ Երբ հետաքրքրութիւն ցուցաբերուի, ներկայացուցէք Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը, եւ ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը հաստատել։
◼ Սեպտեմբերէն սկսեալ, շրջանային տեսուչները պիտի ներկայացնեն հետեւեալ բնաբանով հանրային դասախօսութիւնը՝ «Ապագան Հաւատքով ու Քաջութեամբ Դիմագրաւենք»։
◼ Երբ չնշանակուած թաղամասի մէջ ծառայեն, հրատարակիչները կրնան Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը կամ Գիտութիւն գիրքը ներկայացնել։ Եթէ տանտէրը այս երկու գրականութիւնները արդէն ունի, ուրիշ որեւէ գրականութիւն կարելի է ներկայացնել։ Ամէն ոք թերթիկներ պէտք է ունենայ, անոնց համար որ տունը չեն գտնուիր կամ գրականութիւն չեն ընդունիր։ Ջանք պէտք է թափուի ցուցաբերուած հետաքրքրութիւնը հետապնդելու, մանաւանդ երբ չնշանակուած թաղամասը մօտակայ ժողովքներու համար դիւրամերձ է։
◼ Ժողովքի քարտուղարը հետեւեալ պատճեններէն բաւարար քանակ պէտք է ունենայ. Կանոնաւոր Ռահվիրայական Ծառայութեան Դիմումնագիր (S-205) եւ Օժանդակ Ռահվիրայական Ծառայութեան Դիմումնագիր (S-205b)։ Ասոնք կրնան ապսպրուիլ Գրականութիւններու Ապսպրանքի Պատճեն–ով (S-14)։ Առնուազն մէկ տարուան պահեստ ունեցէք։
◼ Կանոնաւոր ռահվիրայական ծառայութեան դիմումնագիրները մասնաճիւղի գրասենեակը ղրկելէ առաջ, ժողովքի քարտուղարը վստահ պէտք է ըլլայ որ անոնք ամբողջացուած են։ Եթէ դիմումնագիր ներկայացնողը իր մկրտութեան ճշգրիտ թուականը չի յիշեր, մօտաւոր թուական մը պէտք է որոշէ եւ այդ ուղղութեամբ արձանագրութիւն մը պահէ։ Քարտուղարը այս մօտաւոր թուականը պէտք է արձանագրէ Ժողովքին Հրատարակիչի Արձանագրութեան քարտ–ին վրայ։
◼ Երբ ճամբորդելու ձեր անձնական ծրագիրները կը պարփակեն ուրիշ երկրի մը մէջ ժողովքային հանդիպումներու, շրջանային կամ նահանգային համաժողովներու ներկայ գտնուիլ, թուականներու, ժամերու կամ հասցէներու նկատմամբ տեղեկութիւններ ստանալու ձեր խնդրանքները պէտք է ուղարկուին այդ երկրին մէջ գործին վրայ վերահսկող մասնաճիւղի գրասենեակը։ Մասնաճիւղերու գրասենեակներուն հասցէները կը գտնուին ընթացիկ Տարեգիրք–ին վերջին էջին վրայ։
◼ Մասնաճիւղի գրասենեակին համար անհրաժեշտ է ունենալ բոլոր վերակացու տեսուչներու եւ քարտուղարներու ընթացիկ հասցէներն ու հեռաձայնի թիւերը։ Եթէ որեւէ ատեն փոփոխութիւն մը ըլլայ, Ժողովքի Ծառայութեան Յանձնախումբը՝ Վերակացու Տեսուչի/Քարտուղարի Հասցէի Փոփոխութիւն (S-29) պատճեն պէտք է լեցնէ, ստորագրէ եւ փութով մասնաճիւղի գրասենեակ ղրկէ։ Ասիկա կը պարփակէ հեռաձայնի քոտ–ի որեւէ փոփոխութիւն։