Ծանուցումներ
◼ Բժշկութիւնը կը Դիմագրաւէ Արիւն Չգործածելու Մարտահրաւէրը տեսաերիզը նկատի պիտի առնուի Դեկտեմբերին՝ Ծառայութեան Ժողովի մը մէջ։ Այժմ անիկա մատչելի է DVD–ի վրայ որպէս Ներարկումի Փոխընտրութիւններ՝ Փաստագրական Շարք–ին մէկ մասը։ Այս DVD–ին կը բովանդակէ հետեւեալ յայտագիրները. Ներարկումի Փոխընտրութիւններ՝ Պարզ, Ապահով, Ազդու. Ներարկումի Փոխընտրութեան Վերաբերեալ Առողջապահական Խնամք՝ Հիւանդին Կարիքներուն եւ Իրաւունքներուն Գոհացում Տալ. եւ Բժշկութիւնը կը Դիմագրաւէ Արիւն Չգործածելու Մարտահրաւէրը։ DVD–ին կը ներկայացնէ տեսաերիզները Անգլերէն լեզուով, ինչպէս նաեւ՝ Գերմաներէն, Իտալերէն, Ճափոներէն, Ռուսերէն, Սպաներէն, Փորթուկալերէն (Պրազիլի) եւ Ֆրանսերէն լեզուներով։ Արիւն Չգործածել տեսաերիզը մատչելի է Անգլերէն, Իտալերէն, Լեհերէն, Հոլանտերէն, Ճափոներէն, Յունարէն, Չինարէն (Քէնթըներէն), Պուլկարերէն, Ռուսերէն, Սպաներէն, Քորէայերէն եւ Ֆրանսերէն լեզուներով։ Եթէ հարկ ըլլայ, ժողովքին միջոցով կրնաք այս DVD–ին ու տեսաերիզը ապսպրել կարելի եղածին չափ շուտ։
◼ 2005–ի Յիշատակատօնի շրջանին հանրային մասնաւոր դասախօսութիւնը պիտի ներկայացուի Կիրակի՝ Ապրիլ 10–ին։ Դասախօսութեան բնաբանը հետագային պիտի ծանուցանուի։ Այդ շաբաթավերջին շրջանային տեսուչի այցելութիւնը կամ համաժողով ունեցող ժողովքները, մասնաւոր դասախօսութիւնը յաջորդ շաբաթ պիտի ունենան։ Որեւէ ժողովք մասնաւոր դասախօսութիւնը 10 Ապրիլ 2005–էն առաջ պէտք չէ ունենայ։
◼ Ժողովքի Կալուածին Փաստաթուղթերուն Տարեկան Վերաքաղի Սեւագիրը (T-33-E) Սեպտեմբերին պէտք է ամբողջացուի այն ժողովքի քարտուղարին կողմէ, որ Թագաւորութեան Սրահին սեփականատէրն է։ Կալուածը գործածող իւրաքանչիւր ժողովք փութով պէտք է ստանայ ամբողջացուած սեւագիրին մէկ օրինակը։ Եթէ սրբագրութիւններու հարկ կայ, երէցները պէտք եղածը պէտք է ընեն, ժողովքին շահերը պաշտպանելու համար։ Երբ շրջանային տեսուչը ժողովքը այցելէ, ժողովքի կալուածին փաստաթուղթերը եւ Ապահովութիւնը Քննելու Սեւագիրը (T-34-E) աչքէ պիտի անցընէ։
◼ Երէցներուն կը յիշեցնենք որ գործադրեն Դիտարան 1 Յուլիս 1991 թիւին մէջ տրուած ցուցմունքները, էջ 21-23, ոեւէ վտարուած կամ իր ընկերակցութիւնը խզած անհատի առնչութեամբ, որ կը մտածէ վերընդունուիլ։
◼ Ժողովքները երբ ստանան Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերը, զանոնք անմիջապէս մատչելի պէտք է դարձնեն։ Ասիկա հրատարակիչներուն թոյլ պիտի տայ որ անոնց բովանդակութեան ընտելանան, դաշտի ծառայութեան մէջ զանոնք ներկայացնելէ առաջ։
◼ Որովհետեւ Հոկտեմբեր ամիսը հինգ լման շաբաթավերջեր ունի, կրնայ օժանդակ ռահվիրայութեան համար հոյակապ ամիս մը ըլլալ։