Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Վերաքաղ
Հետեւեալ հարցումները բերանացի նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ, 30 Օգոստոս 2004–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դպրոցի տեսուչը 30 վայրկեան տեւող վերաքաղ մը պիտի վարէ, ծածկելով 5 Յուլիսէն մինչեւ 30 Օգոստոս 2004 շաբաթներուն նշանակումները։ [Նշմար. Երբ հարցումէն ետք աղբիւրներ չկան, պատասխանները գտնելու համար անձամբ պրպտում պէտք է ընէք։—Տես՝ Ծառայութեան Դպրոց, էջ 36-37։]
ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Ի՞նչպէս կրնանք մեր յոյսին պատճառը բացատրել «հեզութեամբ ու երկիւղածութեամբ»։ (Ա. Պետ. 3։15) [կօ էջ 192 պարբ. 2-4]
2. Ինչո՞ւ կարեւոր է համոզումով խօսիլ։ (Հռովմ. 8։38, 39. Ա. Թես. 1։5. Ա. Պետ. 5։12) [կօ էջ 194]
3. Համոզումը ի՞նչպէս կը ցուցաբերուի։ [կօ էջ 195 պարբ. 3–էջ 196 պարբ. 4]
4. Ի՞նչ է փափկանկատութիւնը, ինչո՞ւ կարեւոր է, եւ ի՞նչպէս այս յատկութիւնը կրնանք հաւասարակշռել հաստատամտութեան հետ։ (Հռովմ. 12։18) [կօ էջ 197]
5. Փափկանկատ անհատը խօսելէ առաջ ի՞նչ բան նկատի կ’առնէ։ (Առ. 25։11. Յովհ. 16։12) [կօ էջ 199]
ԹԻՒ 1 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
6. Մեր խօսակցութիւնները եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան սովորութիւնները ի՞նչպէս կրնան ցոյց տալ ճշմարտութեան մէջ մեր արձանագրած յառաջդիմութեան տարողութիւնը։ [կօ էջ 74 պարբ. 3–էջ 75 պարբ. 2]
7. «Ժամանակը ծախու առէք» արտայայտութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ, եւ ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։ (Եփ. 5։16) [w02 11/15 էջ 23]
8. Սուրբ Գրութիւնները ի՞նչպէս բացայայտ կը դարձնեն որ բոլոր մարդիկ Աստուծոյ առջեւ հաւասար են, եւ ասիկա մեր ծառայութեան ի՞նչպէս պէտք է ազդէ։ [w02 1/1 էջ 5, 7]
9. Ստեղծիչին անզուգական անունը՝ Եհովա, ի՞նչ նշանակութիւն ունի։ [դ02 2/1 էջ 5]
10. Ի՞նչ բան Աբէլի զոհը Կայէնի զոհէն «աւելի աղէկ» դարձուց, եւ ասկէ ի՞նչ դաս կրնանք քաղել մեր «օրհնութեան պատարագ»ին առնչութեամբ։ (Եբր. 11։4. 13։15) [w02 1/15 էջ 21 պարբ. 6-8]
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՇԱԲԱԹԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆ
11. Ղեւտացւոց 18։3–ը ի՞նչպէս կրնայ մեզի օգնել որ շիտակի ու սխալի մասին խեղաթիւրուած ըմբռնում ունենալէ խուսափինք։ (Եփ. 4։17-19) [դ02 2/1 էջ 29]
12. Շաբաթներու Տօնին (Պէնտէկոստէին) քահանայապետին կողմէ իբր «երերցնելու ընծայ» մատուցուած «երկու հաց»երը մարգարէաբար ի՞նչ կը պատկերացնէին։ (Ղեւտ. 23։15-17) [դ98 6/1 էջ 13 պարբ. 21]
13. Շնութեան պարագային, որուն մէկ օրինակը յիշուած է Թուոց 5–րդ գլուխին մէջ, ի՞նչ առումով յանցաւոր կնոջ ‘զիստը պիտի փտէր’։ (Թուոց 5։27) [դ84 12/1 էջ 10]
14. Մարիամ եւ Ահարոն ինչո՞ւ Մովսէսի դէմ խօսեցան, անոր առած Եթովպիացի կնոջ համար։ (Թուոց 12։1)
15. Ի՞նչ էր «Տէրոջը պատերազմներուն գիրքը»։ (Թուոց 21։14)