Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Վերաքաղ
Հետեւեալ հարցումները բերանացի նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ, 27 Դեկտեմբեր 2004–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դպրոցի տեսուչը 30 վայրկեան տեւող վերաքաղ մը պիտի վարէ, ծածկելով 1 Նոյեմբերէն մինչեւ 27 Դեկտեմբեր 2004 շաբաթներուն նշանակումները։ [Նշմար. Երբ հարցումէն ետք աղբիւրներ չկան, պատասխանները գտնելու համար անձամբ պրպտում պէտք է ընես։—Տես՝ Ծառայութեան Դպրոց, էջ 36-37։]
ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Նիւթին հանդէպ ներկաներուն հետաքրքրութիւնը արթնցնելու լաւագոյն կերպերէն մէկը ի՞նչ է։ [կօ էջ 218 պարբ. 3]
2. Ազդու եզրակացութեան հինգ յատկանիշները թուէ։ [կօ էջ 220 պարբ. 4–էջ 221 պարբ. 4]
3. Ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ որ մեր խօսքերը ճշգրիտ են։ [կօ էջ 224 շրջանակ]
4. Ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ որ ժողովներուն մեր ներկայացումները բարձր նկատողութիւն կ’արտացոլացնեն իբր «ճշմարտութեան սիւնը ու հաստատութիւնը» ժողովքին ունեցած դերին հանդէպ։ (Ա. Տիմ. 3։15) [կօ էջ 224 պարբ. 1-4]
5. Եթէ ընթացիկ իրադարձութիւններ, մէջբերումներ եւ փորձառութիւններ պիտի գործածենք, ի՞նչպէս կրնանք Առակաց 14։15–ի խրատը կիրարկել։ [կօ էջ 225 պարբ. 1]
ԹԻՒ 1 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
6. Ջրհեղեղէն մինչեւ Ադամի ստեղծագործութիւնը երկարող ժամանակը ի՞նչպէս կարելի է հաշուել։ [si էջ 286 պարբ. 12]
7. Յիսուսի ծառայութեան սկսելուն թուականը ի՞նչպէս կարելի է գիտնալ, եւ ի՞նչ հիմ ունինք հաւատալու թէ անիկա միայն երեք ու կէս տարի տեւեց։ [si էջ 291 պարբ. 16]
8. (ա) «Երուսաղէմը նորէն շինելու հրամանը» ե՞րբ ելաւ։ (բ) Անկէ ետք քանի՞ տարի պիտի անցնէր մինչեւ որ Յիսուս իբր Մեսիա յայտնուէր։ (Դան. 9։24-27) [si էջ 291 պարբ. 18-19]
9. ‘Մեր եղբօր հետ հաշտութեան’ առաջնորդող անկեղծ ներողութիւն խնդրելը ի՞նչ կը պարփակէ։ (Մատթ. 5։23, 24) [դ02 11/1 էջ 6 պարբ. 1, 5]
10. Դ. Թագաւորաց 13։18, 19–ն ի՞նչ կը սորվեցնէ Աստուծոյ կողմէ նշանակուած պարտականութիւններ կատարելու մասին։ [w02 12/1 էջ 31 պարբ. 1-2]
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՇԱԲԱԹԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆ
11. Իսրայելացիները ինչո՞ւ կրնային ինքնիրմէ մեռած անասունը պանդուխտի մը տալ կամ օտարազգիի մը ծախել։ (Բ. Օր. 14։21)
12. Բ. Օրինաց 20։5-7–ի մէջ մեզի համար ի՞նչ դաս կայ։
13. ‘Աղօրիքը կամ անոր վերի քարը գրաւ առնելը’ ինչո՞ւ «կեանք» մը գրաւ առնելու նմանցուեցաւ։ (Բ. Օր. 24։6)
14. Որովհետեւ Իսրայելացիներուն արգիլուած էր որեւէ ճարպ ուտել, ի՞նչպէս «նոխազներու ճարպ»էն կերան։ (Բ. Օր. 32։13, 14)
15. Աքարի մեղաւոր ընթացքին արդի զուգահեռութիւնը ի՞նչ է։ (Յես. 7։1-26) [դ87 1/1 էջ 20 պարբ. 20]